Միքի Մաուս
Միքի Մաուս անգլերէն՝ Mickey Mouse | |
---|---|
| |
Մասնագիտութիւն | handyman |
Կայքէջ | mickey.disney.com/…(անգլերէն) |
Միքի Մաուս (Մինի Մկնիկ), Ուոլթ Տիզնի ընկերութեան եւ, ընդհանրապէս, ամերիկեան մշակոյթի խորհրդանիշներէն մէկը[1]։
Մտայղացքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուոլթ Տիզնին, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին սարսափած է մուկերէն, ստեղծած է Միքի Մուկը, որ համաշխարհային համբաւ բերած է իրեն եւ դարձած իր ամենասիրելի կերպարը։ «Ես շատ կիներու հանդիպած եմ, բայց Միքին միշտ անոնցմէ շատ սիրած եմ», ըսած է Տիզնի, բայց Միքիին անունին համար պարտական է իր կնոջ, քանի որ ան է, որ համոզած է ամուսինը ընտրել այդ անունը: Մինչ այդ մուկը ուրիշ անուն մը ունէր՝ Մորթիմէր[2]:
Ծնունդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]18 նոյեմբեր 1928 թուականին ութ վայրկեաննոց «Ուիլիի շոգենաւը» շարժանկարին մէջ կլոր ականջներով փոքրիկ կրծողը շարժանաւակ մը կը վարէ ու կը զուարճացնէ իր ընկերուհին՝ Մինի Մկնիկը: Նիւ Եորքի շարժանկարի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուած այդ թողարկումէն ետք Միքի Մկնիկին կերպարը յայտնուած է բոլոր այն վայրերը, ուր կրնար յայտնուիլ՝ հագուստէն մինչեւ սպասք, գրիչներէն մինչեւ ծածկոցներ, նորաձեւութիւն եւ շոու պիզնըս: Անոր կերպարով զարդարուած են պատեր, պաստառներ, սրահներ, այգիներ, գրուած են գիրքեր, թողարկուած են ամսագիրեր, հեռատեսիլի ծրագիրներ:
Միքի Մաուսին տեսքով արտադրուած խաղալիքները անգերազանցելի եղած են ոեւէ կերպարի տեսքով ստեղծուած խաղալիքներուն մէջ: Հերոսը անմիջապէս դարձած է պզտիկներուն սիրելի Տիզնիի կերպարը՝ մեծ օգուտներ բերելով սթիւտիոյին եւ զայն յօրինողներուն: Զայն կը ճանչնան աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ:
Հակառակ 90 տարեկան ըլլալուն՝ Միքի երբեք չէ մեծցած. ան միշտ նոյն պզտիկ, զուարճալի մուկն է, աշխարհի միակ մուկը, որ «Օսքար» ստացած է:
Ճիշդ է, որ Միքի Մաուսին ծննդեան օրը կը նկատուի 18 նոյեմբեր 1928 թուականը, սակայն մարդանման մուկը առաջին անգամ երեւցած է 15 մայիս 1928 թուականին՝ «Խենթ օդանաւ» շարժուն ծաղրանկարին մէջ, իսկ 18 նոյեմբերին առաջին անգամ աշխարհի տարածքին ցուցադրուեցաւ անոր մասնակցութեամբ «Նաւավար Վիլին»: Միքին կը խօսէր բարձր եւ բարակ ձայնով: Ան ճերմակ ձեռնոցներ չէ կրած մինչեւ 28 Մարտ 1929, երբ կը ցուցադրուի «Գիւղական օփերա 1929» ծաղրանկարը: Այս նկարին մէջ մկնիկը յաճախ կը յայտնուէր ճերմակ ձեռնոցներով՝ դաշնակահարի դերին մէջ: Ձեռնոցին հակառակ կողմին վրայ կային երեք սեւ գիծեր, որոնք այն ժամանակուան մանկական ձեռնոցներուն բնորոշ տարրեր էին:
Հետագային, զանազան դերերու մէջ հանդէս եկած Մուկը, ստեղծած է բազմազան հերոսներ՝ զինուոր, զբօսաշրջիկ, արքայազն, հրշէջ, վաճառական, սիրահետող երկրպագու, պարզապէս՝ մուկ, որ կ'այցելէ կատուին եւ բազում այլ կերպարներ, որոնց մէջ ան տաղանդաւոր է, գերող, ծիծաղ յառաջացնող, զայրացնող, սիրելի, խղճալի, յիմար, խորամանկ… Միքին սկզբնական դիպաշարերուն մէջ հանդէս կու գար չարաճճի եւ վնասակար կերպարով, որ հետագային փոխուած է: Սեւ-ճերմակ նկարները գունաւոր դառնալով՝ նուաճած են ամբողջ աշխարհը՝ 1920-30-ականներուն սկիզբ դնելով Նոր աշխարհի «քոմիքսներու ոսկեդար»ուն։
Ի. դարու 1950-ականներէն սկսած է «քոմիքսի արծաթէ դար»ը, իսկ 70-ականներէն անիկա փոխուած է «պրոնզէ դար»ու։
«The Karnival Kid» անունով շարժուն ծաղրանկարին մէջ Միքի Մաուս կ'ըսէ իր առաջին խօսքը՝ «Հաթ Տակ»: Միքին նաեւ ունի իր բարեկամներն ու թշնամիները, ինչպէս նաեւ՝ սիրեցեալը՝ Մինի Մաուսը, որ նոյն շրջանին ստեղծուած է, քանի որ Միքին չէր կրնար մինակ ըլլալ: Առաջին անգամ անոնք յայտնուած են «Խելագար օդանաւը» ծաղրաշարին մէջ, երբ Միքի հրաւիրած է Մինին օդանաւով իր առաջին թռիչքին: Մինի ընդունած է հրաւէրը, բայց մերժած է Միքին, երբ ան թռիչքին ընթացքին առաջարկած է համբուրուիլ…:
1978-ին Միքի Մաուս իր սեփական աստղը ունեցած է Հոլիվուտի փառքի ճեմուղիին վրայ:
Մինին փառքի ծառուղիին վրայ աստղ կ'ունենայ իր ամուսինէն քառասուն տարի ետք[3]: