Jump to content

Պերմիւտեան եռանկիւն

Պերմիւտեան եռանկիւնի դիրքը քարտէսի վրայ։
2005

Պերմիւտեան եռանկիւն, Հիւսիսային Ամերիկա, մայրաքաղաքէն 900 քմ. դէպի արեւելք՝ Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ գտնուող Պերմիւտեան կղզիները (Պերմիւտներ), Ֆլորիտա թերակղզին ու Բուերթօ Ռիքօ կղզին իրար միացնող երեւակայական գիծերով կազմուած եռանկիւն է։

«Պերմիւտեան եռանկիւնը» հինէն ի վեր գրաւած է մարդոց ուշադրութիւնը, հոն տեղի ունեցող խորհրդաւոր աղէտներու պատճառով: Երբեմն նաւեր ու օդանաւեր կ'անհետանան առանց որեւէ աղէտի ազդանշան ուղարկելու կամ հետք ձգելու։ Այդ շրջանին մէջ լքուած նաւեր յայտնաբերուած են, ուր եղած են կենդանի շուն, կատու կամ սոխակ, սակայն չէ յայտնաբերուած աղէտեալներու դիակներ։ Այդպիսի «Համբաւի» համար «Պերմիւտեան եռանկիւնը» կոչուած է «Դժոխքի օղակ», «վհուկներու ծով», «կորսուած նաւերու ծովախորշ» եւ այլն։ «Պերմիւտեան եռանկիւն»ին մասին կը խօսէին Քրիստափոր Քոլոմպոսի ժամանակներէն, երբ ան 1492 թուականին առաջին անգամ հասաւ Ատլանտեան ովկիանոսի այդ շրջանը։ Իր գոյութեան շուրջ 500 տարուան ընթացքին «Եռանկեան» առեղծուածը հիմնաւորուած է մարդոց գիտութեան մէջ, այնպէս որ դարձած է թեւաւոր խօսք՝ համարժէք խորհրդաւոր անհետացման։ Պերմիւտեան եռանկիւնի տեղի ունեցող երեւոյթները ժամանակին պատճառ դարձած են տարբեր վարկածներու:

Շատերու կարծիքով այդ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին «երկնային անցքեր», եւ աղէտեալներ, իբրեւ թէ այնտեղ իյնալով կը յայտնուին այսպէս կոչուած «չորրորդ չափողականութեան» թակարդին, ուր ժամանակի ընթացքն այդպէս է։ Վարկած կայ նաեւ, որ «Պերմիւտեան եռանկեան» շրջանին այլ մոլորակայինները տեղադրած են ճառագայթող հզօր աղբիւրներ՝ իրենց տիեզերանաւերը կողմնորոշելու համար եւ անոնց զանազան գործողութիւններու հետեւանքով տեղի կ'ունենան խորհրդաւոր անհետացումներ։ Միւսները կը պնդեն, որ ժամանակին խորասուզուած Ատլանտայի բնակիչները երբեմն ջուրին մակերեսը կ'ելլեն ու կը յափշտակեն իրենց «թերզարգացած» եղբայրները։

Վարկած կայ նաեւ, որ «Եռանկեան» շրջանին ովկիանոսի յատակը կը պատռուի, ջուրը կը յորդի՝ իր հետ տանելով նաւերը։ Սակայն, գիտնականները կը պնդեն, որ «Պերմիւտեան եռանկեան» շրջանին ովկիանոսի վարքը նոյնն է, ինչպէս միւս վայրերուն եւ հոն տեղի չեն ունենար արտառոց երեւոյթներ, որոնք պատճառ կը դառնային նման խորհրդաւոր անհետացումներու։ Անոնք պարզած են նաեւ, որ այդ շրջանին ջրաօդերեւութաբանական պայմանները բարդ են: Յաճախակի սկսող ցիկլոններն ու փոթորիկները եանկարծակի կ'առաջացնեն շատ ուժեղ հոսանքներ, որոնք կարող են արագութեամբ քշել վտարուած ապրանքի մնացորդները՝ ստեղծելով անհետացման պատրանք։ Իսկ ինչ որ կը վերաբերի աղէտներու յաճախականութեան, ապա ատիկա հնարաւոր միջինէն կը տարբերուի լոկ այնքանով, որքանով լարուած է նաւագնացութիւնը ծանծաղուտներով հարուստ այդ շրջանին մէջ։ Գիտնականներ առաջարկած են տեսութիւններ, որոնք կը բացատրեն «Պէրմիւտեան եռանկիւնի» նաւերու եւ ինքնաթիռներու եանկարծակի անհետացումները։

Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ ծովուն յատակը տեղի ունեցող մեթան հիտրաթի քայքայման հետեւանքով կ'արտանետուի մեծ քանակով մեթան կազ, որ ջուրին մէջ կ'առաջացնէ մեթանով յագեցած վիթխարի պղպջակներ։ Անոնց մէջ ջուրի խտութիւնը այնքան փոքր է, որ այդտեղ յայտնուած նաւերը վայրկենաբար կը սուզուին։ Գիտնականներու միւս մասը կ'ենթադրէ, որ մեթան կազը, թափանցելով նաեւ օդի մէջ, կը փոքրացնէ անոր խտութիւնը, հետեւաբար՝ վերամբարձ ուժը եւ ինքնաթիռները վար կ'երթան։ Բացի այդ օդին խառնուած մեթանը, նուազեցնելով թթուածինի պարունակութիւնը օդէն, կրնայ շարժիչներու խափանման պատճառ դառնալ։

