Jump to content

Աղասի Յովհաննիսեան

Աղասի Յովհաննիսեան
Ծնած է 1915
Ծննդավայր Թեհրան, Իրան
Մահացած է 2002
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Աղասի Յովհաննէսեան (1915, Թեհրան, Իրան - 2002), իրանահայ գրող եւ թարգմանիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ծնած է Թեհրան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի Հայկազեան դպրոցին մէջ։ Աշխատակցած է «Հայրենիք», «Արմենուհի», «Արփի», «Սփիւռք», «Հուր» պարբերաթերթերուն. նաեւ պարտսկական մամուլին՝ պարսկերէնի թարգմանելով հայ գրողներէ գործեր, ինչպէս՝ Վազգէն Շուշանեանի «մահուան Առագաստը», Համաստեղէն պատմուածքներ եւայլն։

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1962 թուականին լոյս ընծայած է իր պատմուածքներու առաջին հատորը Գիւղի Ճամբան։

Գրած է ուղեւորութեան տպաւորութիւններ յատկապէս «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ, որոնք լոյս տեսած են երեք գրքոյկներով.

Նշան Պէշիկթաշլեանի հետ (1974), Ուղտագնացութիւն (1974), եւ Օտարականի մը Արկածները (1974):

Հրատարակած է «Յուշապատկերներ, հայ Անուանի Գրողների Կեանքից» եւ «Կեանքի Եւ Մահուան Միջեւ» (Պէյրութ, 1977) գործերը։

եղած է անդամ՝ Իրանահայ Գրողներու Միութեան։

Աղասի Յովհաննէսեան Իրանահայ սակաւաթիւ արձակագիրներ մէկն է, ունի կենսունակ ոճ եւ հիւմըր[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն, էջ 746։