Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան

Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան
Ծնած է 1978-ին
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական Քրիստոնեայ
Կարողութիւն բանաստեղծ
Մասնագիտութիւն Քիմիագիտական բաժանմունք
Աշխատավայր Կրթական մշակ, Ուսուցիչ, Վարժարանի փոխ-տնօրէն, խմբագիր,
Ամուսին Հուրի Փիլաւճեան
Ծնողներ Յովհաննէս եւ Ժորժէթ
Երեխաներ Կարին

Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան (ծնեալ Հալէպ, Սուրիա 1978-ին): Ուսուցիչ, փոխ-տնօրէն, խմբագիր, բանաստեղծ, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան արմատներով՝ Այնթապցի հօր Յովհաննէս Արսլանեանի, ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանէն, ապա 1995-ին աւարտած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, որմէ ետք յաջողութեամբ աւարտած է Հալէպի Պետական համալսարանի Քիմիագիտական բաժանմունքը:

2018-ին աւարտած է ՀՊՄՀ ի տարրական կրթութիւն եւ մեթոդիկայի բաժնի մագիստրա-տուրականը:

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - ՀՄԸՄ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1986-էն ի վեր Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան ՀՄԸՄ-ի անդամ է: Ան նշանակուած է «Գայլ» միաւորի պատասխանատու ապա սկաուստական խորհուրդ անդամ:

Հալէպի Զաւարեան թատերական միաւոր եւ Հալէպի Զուարթնոց երգչախումբ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1993-1999 տարեշրջանին Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան մաս կը կազմէ Հալէպի Զաւարեան թատերական միաւորին:

2003-2004 տարեշրջանին, ան մաս կը կազմէ Հալէպի Զուարթնոց երգչախումբին:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996 էն մինչ այսօր Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան անդամ է Համազգայինի - Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան:

Ուսուցչական ասպարէզ - Հալէպ, Սուրիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-2005-2006-2007 տարեշրջաններուն, Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան չորս տարիներ շարունակ պաշտօնավարած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն ներս՝ դասաւանդելով միջնակարգի ու աւագ բաժնի աշակերտներուն քիմիա եւ բնագիտութիւն:

Ազգային վարժարանի փոխ տնօրէն - Քուէյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2007-ին, Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան յատուկ հրաւէրով ստանալով կը մեկնի Քուէյթ եւ նոյն տարին կը ստանձնէ տեղւոյն Քուէյթի ազգային վարժարանի ու աւագ դպրոցի փոխ տնօրէնի պաշտօնը մինչեւ այսօր:

«Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2008-էն ի վեր Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան ստանձնած է Քուէյթի «Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագրի պաշտօնը:

Հրատարակութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-ին, արեւմատահայերէն տարբերակով կը հրատարակէ Թումանեանի հերքիաթներէն շարք մը, որ պատրաստուած էր յատուկ նկարելու եւ ներկելու ենթաբաբաժինով մը: Տպագրուած է՝ Հալէպ, Սուրիա:

2019-ին, Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան կը հրատարակէ «ԵԹԷ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը, Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատան միջոցով:

Մամուլի աշխատակից եւ Սուրիահայ Լրագրողներու անդամ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան իր բանաստեղծութիւններով ու յատուկ յօդուածներով պարբերաբար հանդէս եկած է սփիւռքի մամուլի մէջ։ Ան անդամ է Սուրիահայ Գրողներու համախմբումին:

Փոխան Գրախօսականի «ԵԹԷ» Քերթողագիրք Հեղինակ՝ Կարօ Արսլանեան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2019-ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Քուէյթաբնակ երիտասարդ գրող եւ կրթական մշակ՝ Կարօ Արսլանեանի[1] առաջին ստեղծագործութիւնը եղող «ԵԹԷ» քերթողագիրքը: 90 էջերու մէջ ներփակուած այս հատորիկը, խորքին մէջ բաժնուած է հինգ «ԵԹԷ»-ներու- «Եթէ սիրես», «Եթէ Պայքարիս», «Եթէ Աղօթես», «Եթէ Հաւատաս», «Եթէ յուսաս»:

Եւ իմ ակնոցով այս «Եթէ»ն ունի եզակի հայեացք մը, մաքուր տպաւորութեամբ: Հոն Բոլոր միտքերը նոյն նպատակը կարծես կը հետապնդեն: Այսպէս արեւու նման զարդարուած է սէրը որ պահած է իր պայծառութիւնը: Անձնական ապրումներու գումար մը, ընդհանրապէս ռոմանթիկ եւ նոյնքան ալ մտայղացման նորութիւններով եւ ձեւաչափերով: Տեսանելի են մտքի եւ գաղափարներու հոսքի թափանցիկութիւնը: Գովելի է եւ նոյնքան քաջալերելի: Եթէ տաղանդը կայ, միշտ կ’ըսեմ եւ կը կրկնեմ, կրնայ այդ մէկը հեղինակը դէպի նոր ճանապարհներ տանիլ:

Ու «ԵԹԷ»ն հասկնալի ոճով, մեղմ եւ քաղցր հարազատ պատկերներով, յաճախ հիւթեղ գեղարուեստական ոճով, տագնապահար հայու մտածումները, սէրերը գեղարուեստական շքեղանքով ներկայացնելը ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է:

Այս մասին ոչ մէկ խօսք:


Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քուէյթի Ազգային Վարժարան