Անայիս Անդրէասեան

Անայիս Անդրէասեան
Ծննդավայր Պոլիս
Ուսումնավայր Էսայեան Վարժարան
Աշխատավայր Մարմարա

Անայիս Անդրէասեան-Եալտըզճեան, ծնած է Պոլիս: Նախակրթութիւնը ստացած է Էսաեան վարժարանի մէջ։ 1950 թուականին շրջանաւարտ եղած է Առնավուտ գիւղի Ամերիկեան Գոլէճէն:

Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Հոլանտական օդանաւային ընկերութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին մէջ[1]:

Վերջերս գրական փորձերու սկսած է տասնեակ մը պատմուածքներով։ Կ'աշխատակցի «Մարմարա» օրաթերթին։ Ունի հաճելի ու կենսունակ ոճ մը։

Դուստն է Հանգուցեալ գրող Տիրան Անդրէասեանի, որ յատկապէս ծանօթ էր իբրեւ թարգմանիչը Լա Ֆօնթէնի առակներուն, ուրիշ աշխատասիրութիւններու առընթեր։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։