Ամանորը Աւստրիոյ Մէջ
Ամանորը Աւստրիոյ մէջ տօն: Անիկա կը նշուի 31 Դեկտեմբեր-ի գիշերէն մինչեւ 1 Յունուար։ Տօնը Աւստրիոյ մէջ առաջին անգամ նշուած է 1961 թուականին Ինոքենտիա Գ. Պապի հրամանով։
Տօնի Նկարագրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր տարին Աւստրիոյ մէջ կը կոչուի Սուրբ Սիլւեստթրի օր[1]: Այդ սուրբի պատիւին աւստրիացիները կը պատրաստեն տարչինով, շաքարաւազով եւ կարմիր գինիով փունջ։ Կէս գիշերին կը հնչեցնեն շեփորներ եւ ամբողջ աշխարհին կը յայտնեն, որ սկսած է Նոր Տարին, իսկ տօնական հրավառութեան ձայներով կը վտարեն հին տարուան չար ոգիները։
Ամանորեան Ընթրիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւստրիացիներու ամանորեայ գլխաւոր ճաշատեսակը կաթնակեր խոզուկնէ, որ նոր տարուան յաջողութեան խորհրդանիշն է։ Որպէսզի յաջողութիւնը ուղեկցի ամբողջ տարին պէտք է այդ ճաշատեսակէն առնուազն մէկ կտոր ճաշակել։ Սեղանը կը զարդարեն մարցիպանէ, տուրմէ եւ խմորէ պատրաստուած խոզուկներով։ «Երջանիկ ճաշատեսակներէն» մէկն ալ կանաչ ոլոռն է։
Խաղեր Եւ Ժամանց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տօնական ժամանցի ձեւերէն մէկը հալած կապարով գուշակութիւնն է։ Կապարը կը հալեցնեն, կը լեցնեն սառը ջուրին մէջ եւ ըստ այն տեսքի, որ ինք կ'ընդունի, կը գուշակեն, թէ ինչ կը սպասուի տուեալ մարդուն նոր տարուան ընթացքին։ Վատ նախանշաններ են 13 թիւը եւ տարիքով կնոջ կերպարը։ Իսկ արեւը եւ սրածայր գլխարկը կը խորհրդանշեն ընտանիքի առողջութիւնն ու հարստութիւնը։
Իսկ ինչպէս պատկերացնել Աւստրիան առանց երաժշտութեան եւ Պարահանդէսներու: Տարիներ շարունակ 31 Դեկտեմբեր-ին եւ 1 Յունուար-ին Վիեննական օփերային մէջ կը բեմադրուի Եոհան Շտրաուսի «Չղջիկ» օփերան։
Նուէրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1 Յունուար-ի առաւօտեան երեխաները կը շրջին տուներով, կ'երգեն եւ ատոր փոխարէն կը ստանան նուէրներ՝ քաղցրաուենիքի տեսքով։ Մարդիկ իրար կը նուիրեն փոքրիկ տուրմէ կամ մարցիպանէ յուշանուէրներ՝ խոզուկներու եւ ոսկիէ դրամներու տեսքով։