Jump to content

Աղէկ Ենիգոմշեան

Բժիշկ Աղէկ Ենիգոմշեան
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն գործունեայ անդամներ են Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի ազգային, եկեղեցական ու մշակութային միութիւններու
Մասնագիտութիւն բժշկութեան գեղագիտական գործողութիւններու մէջ
Աշխատավայր Գեղագիտական Վիրաբոյժ, մասնագէտ
Ամուսին Ռիմա
Երեխաներ Փաթիլ եւ Միհրան: Փաթիլ վկայուած է MBA-ով, իսկ Հայկ տակաւին կ՛ուսանի բժշկութեան վերջին տարին USC-ի մէջ:

Բժիշկ Աղէկ Ենիգոմշեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Ենիգոմշեան ընտանիքը Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա հանրածանօթ է ոչ միայն իր բժշկական ասպարէզին մէջ, այլ նաեւ իր ազգային, հասարակական ու ժողովրդային ազգօգուտ ծառայութիւններով:

Բժիշկ Ա. Ենիգոմշեան մասնագիտացած է բժշկութեան գեղագիտական գործողութիւններու մէջ, իր դարմանատունը կը գտնուի Սան Հոզէ քաղաքին մէջ։ Ան նաեւ կը գործակցի շրջանին մէջ գտնուող հիւանդանոցներու հետ: Տոքթ. Աղէկ Ենիգոմշեան եւ իր կինը՝ Ռիմա գործունեայ անդամներ են Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի ազգային, եկեղեցական ու մշակութային միութիւններուն մէջ. անոնք բախտաւորուած են երկու զաւակներով Փաթիլ եւ Միհրան: Փաթիլ վկայուած է MBA-ով, իսկ Հայկ տակաւին կ՛ուսանի բժշկութեան վերջին տարին USC-ի մէջ:

Յաճախած է Պէյրութի Ս. Նշան ազգային վարժարանը մինչեւ 4րդ դասարան, ապա հայրը ուզած է լիբանանեան ասպարէզներու մէջ տեղացի արաբի մը նման արաբերէնի տիրապետէ, այդ պատճառաւ հայկական դպրոցէն հանած ու զինք ուղարկած է Պէյրութի «International College» մինչեւ 12րդ դասարան. Այդ պատճառաւ ալ մշակութային եւ մարզական կեանքէն հեռու մնացած է, «Արդէն շատ ալ մարզական վիճակ չունէի». Իսկ մնացած հայկական կրթութիւնը ստացած է ընտանիքէն ներս, հայերէն գիրքեր եւ օրաթերթեր կարդալով, մասնաւորաբար «Ազդակ» եւ «Այգ»:

Ունեցած է 2 հօրեղբայրներ եւ զարմիկ մը, որոնք ներշնչած են զինք, տոքթ. Յովսէփ, տոքթ. Լեւոն եւ տոքթ. Վահրամ Ենիգոմշեանները, այս անձերը եղած են անոր օրինակ եւ խորհրդատու. Այսօ՛ր Ենիգոմշեան գերդաստանը տուած է 12 բժիշկներ, ինք վեցերորդն է, եւ նոր սերունդին մէջ ապագայ բժիշկներ կը պատրաստուին:

Մասնագիտական Կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, վկայուած է իբրեւ բժիշկ 1972ին, անցած է Միացեալ Նահանգներ եւ հետեւած նախապատրաստական 4 տարուայ վիրաբուժութեան, Նիւ Եորք նահանգի, Սիրաքիւզ քաղաքի համալսարանին մէջ. Ներառեալ մէկ տարի «transplantation surgery», նաեւ ընելով գիտական հետազօտութիւն «Research»՝ այս ճիւղին մէջ հրատարակելով երեք յօդուածներ:

Գեղագիտական վիրահատութեան մասնագիտութեանս համար 2 տարի ուսած է Նիւ Եորք քաղաքի «Methodist Hospital»ի մէջ։ Մասնագիտութիւնե կը կայանայ գեղագիտական եւ վերակառուցման «Plastic and reconstructive surgery» վիրահատութեան մէջ:

