Jump to content

Պերմիւտեան եռանկիւն

Պերմուտեան եռանկիւնի դիրքը քարտեսի վրայ։
2005

Պերմիւտեան եռանկիւն, Հիւսիսային Ամերիկա մայրաքաղաքէն 900 քմ. դէպի արեւելք՝ Ատլանտեան ովկիանոսին գտնուող Պերմիւտեան կղզիները (Պէրմիւտներ), Ֆլորիտա թերակղզին ու Բուերթօ Ռիքօ կղզին իրար միացնող երեւակայական գծերով կազմուած եռանկիւն է։

«Պերմիւտեան եռանկիւնը» հինէն ի վեր գրաւած է մարդոց ուշադրութիւնը այնտեղ տեղի ունեցող խորհրդաւոր աղէտներու պատճառով: Երբեմն նաւեր ու օդանաւեր կ՛անհետանան առանց որեւէ աղէտի ազդանշան ուղարկելու կամ հետք ձգելու։ Այդ շրջանին լքուած նաւեր յայտնաբերուած են, ուր եղած են կենդանի շուն, կատու կամ սոխակ, սակայն չէ յայտնաբերուած աղէտեալներու դեր։ Այդպիսի «Համբաւի» համար «Պերմիւտեան եռանկիւնը» կոչուած է «Դժոխքի օղակ», «վհուկներու ծով», «կորսուած նաւերու ծովախորշ» եւ այլն։ «Պերմիւտեան եռանկիւն»ին անյայտ մասին կը խօսէին թերեւս Քրիստափոր Քոլոմպոսի ժամանակներուն, երբ ան 1492 թուականին առաջին անգամ հասաւ Ատլանտեան ովկիանոսի այդ շրջանը։ Իր գոյութեան շուրջ 500 տարուան ընթացքին «Եռանկեան» առեղծուածը հիմնաւորուած է մարդոց գիտութեան մէջ, այնպէս որ դարձած է թեւաւոր խօսք՝ համարժէք խորհրդաւոր անհետացման։ Պերմիւտեան եռանկիւնի տեղի ունեցող երեւոյթները ժամանակին պատճառ դարձած են տարբեր վարկածներու:

Շատերու կարծիքով այդ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին «երկնային անցքեր», եւ աղէտեալներ, իբրեւ այնտեղ իյնալով կը յայտնուին այսպէս կոչուած «չորրորդ չափողականութեան» թակարդին, ուր ժամանակի ընթացքն այդպէս է։ Վարկած կայ նաեւ, որ «Պերմիւտեան եռանկեան» շրջանին այլ մոլորակայինները տեղադրած են ճառագայթող հզօր աղբիւրներ՝ իրենց տիեզերանաւերը կողմնորոշելու համար եւ անոնց զանազան գործողութիւններու հետեւանքով տեղի կ՛ունենան խորհրդաւոր անհետացումներ։ Միւսները կը պնդեն, որ ժամանակին խորասուզուած Ատլանտայի բնակիչները երբեմն ջուրին մակերեսը կ՛ելլեն ու կը յափշտակեն իրենց «թերզրգացած» եղբայրներուն։

Վարկած կայ նաեւ, որ «Եռանկեան» շրջանին ովկիանոսի յատակը կը պատռուի, ջուրը կը յորդի ցած՝ իր հետ տանելով նաւերը։ Սակայն, գիտնականները կը պնդեն, որ «Պերմիւտեան եռանկեան» շրջանին ովկիանոսի վարքը նոյնն է, ինչպէս միւս վայրերուն, եւ այնտեղ տեղ չեն ունենար արտարոց երեւոյթներ, որոնք պատճառ կը դառնային նման խորհրդաւոր անհետացումներու։ Անոնք պարզած են նաեւ, որ այդ շրջանին ջրաօդերեւութաբանական պայմանները բարդ են: Յաճախակի սկսող ցիկլոններն ու փոթորիկները յանկարծակի կ՝առաջացնեն շատ ուժեղ հոսանքներ, որոնք կարող են արագութեամբ քշել վտարուած ապրանքի մնացորդները՝ ստեղծելով անհետացման պատրանք։ Իսկ ինչ որ կը վերաբերուի աղէտներու յաճախութեանը, ապա այն հնարաւոր միջինէն կը տարբերուի լոկ այնքանով, որքանով լարուած է նաւագնացութիւնը ծանծաղուտներով հարուստ այդ շրջանին մէջ։ Գիտնականներ առաջարկած են տեսութիւններ, որոնք կը բացատրեն «Պէրմիւտեան եռանկիւնի» նաւերու եւ ինքնաթիռներու յանկարծակի անհետացումները։

Անոնցմէ մէկու մը համաձայն՝ ծովուն յատակը տեղի ունեցող մէթան հիտրաթի քայքայման հետեւանքով կ՛արտանետուի մեծ քանակով մեթան կազ, որ ջուրի մէջ կ՛առաջացնէ մէթանով յագեցած վիթխարի պղպջակներ։ Անոնց մէջ ջուրի խտութիւնը այնքան փոքր է, որ այդտեղ յայտնուած նաւերը վայրկենաբար կը սուզուին։ Գիտնականներու միւս մասը կ՛ենթադրէ, որ մէթան կազը, թափանցելով նաեւ օդի մէջ, կը փոքրացնէ անոր խտութիւնը, հետեւաբար՝ վերամբարձ ուժը, եւ ինքնաթիռները վար կ՛երթան։ Բացի այդ օդին խառնուած մէթանը, նուազեցնելով թթուածնի պարունակութիւնը օդէն, կարող է շարժիչներու խափանման պատճառ դառնալ։ Մէկ այլ տեսութեան համաձայն՝ նաւերու կործանման պատճառը կարող են դառնալ այսպէս կոչուած «թափառող ալիքները», որոնք կը հասնին մինչեւ 30 մ. բարձրութեան։ Կ՝ենթադրենք նաեւ, որ որոշակի պայմանները ովկիանոսը կարող է առաջանալ տագնապի զգացողութիւն առաջացնող ենթաձայն (ականջի համար անլսելի ցած յաճախութեան ձայն), որուն խուճապահար անձնակազմը կը լքէ նաւը նետուելով ջուրի մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։