Ազդարար (շաթաթերթ, Քուէյթ)

Ազդարար, շաբաթաթերթ, ազգային, հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ։ Քուէյթի հայ երիտասարդաց միութեան հրատարակութիւն։ Լոյս կը տեսնէ 1996 թուականին Քուէյթի մէջ։ Ազդարարի առաջին Խմբագիրն է՝ Կարօ Մսրլեան։

Ազդարար կը լուսաբանէ տեղի հայ համայնքի կեանքը, կը տպագրէ լուրեր Հայաստանէն եւ Սփիւռքի տարբեր համայնք­ներէն, անդրադառնալով նաեւ միջազգային կարեւոր իրադարձութիւններու։

Ազդարար այժմ կը հրատարակուի որպէս Տեղակատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին:

2008-էն ի վեր Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան ստանձնած է Քուէյթի «Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագրի պաշտօնը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ գրատպութիւն եւ գրքարուեստ հանրագիտարան (խմբ. Յովհաննէս Այվազեան), Երեւան, «Հայկական Հանրագիտարան Հրատարակչութիւն»։