Վասա Նաւ

Վասա (նաւ) «Ва́за» (նաեւ «Ва́са», շուէտ.՝ Vasa), շուէտական ռազմական նաւ, որ ջուր իջած է 1628-ի ամրան: Նաւը իր անունը ստացած է այդ ժամանակաշրջանի շուէտական թագաւորութեամ իշխող Վասա գերդաստանի պատիւին: Ըլլալով զուիցերիական նաւատորմի մեծագոյն ու թանկարժէք ռազմանաւերէն մէկը, «Վասան» պիտի դառնար անոր դրօշակակիրը, սակայն նախագծային սխալներու պատճառով նաւը շրջուեցաւ եւ խորտակուեցաւ, երբ առաջին անգամ՝ 10 (20) Օգոստոս 1628-ին դուրս եկաւ Սթոքհոլմի նաւահանգիստ: 1961-ին նաւը բարձրացաւ ջուրի յատակէն, ենթարկուեցաւ վերականգնման եւ ներկայիս կը ցուցադրուի իրեն համար յատուկ կառուցուած թանգարանին մէջ: «Վասան» XVII դարու աշխարհի միակ պահպանուած առագաստանաւն է: «Վասայի» երկարութիւնը 69 մ. է, լայնքը՝ 11.7 մ.: Նախատեսուած էր, որ նաւուն վրայ պիտի ըլլայ 64 հրանօթ[1]:

Շինարարութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Վասայի» պատմութիւնը սկսած է 16 (26) Յունուար 1625-էն, երբ Շուէտի թագաւոր Կուստաւ II Ատոլֆ զուեցիցերիական նաւատորմին մէջ նոր ռազմանաւ կառուցելու համար պայմանագիր ստորագրեց հոլանտացի նավաշինարար Հենրիխ Հիուպերթսոնի հետ: Ըստ թագաւորի մտայղացման, նոր նաւը պէտք է ըլլար Շուէտի թագաւորական նաւատորմի դրօշակակիրը: Այդ տարին, նաւի պատրաստման համար հատուած է մետ 16 հեքթար կաղինի անտառ՝ մօտ հազար ծառ: Թերեւս «Վասայի» շինարարութեան ընթացքին անոր տրուած է «թագաւորական նաւի» կոչում, ինչը կ'ընդգծէր անոր առանձնայատուկ կարգավիճակը: Նաւի կմախքը առատօրէն զարդարուած էր ոսկեզօծ փորագրուած ու ներկուած քանդակներով: «Վասայի» ստեղծման ներգրաւուած էին լաւագոյն աշխատողները՝ հուսներ, դարբիններ, նկարիչներ եւ այլն: Նոր նաւը հիացմունք եւ հպարտութիւն կ'առաջացնէր Սթոքհոլմի բնակիչներուն մօտ: 1627-ին նաւաշինարար Հենրիխ Հիուպերթսոնը մահացաւ: «Վասայի» աշխատանքներուն մէջ անոր իրաւայաջորդը դարձաւ նաւաշինարար՝ Հէյն Եակոպսոնը: Այդ թուականի աշնան նաւը իջեցաւ ջուր:

Աղէտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Վասայի» առաջին նաւարկութեան քարտէս, թիւերով նշուած են՝
1- Վերֆ, ուր 1626-1628 թուականներուն կառուցուած է նաւը,
2- Նաւի կայանատեղի՝ թագաւորական պալատին դիմաց, 1628-ի ամառ,
3- Նաւի խորտակման վայր՝ 10 Օգոստոս 1628

Օգոստոս 10 (20)-ին ամէն ինչ պատրաստ էր նաւարկութեան համար: Եղանակը պարզ էր, քամին՝ թոյլ, բայց մրրկալից: Տախտակամածի վրայ մօտ 100 մարդ կար՝ անձնակազմը, անոնց ընտանիքները՝ կիները եւ երեխաները (առաջին նաւարկութեան առիթով մեծ հանդիսութիւն կազմակերպուած էր, այդ պատճառով անձնակազմին թոյլատրուած էր իրենց հետ վերցնել բարեկամները): «Վասայի» առաջին նաւարկութեան ուղղութիւնը Սթոքհոլմի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Էլվսնապպէն ռազմապազան էր:

