Աղբերկայ Կամ Աղբիւրիկի Կամ Վանդիր Վանքը
Աղբերկայ Կամ Աղբիւրիկի Կամ Վանդիր Վանքը, Տարուբերանի Խութ գաւառին մէջ։
Հիմնուած է ձորի մը մէջ, լերան մը կուշտին, երեք կողմէ շրջապատուած է Խաչառաջու բարձրաբերձ լերով, իսկ աջ կամ հարաւային կողմը կը պարզուի Բռնաշինու եւ Դաւթեայ փոքր դաշտը։
Շինուածքը «բերդանման» է, իսկ եւ տաճարը՝ «գեղակերտ»։
Աններդաշնակ եւ նախնական կառուցուածք ունի Աղբերկայ վանքը, ցած ու մութ, խոնաւ, խորհրդաւոր եւ առաջին մուտքին ահարկու։ Բայց հայկական ճարտարապաետութեան դասական ոճը կը ներկայացնէ գմբեթը, որ կը տիրապետէ վանքին բովանդակ շրջափակին վրայ: Մենաստանը չունի որեւէ արտաքին տեսք կամ նիւթական գրաւչութիւն։ Բուն մատուռը եւ տաճարներու շարքերը ունին ճիշդ միեւնոյն մակերեսը, ինչպէս վանականներու խուցերն ու ուխտաւորներուն վերապահուած 70-ի չափ սենեակները, որոնց մեծ մասը այժմ խարխլած եւ անբնակելի դարձած է։
Մատուռի գլխաւոր դուռը կը բացուի վանքի քառակուսի գաւիթին վրայ։ Մուտքի շէմք կազմող քարը կարծր որձաքարի կպտօրէն յղկուած քառակուսի մըն է։ Դուռը շինուած է ամուր փայտէ, հաւանաբար եբենոսէ, թէեւ ոչ մէկ կերպով նման է Մշոյ Ս. Օհաննու վանքի դրան գեղարուեստական գործուածքին ու հնութեան։
Փոքրիկ ու ցած է դուռը։ Գմբեթի ապակիէ նեղ պատուհաններէն դուրս թափանցող լոյսը հազիւ կը լուսաւորէ տաճարները կեդրոնական մթութեան մէջ։ Թեւերն ու մուտքի մասը թաղուած են մթութեան մէջ։ Երկու թեւերը կազմուած են երկու շարք կոշտօրէն կոփուած քարէ սիւներով, որոնք կը յառաջանան մինչեւ տաճարներու երկու շարքը։ Սիւներու շարքերը թերհատաձեւ կը կռթնին հարաւային եւ հիւսիսային պատերուն՝ կազմելով կամարակապ ուղիներ դէպի տաճարները։
Մուտքի դրան ճիշդ հակադիր արեւելեան պատին կը կանգնին երկու շարք, որոնք կը բաղկանան երեք տաճարներէ, նուիրուած՝ Ա) Ս. Փրկիչին, Բ) Ս. Հոգւոյն եւ Գ) Ս. Աստուածածնին, իսկ արտաքին շարքը բաղկացած երկու տաճարներ, նուիրուած են Ս. Կարապետին եւ Ս. Ստեփանոսին։ Միաձեւութիւն կամ համաչափութիւն գոյութիւն չունի։ Մատուռը սալայատակուած է ամէն ձեւ ու չափ ներկայացնող սալերով։
Աղբիւրիկի վանքն ու եկեղեցիները դարերու ընթացքին տեսած են նորոգութիւն եւ բարձր պարիսպներով շրջապատուած։
Աղբիւրիկի պատմութիւնը մթապատ է։ Անունը իբրեւ թէ առած ըլլայ իր մօտը գտնուած Ս. Թադէի աղբիւրէն կամ Ս. Յակոբ եղբօր Տեառնէ հոն պահուած օրհնուած Ս. Խաչէն եւ կամ անոր յորջորջումէն։
Աւանդութիւնը Աղբիւրիկի վանքի հիմնարկութիւնը կ՛ընծայէ Ս. Թադէոսի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի, մինչ Թ. դարուն հազիւ թէ շինուած ըլլայ։ Հոն գտնուած են բաւական թիւով խաչքարեր եւ խորանի մը տակ երեւան եկած՝ երկու արքեպիսկոպոսի տապաններ։
Աղբիւրիկի վանքն ալ Հայաստանի հրաշագործ եւ մասունքներով հարուստ մենաստաններէն է։ Հոն է որ Թադէոս Առաքեալը Բռնիկ Իշխանին զաւակը կը բուժէ եւ վանքին մէջ ամփոփուած Սուրբ Նշանի մասունքով մը թոնիր ինկած ածխացած տղայ մը կը վերակենդանանայ։ Սոյն Նշանը կ'անուանուի «Գործելյարոյց» կամ Աղբայրիկ եւ կամ Պողէ խաչ։ Վերջին հրաշքը մանրամասնօրէն պատմուած է վանքին կոնդակին մէջ՝ «Պատմութիւն աստուածընկալ սուրբ Նշանին» եւ Յովսէփեան Գար. Կաթ. Յիշատակարանք Ձեռագրացին մէջ։
Վանքի մասունքներն են՝ Ս. Նշան, Ս. Բեւեռ, Գեղարդ եւ այլն։
Այս կոնդակը վաւերական պատմութիւն չի բովանդակեր եւ գրուած է յետնագոյն շրջաններուն՝ պարզապէս վանքին ճոխութիւնը եւ ստացուածքները աճեցնելու նպատակով։
Աղբիւրիկի վանքը Սասունցիներու ապաստանարանը եղած է եւ անկէ գրոհ տուած ու աւերած են Ալատտին պէյի գիւղերն ու հողերը։ Եւ ան վրէժախնդիր 1741-ին վանքը քակել կը հրամայէ եւ անոր մէջ գտնուած գիրքերն ու թանկարժէք իրեղէնները կը կողոպտէ, սակայն հետագային հաշտուելով՝ թոյլատու կ՛ըլլայ վանքին վերաշինութեան։
Բռնիկ իշխանը եւ ուրիշներ Աղբերկայ վանքին տուած են առատ նուէր ու սպաս։ Ունեցած է վարժարան։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Դկտ. Հ. Համազասպ Ոսկեան, Տարօն - Տուրուբերանի Վանքերը, Վիեննա, Մխիթարեան Տպարան, 1953, էջ 10-22։