Մէկ այլ տեսութեան համաձայն՝ նաւերու կործանման պատճառը կրնան դառնալ այսպէս կոչուած «թափառող ալիքները», որոնք կը հասնին մինչեւ 30 մ. բարձրութեան։ Կ'ենթադրենք նաեւ, որ որոշակի պայմանները ովկիանոսը կրնայ առաջանալ տագնապի զգացողութիւն առաջացնող ենթաձայն (ականջի համար անլսելի ցած յաճախականութեան ձայն), որուն խուճապահար անձնակազմը կը լքէ նաւը նետուելով ջուրի մէջ։

Պերմիւտեան եռանկիւնին մէջ կորածները[1]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անթիւ քանակութեամբ անհետացած նաւեր եւ ինքնաթիռներ Ատլանտեան ովկիանոսի Պերմիւտեան եռանկիւնի շրջանին մէջ։

1978թ. Հոկտեմբեր18-ին «Ֆրանքֆուրթըր ցայտունգը» հաղորդեց. Փանամայի դրօշը կրող «Սիլվա Լ. Օսա» նաւը առեղծուածօրէն անհետացած է Պերմիւտեան եռանկիւնին մէջ։ Կ'ենթադրեն, որ նաւն անձնակազմի 37 անդամներու հետ ջրասոյզ եղած է։ Համաձայն ամերիկեան Առափնեայ պահակութեան տուեալներուն, այդ 180մ երկարութեամբ եւ 15000 թոն ջրատարողութեամբ բեռնատար նաւի կործանման շրջանին մէջ յայտնաբերուած են նաւթի բիծ, փրկարար նաւակի բեկորներ եւ այրած փրկարար օղակ։ Նաւը բեռնաւորուած էր երկաթահանքով եւ պէտք է հասներ Ֆիլատելֆիա։ Կը կարծեն, որ նաւը եւ իր անձնակազմի անդամները գտնելու յոյս չկայ։ Նաւի անհետացումը դժբախտ պատահար է, եւ, ցաւօք, ոչ այնքան հազուադէպ։ Թերթի ընթերցողներու մեծ մասը այդ հաղորդագրութեան առանձնակի նշանակութիւն չէր տար, եթէ անիկա տեղի ունեցած չըլլար Պերմիւտեան եռանկիւնին մէջ։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Պերմիւտեան կղզիներու մօտ անհետացաւ «Կիկլոպ» բրիտանական նաւը։

1918թ. Մայիս 24-ին անյայտ կորած է ամերիկեան «Կիկլոպ» շոգենաւը։ Անոր վրայ կար 390 մարդ։ Նաւի անհետացումը համարուած է ամէնացնցող հանելուկներէն մէկը ծովային նաւատորմի տարեգիրքերուն մէջ։

Պերմիւտեան եռանկիւնին մէջ անհետացած են ամէնախոշոր ինքնաթիռներն ու նաւերը՝ ռմբակոծիչներ, լցաւորողներ, բեռնատար ինքնաթիռներ, պահակային թռչող նաւեր եւ ուղեւորատար ինքնաթիռներ։ Ինքնաթիռներէն քանի մը հատը մինչեւ անհետացման պահը բնական ռադիոկապ կը պահպանէին յենակէտերու կամ օդակայաններու հետ, իսկ միւսներէն տարօրինակ հաղորդումներ կը ստացուէին ղեկավարման սարքերու անակնկալ խափանումներու, կողմնացոյցներու անսովոր վարքի մասին, այն մասին, որ երկինքը դեղին եւ մառախլապատ կը թուայ (պարզ եղանակին), իսկ ծովը (որ ամէնուր խաղաղ էր) տարօրինակ տեսք ունի։

1945թ. Դեկտեմբեր 5-ին ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերու ռմբակոծիչ-տորպեդակիրներու օղակը՝բաղկացած «Էվենճըր» տիպի հինգ ինքնաթիռներէ, Ֆորտ-Լոտըրտեյլ յենակէտէն մեկնեցաւ ուսումնական առաջադրանք կատարելու: Երբ պարզուեցաւ, որ անոնք, ինչպէս նաեւ անոնց ետեւէն ուղարկուած «Մարտին Մարիներ» որոնողական ինքնաթիռը անհետացած են, ձեռնարկուեցան լայն թափով փրկարար գործողութիւններ ծովուն եւ օդին մէջ, սակայն անոնք ալ օգուտ չտուին։ «Մարտին Մարիներ» թռչող նաւը տառացիօրէն հալած է օդին մէջ «19-րդ օղակի» եւ անոր 14 հոգիէ բաղկացած անձնակազմի որոնումներու ժամանակ։ «Ատլանտիկայի գերեզմանոց»ին մէջ անհետացաւ նաեւ C-119 ինքնաթիռը, ուր 10 մարդ կար։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։
  1. (հայերեն) Բերմուդյան եռանկյունի, 2024-12-20, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B2%D5%A5%D6%80%D5%B4%D5%B8%D6%82%D5%A4%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%A5%D5%BC%D5%A1%D5%B6%D5%AF%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%AB&oldid=10173317, վերցված է 2025-06-10