Աղաջան Աւետիքեան

Աղաճան Աւետիքեան, Պարսկաստանցի հայ վաճառական։

Աղաճան Աւետիքեան 1687-ին առեւտուրի համար Աստրախանի ճամբով Մոսկուա գացած է։ 1689-ին՝ ռուսական ապրանքով հայրենիք վերադարձած է։ Կրկին Ռուսիա գացած ժամանակ, բաց ճանապարհին՝ Մոսկուայի մօտ, ռուս գիւղացիներ զինք կողոպտած են։ Ուստի դեսպանական ատեանի միջոցով, հրովարտակով մը, պատժել տուած է աւազակներուն եւ վերագրաւած ապրանքին մեծ մասը։

Արխանկելսկէն Շուէտ անցած եւ 1695-ին, հոնկէ եգիպտական ապրանքով վերադարձացած է հայրենիք։