Jump to content

Ակռաներու պատուաստում

Մէկ գագաթով պատուաստում

Ակռաներու ոսկորի Պատուաստումը կամ ոսկոր ցանելը ատամնաբուժութեան մէջ անհրաժեշտ կը դառնայ, երբ ծնօտներու ոսկորներուն մէջ տարբեր պատճառներով ոսկորի մաշում կամ կորուստ տեղի ունենայ:

Ոսկորի պատուաստումը ընդհանրապէս կը կիրարկուի արուեստական ակռաներ կամ ատամնաշարեր տեղադրելու պարագային՝ ոսկորին հաստութիւնը աւելցնելու կամ ծնօտներու ոսկրային վնասուածքները դարմանելու համար[1]:

Ոսկրային պատուաստանիւթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոսկրային պատուաստանիւթը կրնայ ըլլալ բնական, կիսարուեստական կամ ամբողջովին արուեստական:

  • Բնական պատուաստը, որ կը կոչուի «allograft», պատուաստումի ժամանակ կ'առնուի անհատի ծնօտին կամ մարմինի այլ մասերու ոսկորներէն ու կը տեղադրուի մաշած կամ վնասուած ոսկրային հատուածին մէջ:
  • Բնական ոսկրային պատուաստ կրնայ տրամադրել նաեւ անհատ մը ուրիշ անձի մը՝ դառնալով ոսկրային նուիրատու («donor»):
  • Կիսարուեստական ոսկրանիւթը, «xenograft», կ'առնուի կենդանիներու ոսկորներէն եւ ջերմային ու քիմիական մշակման ենթարկուելէ ետք` կը յարմարեցուի մարդու ոսկորին:
  • Ամբողջովին արուեստական ոսկրանիւթը, «alloplast», կը պատրաստուի քիմիական կրածին նիւթերով, ինչպէս՝ «hydroxiappatite», «calcium» եւ այլն:

Ոսկրային պատուաստանիւթը, ծնօտի ոսկրային վնասուած կամ մաշած հատուածին մէջ տեղարդուելէ ետք, կը խառնուի արեան հետ եւ կամաց-կամաց կը վերածուի միաձոյլ զանգուածի մը, որ ժամանակի ընթացքին (2-էն 3 ամիս) կը կարծրանայ ու կը միանայ ծնօտի ոսկորին:

Ոսկրային պատուաստանիւթի կարիք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոլոր անոնք, որոնց ծնօտներուն մէջ որեւէ պատճառով տեղի ունեցած է ոսկրային մաշում կամ վնաս, կարիքը ունին ոսկրային պատուաստումի:

Ոսկրային պատուաստումը թելադրելի է յատկապէս.

  • Ակռաներու հեռացումէն ետք, երբ անոնց շուրջի ոսկորը բաւական վնասուած է:
  • Ակռայ ցանելու պարագային («implant»), դարձեալ երբ ոսկորը վնասուած կամ մաշած է:
  • Արուեստական ատամնաշարեր տեղադրելէ առաջ, ծնօտները ամրացնելու եւ հաստութիւն ապահովելու համար:

Ոսկրանիւթի տեղադրման եղանակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Առաջին հերթին ատամնաբոյժը կը կատարէ բերանի ամբողջական քննութիւն մը` ստուգելով լինտերուն, ակռաներուն եւ ծնօտներուն առողջական վիճակը:
  • Կը կատարուին նաեւ տարբեր տեսակի ճառագայթային նկարահանումներ («X-rays, panoramic pictures, scanners»), որոնց հիման վրայ կ'որոշուի բուժման միջոցն ու ընթացքը:
  • Գործողութիւնը տեղի կ'ունենայ ատամնաբուժական դարմանատան մէջ:
  • Ատամնաբուժը թմրանիւթով կ'անզգայացնէ այն հատուածը, ուր պիտի տեղադրուի ոսկրանիւթը, ապա ճեղքելով լինտը կը բանայ ոսկորը ու լաւ մը մաքրելէ ու ախտահանելէ ետք` կը տեղադրէ զայն:
  • Երբ վնասուած հատուածը բաւական լայն ըլլայ, ոսկրանիւթը տեղադրելէ ետք, անոր վրայ կը դրուի ոսկրային թաղանթ մը («Bone Membrane»)` աւելի լաւ ապահովելու ու ամրացնելու համար տեղադրուած ոսկրանիւթը:
  • Աւարտին, ատամնաբոյժը կը փակէ ճեղքուած լինտը ու կարելով դարձեալ կ'ամրացնէ զայն:

Ոսկրային պատուաստումէն ետք խնամք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Առաջին օրը քանի մը ժամ գործողութեան ենթարկուած կողմի այտին վրայ սառ տեղադրել, կարելի եղածին չափ նուազեցնելու ուռեցքը եւ արիւնահոսութիւնը կանխելու համար:
  • Երբեք չողողել բերանը նուազագոյնը երեք օր: Նկատի ունենալով, որ ոսկրային պատուաստանիւթը շատ մանր աղի նման փոշիի կը նմանի, ողողման ժամանակ կրնայ դուրս գալ ու պարպուիլ:
  • Բնաւ չծխել, որպէսզի չբորբոքի ու չփճանայ ոսկրանիւթը:
  • Տաք ուտելիքներ եւ խմիչքներ չօգտագործել:
  • Չօգտագործել նաեւ ալքոլային ըմպելիքներ, որովհետեւ ալքոլը կրնայ բացասական հետեւանքներ յառաջացնել` պատճառ դառնալով բորբոքման, ցաւի, ինչպէս նաեւ` գերզգայնութեան երեւոյթներու:
  • Բժիշկին թելադրած դեղերը առնել ճիշդ ձեւով եւ ճիշդ ժամանակին, այլապէս բորբոքման պատճառով ոսկրանիւթը կրնայ չամրանալ ու ձախողիլ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]