Jump to content

Աբրահամ Չամուրեան

Չամուրեան Աբրահամեան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Վաճառական

Չամուրեան Աբրահամեան, բնիկ կեսարեցի, վաճառական կտաւեղէնի, Կիլիկիոյ հետ կ'աշխատէր։ 1916-ին թուրքերը Սբ. Նշան եկեղեցին կը փլցնեն ճամբայ բանալու պատրուակով։ Զինադադարին, Հաճի Փաշա, Միհրան եւ Լեւոն Քէհեաեան, Հազարապետեաններ, Աբրահամ Չամուրեան եւ այլ կարգ մը հարուստներ ձեռնարկեցին եկեղեցիին շինութեան, որուն ի մէջ այլոց Չամուրեան 60 եգիպտ. ոսկիով մասնակցեցաւ։ Իր ժամանակին համար շատ կարեւոր գումար մըն էր այս[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։