Ցայտաղբիւր (պուլպուլակ)

Պուլպուլակ Արցախեան ազատամարտին զոհուած հայ ազատամարտիկներուն

Պուլպուլակ (արաբերէն՝ ماء سبيل), յուշարձան-աղբիւր։ Ան ուղղահայաց քարէ շինուած ջուր բխող ակ մըն է։ Շատ տարածուած է Երեւանի մէջ։ Արեւելահայերէն կը կոչուի «պուլպուլակ» կամ «ցայտաղբիւր»։

Երեւանեան բակերը, իրենց պուլպուլակով, կ՛առանձնան՝ Փարիզի, Մոսկուայի, Պեռլինի, Ուաշինկթընի բակերէն։ Բակէն ներս՝ ցայտաղբիւրի մը յայտնումը, կապուած է որեւէ նշանակալի իրադարձութեան մը հետ։ Սովորաբար այն կը կառուցեն, երբ մարդ մահանայ կամ ծնի՝ նորը։ Այն, կարելի է ըսել, թէ կը խորհրդանշէ՝ կեանքն ու մահը, նորն ու հինը, սկիզբն ու աւարտը։ Տարբեր աւանդազրոյցներ կան կապուած ցայտաղբիւրի հետ։ Ցայտաղբիւրէն ջուր խմելու ընթացքին՝ մենք ակամայ, կը խոնարհինք եւ յարգանքի նշան ցոյց կու տանք՝ այն մարդու նկատմամբ, որուն պատւոյն կառուցուած է։

Բառակազմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Պուլպուլակ» բառը կազմուած է «պուլ-պուլ»-էն, որ ջուրի ձայնի իմաստը կ՛արտայայտէ, եւ «ակ»-էն, որ «աղբիւր» կը նշանակէ։