Jump to content

«Հոպի-հորսինկ»

«Հոպի-հորսինկ»ը նոր «մարզանք» մըն է, որ տարածուած է ֆինլանտացի 10,000 պարմանուհիներուն մէջ:

Այս մարզանքը կը կայանայ տախտակէ ձիու մը վրայ նստած` իսկական ձիու մրցումներու նման ցատկել արգելապատնէշներու վրայէն եւ ձիուն ձեւերը կատարել տալ[1]:

Այս մարզաձեւը կ'ընդգրկէ մարմնամարզի մեծ բաժիններ, ցատկելու կարողութիւն եւ պալէի շարժումներ: Մասնակիցները մեծամասնութեամբ 10-18 տարեկան կ'ըլլան[2][3]:

«Մարզիկները» կրնան անձամբ շինել իրենց «ձիերը» կարելով, հիւսելով, եւ տարբեր տեսակի նիւթեր գործածելով:

Ֆինլանտայի Վանթաա քաղաքին մէջ 29 Ապրիլին 2017-ին, տեղի ունեցած է «հոպի-հորսինկ»ի մրցում մը, որուն մասնակցած է 200 մարզիկ` աւելի քան 1000 հանդիսատեսի ներկայութեան:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]