Նաւահանգստային քաղաքին մէջ հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն, որոնք կը հետեւէին նաւի հեռանալուն: Երբ նաւը դուրս եկաւ բաց ծովախորշ, քամիի ուժեղ պոռթկումը լեցուց առագաստները եւ «Վասան» սկսեց ծռիլ քամիի կողմը, այնուհետեւ ուղղուեցաւ եւ լողաց մօտ 1300 մեթր՝ հասնելով Սթոքհոլմի նաւահանգիստի մուտքին մօտ գտնուող Պեքհոլմըն կղզի: Այդ տեղ, կղզիէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, քամիի նոր ալիքը կրկին ծածկեց նաւը՝ այս անգամ աւելի ուժեղ: Ջուրը ներխուժեց հրազինային բաց անցքերէն, նաւը շրջեցաւ եւ սկսաւ սուզուիլ՝ բարձրացած առագաստներով եւ ծածանուող դրօշներով: Մինչ պիտի հասնէին օգնութեան նաւը հասցուց գրեթէ ամբողջովին անցնիլ ջուրին տակ: Փրկարարներուն միայն կը մնար փրկուածները հասցնել Սթոքհոլմի նաւահանգիստ: Հակառակ անոր, որ արկածը տեղի ունեցած էր ափին մօտ, ըստ տարբեր աղբիւրներու, մահացաւ՝ 50-ից 400 մարդ:

Աղէտի Պատճառներու Հետաքննութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միայն երկու շաբաթ ետք «Վասայի» խորտակման ողբերգական լուրը հասաւ Շուէտի արքայ Կուստաւ II Ատոլֆին, որ այդ ժամանակ կը գտնուէր Բրուսիոյ մէջ: Թագաւորը հեռագիր կ'ուղարկէ Սթոքհոլմ, ուր կ'ենթադրէ, որ նաւի արկածի պատճառ կրնար դառնալ յիմարութիւնն ու տգիտութիւնը եւ կը պահանջէր հետաքննութիւն կատարել ու պատժել մեղաւորները: Հետաքննութեան ընթացքին երեւան ելան շարք մը վարկածներ. նաւավարի հարբած վիճակը, հրանօթների ոչ յուսալի ամրեցումը եւ այլն: Այս վարկածներէն ոչ մէկը հաստատուեցաւ: Ի վերջոյ եզրակացուեցաւ, որ նաւի նախագծման մէջ եղած են սխալներ: Իսկապէս, «Վասա»ն ունէր չափազանց բարձր գտնուող ծանրութեան կեդրոն եւ շատ նեղ էր, հակառակ անոր, որ նաւաշինարարները թագաւորէն գաղտնի 2,5 մեթր աւելացուցած էին լայնութիւնը: Ատիկա յանգեցուցած էր նաւի անկայունութեան: Նաւաշինարարներու հարցաքննութիւնը նոյնպէս ոչ մէկ արդիւնք տուաւ: ՀԻմնական դժուարութիւնը այն էր, որ նաւի փաստացի շինարար Հենրիխ Հիուպերթսոնը մահացած էր աղետէն տարի մը առաջ: Նաւաշինարար Հէյն Եակոպսոնը եւ նաւաշինարանի վարձակալ Առենտ տէ Կոտը նշեցին, որ նաւը կառուցուած է այն չափերով, որ հաստատած է անձամբ թագաւոր Կուստաւ II Ատոլֆը: Եւ տախտակամածի վրայ եղած է այնքան քանակութեամբ հրանօթ, որքան նշուած է պայմանագիրով: Հետաքննութեան մէջ թագաւորը անձամբ ներգրաւել ոչ ոք համարձակեցաւ: Այդ պատճառով ոչ ոք մեղաւոր ճանչուեցաւ եւ ոչ մէկը դատապարտուեցաւ:

XVII Դարուն Ջուրի Յատակէն Բարձրացման Փորձեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Վասա»յի խորտակումէն տարիներ ետք, քանի մը անգամ, փորձեր կատարուած են նաւը բարձրացնել ջուրի յատակէն: Յատկանշական է, որ այդ փորձերուն հիմնական պատճառը ոչ թէ բուն նաւի արժէքն էր, այլ՝ 64 թանկարժէք պրոնզէ թնդանօթները, որոնք խորտակուած էին անոր հետ:

Նաւի բարձրացման ծրագիրները շատ բազմազան էին, բայց անոնց մեծամասնութիւնը՝ անիրագործելի: Առաջարկուած տարբերակներէն միայն մէկ քանին ունէին որեւէ յաջողութեան կարելիութիւն: Մասնաւորապէս, նաւը փորձած էին ջուրին յատակէն քաշել դէպի Պեքհոլմեն կղզի, որուն ափերէն արկածի վայրը մօտ հարիւր մեթր էր (աւելի ուշ, XX դարու կէսերուն, երբ «Վասա»ն բարձրացած է, անոր վրայ եղած է աւելի քան երկու տասնեակ խարիսխներ, որոնցմով փորձած են դուրս քաշել նաւը): Այդ փորձերը չեն յաջողած: Երբ նաւի բարձրացման փորձերը յաջողութիւն չարձանագրեցին, հրանօթներու բարձրացման նպատակով հաւաքուեցաւ ջրասուզորդներու խումբ՝ Ալպերթ ֆոն Թրէյլեպենի գլխաւորութեամբ: Անոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունէին միայն ջրասուզակային զանգ:

Ալպերթ ֆոն Թրէյլեպենի ջրասուզակային զանգի պատճէնը, որ օգտագործուած է «Վասա» նաւէն 1664-1665 թուականներուն հրանօթներ բարձրացնելու նպատակով

