Jump to content

Աղաւնի (անձնանուն)

Աղաւնի
Տեսակ Իգական անուն եւ անձնանուն
Սեռ Իգական
Ծագում
Ծագման լեզու Հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Անուան այլ ձեւեր
Կապուած յօդուածներ «Աղաւնի» սկսող էջեր

Աղաւնի, հայկական իգական անուն։ Վերցուած է թռչունի համանուն անունէն, որ Սուրբ Հոգիի խորհրդանշանն է։ Իտալացիները եւս ունին Colomba անունը, որ կը նշանակէ «աղաւնի»։ Առաջին անգամ յիշատակուած է 17-րդ դարու վերջաւորութեան։ Արեւմտահայերէնի մէջ տարածուած անուն է, ուր կը գործածուի նաեւ անուան կարճ տարբերակը՝ Աղաւ։ Կը կիրառուի նաեւ պարսկահայերու մէջ, ուր ստացած է փաղաքշական Աղունիկ ձեւը[1]:

Գործածութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Աղաւնի դուստր, նահատակ Կոմիտաս քահանայի[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց Անձնանունների Բառարան, հ. Ա., Երեւան, էջ 100։
  2. ՀԱ 1929, էջ 440, էջ 1691 թ