Ուսանողութեան շրջանիս նկատած է զանազան մասնագիտութիւններ, եւ անդրադարձած է թէ իր անհատական մտածելակերպը կը համապատասխանէ այս մասնագիտութեան եւ իր ճիւղերուն: Գեղագիտական վիրահատութեան մասնագիտութիւնը ինքնին շատ ճիւղեր ունի, ինչպէս Գեղագիտական. «Cosmetic», ի ծնէ եւ ժառանգական թերի կազմածներ. «Congenital Deformities», այրուածքներ, դէմքի եւ գանկի վերակառուցում. «Cranio-facial surgery», Կարգ մը քաղցկեղի պատճառաւ այլափոխուած մարմնամասերու վերակառուցում, օրինակ ստինքի վերակազմութիւն (Breast reconstruction. Other reconstructions), ձեռքի գործողութիւններ (Hand surgery)

Այս մասնագիտութեան առաջին սկսողը եղած է ամերիկահայ տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան Պոսթընի շրջանէն. Ան եղած է ամերիկեան բանակի բժիշկ-վիրաբուժ. Համաշխարհային առաջին պատերազմին դարմանած է վիրաւոր զինուորներ: Պատերազմէն վերջ երբ Միացեալ Նահանգներ վերադարձած է «Plastic and reconstractive surgery» սկսած է: Ամէն տարի, մինչեւ այսօր, գեղեցկագիտական միութեան «American Society of Plastic Surgeons» համագումարին բացման ամէնակարեւոր եւ առաջին ու յարգելի ճառը կը կոչուի «Kazanjian keynote Lecture», ամէն գեղագիտական վիրաբոյժ գիտէ եւ չի մոռնար տոքթ. Վարազդատ Գազանճեանը որ «Father of Plastic Surgery» կը կոչուի: Հայութիւնը հռչակաւոր գեղագիտական վիրաբուժներ տուած է. տոքթ. Վահրամ Պագամճեան Պաֆըլոյէն, որ գլխու քաղցկեղի վերաշինութիւնը հնարած է, գործողութիւններ զօր կատարուած են երկար տասնամեակներ: Տոքթ. Տիգրան Կիւլէան Նիւ Եորքէն, հնարած է գործողութիւններու գործիքներ, որոնք մինչեւ այսօր կը գործածուին: Ներկայիս ունինք համաշխարհային հանրածանօթ բժիշկներ, տոքթ. Ճաք Շին Կեվգալաճեան (Dr. Jack Sheen «Gevkalajian), հիմա հանգստեան կոչուած, եղած է քիթի գործողութիւններու թիւ մէկ մասնագէտ եւ ուսուցիչ, բազմաթիւ գործողութիւններու համար հնարած է գործիքներ եւ գրած է գիրքեր քիթի գործողութիւններու մասին: Տոքթ. Մորիս Նահապետեան (Dr. Maurice Nahabedian), Ուաշինկթընի Ճորճթաուն համալսարանէն, շատ յարգուած վիրաբուժ մըն է իր նորոյթներով ու ուսուցչութեամբ, մասնաւորաբար ստինքի վերանորոգման: Տոքթ. Մարք Գոնսթանեան, եղած է աշակերտը տոքթ. Ճէք Շինի, ամէնէն դժուար եւ խրթին քիթի մասնագէտ եւ ուսուցիչ, ան ներկայիս աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր քիթի 5 մասնագէտներէն մէկն է: Տոքթ. Կրեկորի Տումանեան, ուսուցչապետ (professor), շատ յայտնի ու յարգուած անձնաւորութիւն Plastic Surgeryի մէջ. այս երիտասարդ հասակին, միշտ գործողութիւններու մասին նորութիւններ պարունակող յօդուածներ կը հրատարակէ:ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ- Հարցազրոյց Տոքթ. Աղէկ Ենիգոմշեանի Հետ
- Աղէկ Ենիգոմշեան


Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկեան համալսարանին մէջ եղած է, ՀԵՀՈՄի. անդամ (Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայ ուսանողական միութիւն), ուր իր առաջին դաստիարակը եղած է երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսը՝ այն ատեն՝ Գարեգին Եպիսկոպոս: Նաեւ եղած է Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան անդամ: Այդ միութեան դաստիարակն էր Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան, իսկ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ անդամակցած է «Armenian Professional Society»ի մինչեւ այսօր:

ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ- Հարցազրոյց Տոքթ. Աղէկ Ենիգոմշեանի Հետ[permanent dead link]

Dr. Agheg M. YenikomshianMD

Dr. Agheg Yenikomshian, MD Cosmetic, Plastic & Reconstructive Surgery