Jump to content

Ռիօ տը Ժաներօ

Ռիօ տը Ժաներօն Պրազիլի նախկին մայրաքաղաքն է[1]:

  • Ռիօ տը Ժաներոյի բնակիչները կ'անուանուին Քարիոքա:
  • Ռիօ Տը Ժաներօն ունի իր Քորքովատօն եւ Յիսուսի արձանը:
  • Քորքովատօն, որ փորթուգալերէն կը նշանակէ`«կուզը», այն գագաթն է, որուն վրայ շինուած է արձանը:
  • Այս գագաթին բարձրութիւնը կը հասնի 710 մեթրի եւ շրջապատուած է Թիխուքայի անտառով:
  • Գագաթը արձանին շինութենէն առաջ արդէն ծանօթ էր. հոն ոչ միայն պրազիլցիները կը սիրէին երթալ, այլ աշխարհի չորս կողմերէն կու գային զբօսաշրջիկներ, որովհետեւ հոնկէ կ'երեւէր Ռիօ տը Ժաներոյի ծովածոցին տեսարանը:
  • 1829-ին հոն շինուած է ճամբայ մը, իսկ 1884-ին հաստատուած է շոգեկառք մը` հասնելու համար մինչեւ գագաթ:
  • 1931-ին, շինուած է Յիսուս Փրկիչին արձանը: Աւելի քան հարիւր տարիներու ընթացքին զբօսաշրջիկները հոն կ'երթային պարզապէս տեսարանին համար: Սկզբունքով Յիսուսի արձանը շինուած է հաւատացեալներուն համար, սակայն ժամանակի ընթացքին բոլոր զբօսաշրջիկները սկսած են հոն ուղղուիլ: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ արձաններէն մէկն է:
  • Յիսուս Փրկիչին արձանը ունի երեսունութ մեթր բարձրութիւն, իսկ անոր երկու բաց թեւերուն միջեւ լայնքը կը հասնի քսանութ մեթրի: Այս արձանը յղացած է ֆրանսացի Փոլ Լանտովսքի, իսկ երկու ճարտարապետեր` պրազիլցի Հէյթոր տա Սիլվա Քոսթա եւ ֆրանսացի Ալպեր Քաքէ զայն իրագործած են:
  • Այժմ Քորքովատոն եւ Յիսուս Փրկիչին արձանը Ռիոյի ամէնէն շատ այցելուած վայրն է:
  • 2007-ին արձանը նշանակուած է արդի աշխարհի նոր եօթը հրաշալիքներէն մէկը[2]:
  • Պրազիլ Ռիօ Տը Ժաներօ նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անիկա Պրազիլի չորրորդ նահանգն է Փարանա, Սան Փաուլօ եւ Սէարա նահանգներէն ետք, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:
  • Ռիօ տը Ժաներոյի մէջ գտնուող «Մարաքանա» մարզադաշտը Պրազիլի իշխանութիւններուն կողմէ կրնայ վերանուանուիլ, անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի անունով: Այս մարզադաշտը բացուած է 1950-ին` հիւրընկալելու համար Մոնտիալի մրցումները, որոնց ընթացքին Պրազիլ կը պարտուի Ուրուկուէյէն:
Սանթա Թէրէզա կամուրջը, Ռիօ տը Ժաներոյի կեդրոնը։
Սանթա Թէրէզա կամուրջը, Ռիօ տը Ժաներոյի կեդրոնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]