Jump to content

Այդա Աղախանեան

Այդա Աղախանեան
Ծննդավայր Թեհրան
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Այդա Աղախանեան, կրտսեր դուստրը Մելիք եւ Արփիկ Աղախանեաններու, ծնած է Թեհրան: Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Հայ Կոյսեր-Մարիամեան դպրոցին մէջ, ուր սորված է հայերէն, պարսկերէն ու ֆրանսերէն լեզուները եւ վկայուած՝ 1976-ին։ Սորված է նաեւ անգլերէն լեզուն, մասնաւոր դպրոցի մը մէջ։

1976-ին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Նիւ Եորք եւ կ'ուսանի Քուինզ Քոլէճին մէջ։ Երկու տարի ետք, կը տեղափոխուի Թալսա-օքլահոմա եւ 1983-ին «Նորման Օքլահոմա» համալսարանի հոգեբանական ճիւղէն կը վկայուի, գերազանց նիշերով։

Նոյն տարին կ'ամուսնանայ իր համալսարանաւարտ ընկերներէն՝ Հայկ Իսայեանի հետ։ Տարի մը ետք Այդա զոհ կ'երթայ քաղցկեղին, խոր սուգի մատնելով հարազատները։

Այդա Աղախանեան դաշնակի հետեւած էր 10 տարեկանէն սկսեալ։ Գրել սկսած էր 9 տարեկանին։ Ունի հայերէն, պարսկերէն իւ ֆրանսերէն արձակ եւ չափածոյ բանաստեղծութիւններ, որոնք հոգեվերլուծական բնոյթ կը կրեն։

Կը սիրէր դասաւանդել փոքրիկներուն եւ օգնել որբերուն։ Դասախօսն էր Օքլահոմա Սիթի-ի Հայ Մշակութային Միութեան |շաբաթօրեայ դասարաններու ուսանողութեան։

Արուեստագէտի ինքնատիպ հոգիով օժտուած՝ վաղամեռիկ տարաբախտ քերթողուհին մեզի կը թողու բանաստեղծութիւններու գողտրիկ փնջիկ մը։ Զգայուն եւ թախծոտ հոգիի մը հարազատ ապրումներն են անոնք, որոնք կը տպաւորեն մեզ իրենց ինքնատպութեամբ, քնքշութեամբ եւ խորունկ իմաստով[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։