Ամէնէն Երջանիկ Երկիրը

Ամէնէն երջանիկ երկիրը, կը համարուի Ֆինլանտան[1]:

Պութանը Հիմալայայի շրջանին մէջ պզտիկ երկիր մըն է: Անոր թագաւորը որոշած է, որ իր երկիրին արժէքը պիտի չհաշուըւէր ըստ ժողովուրդին շահած դրամին չափով, այլ անոր բնակիչներուն երջանկութեան չափով: Այս երեւոյթն է, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տուած է Երջանկութեան միջազգային օրուան գաղափարը: Սակայն Պութանի մէջ չէ, որ մարդիկ ամէնէն ուրախը կ'ապրին, այլ` Ֆինլանտայի:

2013-ին Դանիան կը գտնուէր ՄԱԿ-ի տարեկան երջանկութեան տեղեկագիրի ցանկին առաջին կարգին վրայ:

Սակայն դանիացիները ամէնէն շատ տուրք վճարող եւրոպացիներն են, անոնց երկիրը պարտքի տակ է, ձմեռները երկար են եւ անոնք քիչ արեւ կը տեսնեն:

Հակառակ անոր` դանիացիները իրենք զիրենք ապահով կը զգան իրենց երկիրին մէջ, ուր շատ քիչ անհաւասարութիւններ կան եւ անգործներուն թիւը քիչ է: Ասոնք են ամէնէն կարեւոր կէտերը[2]:

Սկանտինաւեան երկիրները երջանկութեան «ձիրքը» ունին, որովհետեւ այդ ցանկին մէջ ներառուած են՝ Զուիցերիան, Նիտըրլընտները, Լիւքսամպուրկը, Շուէտը, Նորվեկիան եւ Իսրայէլը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]