Որպէսզի ջուրի մակերես բարձրանար մէկ հրանօթ, ջրասուզորդը պէտք էր իջնէր ջուրի յատակը՝ մթութեան ու ցուրտ պայմաններու մէջ, միայնակ, օգտագործելով միայն՝ կարթ եւ մուրճ, կայմէն հեռացներ մօտ մէկ թօն կշռող զէնքը եւ բարձրացնէր ջուրի մակերես: Այնուամենայնիւ, ջրասուզորդները կրցան կատարել այս դժուարին աշխատանքը եւ 1664-1665 թուականներու ընթացքին կրցան բարձրացնել 53 հրանօթ, հատ մը եւս բարձրացած է 1683-ին:

Որոնողական Աշխատանքները XX Դարուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրանօթներու բարձրացումէն ետք, ջրասուզորդները կորսնցուցին իրենց հետաքրքրութիւնը «Վասա»յի հանդէպ: Նաւը մոռցուեցաւ, անգամ անհետացան անոր գտնուելու վայրի մասին տուեալները: Այդպէս շարունակուեցաւ մինչեւ XX դարու կէսերը, երբ «Վասա»յի պատմութեամբ՝ մասնաւոր կարգով, սկսաւ զբաղիլ 38-ամեայ ճարտարագէտ Անտըրս Ֆրանսէնը: Այդ ժամանակ ան Շուէտի XVII-XVIII դարերու ռազմածովային պատմութեան մեծագոյն մասնագէտներէն էր, որ կը զբաղէր խորտակուած նաւերով: Ֆրանսէնը վստահ էր, որ նաւը լաւ պահպանուած է: Ատոր կրնային նպաստել Պալթիկ ծովին բնորոշ պայմանները՝ պայմանաւորուած ջուրի աղի քիչ քանակով, որ այնտեղ չկան նաւի ճիճուներ, որոնք աւելի աղի ջուրերու մէջ կ'ուտեն ամբողջ փայտը: Երկար ժամանակ Ֆրանսէնը կ'ուսումնասիրէր հին քարտէսներն ու արխիւային տուեալները, այնուհետեւ՝ որոշելով նաւի մօտաւոր տեղը, սկսաւ որոնողական աշխատանքները: Ընդհանուր առմամբ ուսումնասիրութիւնները տեւած են աւելի քան 5 տարի: Հետագային Ֆրանսէնը կը յիշէր.

«Հիմնականին ես կը բարձրացնէի ժանգոտած երկաթէ վառարաններ, կանացի հեծանիւներ, տօնածառներ եւ մահացած կատուներ ...»

25 Օգոստոս 1956-ին որոնումները վերջապէս արդիւնք տուին: Մօտ 32 մեթր խորութեան վրայ Ֆրանսէն յայտնաբերեց նաւի փայտէ՝ լաւ պահպանուած տախտակամածը: Այսպիսով յայտնագործութիւնը հաստատուեցաւ: Այդ իրադարձութեան մասին 13 Սեպտեմբեր 1956-ին սթոքհոլմեան «Էքսբրէս» թերթին մէջ տեղադրուեցաւ հետեւեալ յօդուածը.

«Սթոքհոլմի կեդրոնը՝ Պեկհոլմեն կղզիի մօտակայքին, յայտնաբերուած է հին նաւ մը: Մասնաւոր անձը 5 տարի զբաղած է հետազօտութեամբ, որպէսզի գտնէ նաւը»:


Նաւի Հետազօտութեան Ու Բարձրացման Աշխատանանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նաւը ծովի յատակէն բարձրացած է 24 Ապրիլ 1961-ին, իսկ 16 Օգոստոս 1990-ին՝ Եուրգորդեն կղզիին վրայ, անոր շուրջը բացուեցաւ թանգարան, որ այժմ կը հանդիսանայ Սթոքհոլմի ամէնէն շատ այցելու ունեցող թանգարաններէն մէկը: Թանգարանի շէնքը կառուցուած է յատուկ նաւի համար եւ թոյլ կու տայ նայելու «Վասա»յին տարբեր կողմերէ եւ բարձրութենէ: «Վասա»յի թանգարանին մէջ կայ շարժապատկերի սրահ մը, ուր կը ցուցադրուին ֆիլմեր՝ Վասայի պատմութեան մասին: Մինչեւ 2007, թանգարանը ունեցած է աւելի քան 25 միլիոն այցելու:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Малов, Владимир. Тайны погибших кораблей — М.: «Оникс»ռուս.՝ , 2005
  • Муромов, Игорь Анатольевич. Сто великих кораблекрушений — М., 2006ռուս.՝
  • Скрягин, Лев Николаевич. Тайны морских катастроф — 2-е изд. — М.: Транспорт, 1986. — 366 с., ил. Стр. 148—150.ռուս.՝

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]