Երջանկութեան Միջազգային Օր
Երջանկութեան Միջազգային Օր | |
---|---|
![]() | |
Տեսակ | միջազգային օր |
Ամսաթիւ | 20 Մարտ |
Հաստատուած | 2013[1] |
Անուանուած է | երջանկութիւն |
Կայք |
un.org/en/observa…(անգլերէն) dayofhappiness.net[2] |
Երջանկութեան միջազգային օր (անգլերէն՝ International Day of Happiness), 20 Մարտ 2012 թուականին, ՄԱԿ-ը յայտարարած է Երջանկութեան միջազգային օր (International Day of Happiness)՝ նպատակ ունենալով պաշտպանել այն գաղափարը, որ երջանկութեան ձգտումը համամարդկային զգացում է եւ այն մարդկութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է[3]: Այդ կապակցութեամբ երկրներու կոչ ուղղած ու ջանքեր գործադրած է, իւրաքանչիւր մարդու բարեկեցութեան ու բարելաւման ուղղղութեամբ:
Երջանկութեան Միջազգային օրը հիմնադրուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան խորհրդական Ճէյմի Իլլիընի առաջարկով՝[4] Յունիս 28-ին, 2012 թուականին։ Այդ կը հաստատուի, երբ ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններու ներկայացուցիչները միաձայն կ՛ընդունին որոշումը 66/281 բանաձեւով։ Երջանկութեան Միջազգային օրուան բազմամեայ արշաւը հաստատուած է 2011 թուականին «Illien Global Public Benefit Corporation»ի կողմէ։
ՄԱԿ-ը՝ անդամ երկրներուն, միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն, կ՛առաջարկէ տօնը նշել կրթական, քարոզչական եւ նման այլ ծրագիրներով[5], ինչպէս նաեւ այլ լուսաւորչական միջոցառումներ կազմակերպելով:
«Նոր տնտեսագիտական հիմնադրամ»ի վերլուծութեան տուեալներով` աշխարհի 151 երջանիկ երկրներու ցուցակին մէջ, Հայաստան 53-րդ տեղը կը գրաւէ։ «The Happy Planet Index (HPI)» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ իրականացուած հետազօտութեան արդիւնքներով Հայաստանի երջանկութեան ցուցանիշը կը կազէ 46.0:
HPI-ն, հանդիսանալով կայուն բարեկեցութեան չափման աշխարհի առաջատար ծրագիր, ցոյց կու տայ, թէ՝ աշխարհի երկրները որքանո՛վ կրնան երկար, երջանիկ եւ կայուն կեանք ապահովել իրենց բնակիչներուն համար: Երկրներու դասակարգման ցուցանիշը կը կազմէ` հիմնուելով երեք չափանիշերու վրայ.
- բնակիչներու կեանքի սպասուելիք միջին տեւողութիւն
- բարեկեցութիւն
- էքոլոկիական «հետք»[6]: