Տպագրութիւն
Տպագրութիւն, տպագրութիւնը առաջին եղանակներէն մէկը Չինաստանի մէջ երեւցաւ 1000 թուականին: Եւրոպայի մէջ մէջտեղ եկաւ 1450 թուականին, երբ Կիւթենպերկ հնարեց շարժական տառերը: Նախապէս, գիրքերը ձեռքով կ'ընդօրինակէին:
Թուղթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թուղթը կը պատրաստուի սելիւլոզային (խորշանիւթ) բնաթելէ, որ կը ստացուի ծառերէն: Նախ՝ կը հանեն ծառին կեղեւը, ապա՝ անոր կոճղը կտրտելով պզտիկ մասերու կը վերածեն՝ գործածելով մեքենական կամ տարրալուածական միջոց (լուացում): Լուացող մեքենաներու մէջ փայտը կը տարբաղադրուի, մինչեւ որ խմոր մը մէջտեղ գայ, զոր կը ճերմկցնեն քիմիական նիւթերու միջոցաւ: Գունաւորումի եւ այլ բաղադրութիւններ կ'աւելցուին ըստ պահանջքին: Խմորը կը շաղուի եւ կը տարածուի մետաղեայ կտաւի մը վրայ, ուր ջուրին մեծ մասը կ'արտահոսի, ձգելով թուղթէ թերթ: Պէտք է դեռ չորցնել զայն տաք գլաններու ընդմէջէն անցընելով եւ վերջապէս փաթթել հսկայ ճախարակի:
Տպագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բառերն ու պատկերները նախ կը ստացուին լուսանկարչական գործընթացով, ապա, կը վերածուին մետաղեայ տպասալերու (plaque): Ամէն մէկ տպասալ կը հաստատուի գլանի մը վրայ, որ մելան կը ստանայ յարակից գլանէ մը: Մելանը կը փակի միայն տառերուն եւ պատկերներուն վրայ: Երբ տպագրական թուղթը կը ճնշուի տպասալին դէմ, գիրքերն ու նկարները կը տպուին անոր վրայ:
Գունաւոր Տպագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գունաւոր պատկեր մը կազմուած է տարբեր գոյն ունեցող կէտիկներէ՝ դեղին, կապոյտ, կարմիր, սեւ: Թուղթին վրայ յաջորդաբար կը տպուին այս գոյները, սեւ կ'ըլլայ վերջին տպուած գոյնը: Այսպիսով, կ'ունենանք գունաւոր պատկեր մը:
Գիրք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքերը կը տպուին մեծ չափով թուղթերու վրայ: Ամէն էջ կը ծալուի այնպիսի կերպով մը, որ գիրքին էջերու յաջորդականութիւնը պահուի: Ծալուած էջերը կը կարուին, որմէ ետք գիրքին կռնակը կը փակցուի կողքին վրայ: Այս ամբողջը կը կատարուի մեքենաներով:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ, 2001-2002, ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԻՆՈՒԱԾ Է, ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM: