Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Դրամատուն

Հայաստանի կեդրոնական դրամատան գլխաւոր գրասենեակը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատուն (ՀՀ կեդրոնական դրամատուն, Կեդրոնական դրամատուն, ՀՀ ԿԴ, ոչ պաշտօնական՝ ՀՀ Կեդրոնական դրամատուն) պետական գործառոյթներով օժտուած իրաւաբանական անձ է, որուն միակ հիմնադիրը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Կեդրոնական դրամատունը իր խնդիրները իրականացնելէ անկախ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններէն։ Կեդրոնական դրամատունը միասնական կեդրոնացած համակարգ է, որ կը ներառէ դրամատան գլխաւոր գրասենեակը եւ տարածքային ստորաբաժանումները։

Կեդրոնական դրամատան հիմնական խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գիներու կայունութեան ապահովումն է։ Իր հիմնական խնդիրը իրագործելու նպատակով Կեդրոնական դրամատունը կը մշակէ, կը հաստատէ եւ կ'իրականացնէ դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրները։ Եթէ Կեդրոնական դրամատան միւս խնդիրները կը հակասեն իր հիմնական խնդիրին, Կեդրոնական դրամատունը առաջնութիւն կու տայ հիմնական խնդիրին եւ կը ղեկավարուի ատոր իրագործման անհրաժեշտութեամբ։

Կեդրոնական դրամատան այլ խնդիրներէն են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դրամատնային համակարգի կայունութեան, իրացուելիութեան, վճարունակութեան եւ բնականոն գործունէութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ ապահովելը, գործուն վճարահաշուարկային համակարգ ստեղծելն ու զարգացնելը։ Իր խնդիրները իրագործելու նպատակով, Կեդրոնական դրամատունը՝ կը թողարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան արժոյթը, կը կազմակերպէ եւ կը կարգաւորէ դրամաշրջանառութիւնը, կ'իրականացնէ կառավարութեան դրամատնային սպասարկումը, կը հանդիսանայ կառավարութեան ֆինանսական գործակալն ու խորհրդատուն, կը լիցենզաւորէ դրամատուները, օրէնքով նախատեսուած պարագաներուն՝ նաեւ այլ անձանց, կը կարգաւորէ եւ կը վերահսկէ ատոնց գործունէութիւնը, որպէս վերջին ատեանի վարկատու վարկեր կը տրամադրէ դրամատուներուն, կը կարգաւորէ եւ կը վերահսկէ վճարահաշուարկային համակարգի գործունէութիւնը, կը տիրապետէ, կ'օգտագործէ եւ կը տնօրինէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պահուստները։

ՀՀ Կեդրոնական Դրամատան Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան պատմութիւնը բաժնուած է 4 հիմնական փուլերու՝ Նախախորհրդային ժամանակաշրջան, Առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջան, Խորհրդային ժամանակաշրջան, Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան ժամանակաշրջան։ Այստեղ ներկայացուած են նաեւ երրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջանին կատարուած օրէնսդրական փոփոխութիւնները, ֆինանսական կառոյցներու եւ ֆինանսական արդիւնքներու մասին ամփոփ նկարագրութիւն։

Հայկական Դրամի Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական դրամի պատմութիւնը բաժնուած է մի քանի փուլի՝ Հին ժամանակներէն մինչեւ ցարական ժամանակաշրջան, Առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջան, ԽՍՀՄ ժամանակաշրջան, Երրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջան։

ՀՀ Ազգային Արժոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դրամական միաւորը շրջանառութեան մէջ մտած է 22 Նոյեմբեր 1993-ին։ Դրամը (կոդ՝ AMD) Հայաստանի արժոյթն է։ ԱՊՀ-ի ամենակայուն արժոյթներէն է (2001-ի Յունուարին փոխարժէքը եղած է 556 դրամ մէկ դոլարի դիմաց)։ Հայկական դրամի խորհրդանշանն է նշանը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան հայկական դրամի գրանշանի մրցոյթի արդիւնքով կ'ընտրուին Կարէն Կոմենդարեանը եւ նկարիչ Ռուբէն Արուտչեանի առաջարկած Դրամի գրաֆիկական խորհրդապատկերները։

2003 թուականին սոյն գրանշանը կը ներառուի 10000 արժողութեան թղթադրամի դարձերեսի ձախ կողմին վրայ։ 2007-ին գրանշանը կը հաստատուի ազգային խորհրդանշաններու ստանդարտներու համակարգին մէջ։ Նոյն թուականին Կարէն Կոսմենդարեանը զայն ներկայացուցած է նաեւ ԱՄՆ-ու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԱՐՄԹԵՔ-2007 բարձր արհեստագիտութիւններուն նուիրուած հայկական առաջին միջազգային կոնգրեսին՝ յայտնի դարձնելու եւ համակարգչային միջազգային ստանդարտներու մէջ ներառելու նպատակով։

Կեդրոնական Դրամատան Կառուցուածք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեդրոնական Դրամատան Կազմակերպա-Իրաւական Կառուցուածքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան լոկօն

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը պետական անկախ կառավարման կառոյց է, որուն գործունէութեան հիմնական նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գիներու կայունութեան ապահովումն է։

Կեդրոնական դրամատան միակ հիմնադիրը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Կեդրոնական դրամատունը իր գործունէութիւնը իրականացնելու համար անկախ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններէմ ինչպէս ԿԴ խնդիրներու նպատակադրման, այնպէս ալ այդ խնդիրներուն հասնելու գործիքակազմի ընտրութեան մէջ։

Անկախութիւնը անհրաժեշտ է գիներու եւ ֆինանսական կայունութեան ապահովման նպատակաուղղուած արդիւնաւէտ քաղաքականութիւններ իրականացնելու համար, որով Կեդրոնական դրամատունը իր ներդրումը կ'ունենայ երկարաժամկէտ հատուածին կայուն տնտեսական աճի ապահովման գործընթացին մէջ։

Կեդրոնական դրամատունը իր խնդիրները իրագործելու նպատակով կարող է իր անունէն կնքել պայմանագիրներ, ձեռք բերել իրաւունքներ, ստանձնել պարտաւորութիւններ, ինչպէս՝ վերցնել վարկեր, հանդէս գալ որպէս հարցնող եւ պատասխանող. Օրէնքով նախատեսուած պարագաներուն ձեռք բերել, տիրապետել, օգտագործել եւ օտարել գոյք, գոյքային եւ անձնական ոչ գոյքային իրաւունքներ։

Կեդրոնական դրամատունը իր խնդիրները իրականացնելու համար անկախ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններէն։ Կեդրոնական դրամատունը եւ կառավարութիւնը իրարու հետ պարտաւորութիւններու համար պատասխանատուութիւն չեն կրեր, եթէ այդպիսիք չեն ստանձնած։

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեդրոնական Դրամատան բարձրագոյն պաշտօնատար անձը Կենդոնական Դրամատան նախագահն է։ Կեդրոնական դրամատան նախագահը կը նշանակուի ՀՀ նախագահի առաջարկութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ` եօթը տարի ժամկէտով եւ պատասխանատու է Կեդրոնական դրամատան խնդիրներու իրագործման համար։

Կեդրոնական դրամատան խորհուրդը կազմուած է Կեդրոնական դրամատան նախագահէն, անոր տեղակալէն, խորհուրդի հինգ անդամներէն։ Կեդրոնական դրամատան նախագահը եւ անոր տեղակալը Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի կազմին մէջ կ'ընդգրկուին ի պաշտօնէ։ Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի հինգ անդամները կը նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը` հինգ տարի ժամկէտով։ Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի անդամները չեն կրնար Կեդրոնական դրամատան մէջ այլ պաշտօն ունենալ։

Կեդրոնական դրամատան նախագահը կը համակարգէ Կեդրոնական դրամատան բնականոն աշխատանքը, կը ներկայացնէ Կեդրոնական դրամատունը Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, կ'իրականացնէ օրէնքով Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի իրաւասութեան չվերապահուած այլ լիազօրութիւններ։ Նախագահի բացակայութեան կամ պարտականութիւններու կատարման անհնարինութեան պարագային անոր կը փոխարինէ՝ Կեդրոնական դրամատան նախագահի տեղակալը, իսկ տեղակալի բացակայութեան կամ անոր պարտականութիւններու կատարման անհնարինութեան պարագային՝ Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի տարիքով աւագ անդամը։ Կեդրոնական դրամատան նախագահի տեղակալը կը նշանակէ ՀՀ նախագահը՝ վեց տարի ժամկէտով։ Կեդրոնական դրամատան նախագահը եւ անոր տեղակալը, ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամները, չեն կրնար ըլլալ որեւէ կուսակցութեան ղեկավար մարմինի անդամ, կատարել այլ աշխատանք, բացառութեամբ գիտական, մանկավարժական, ստեղծագործական աշխատանքէն։

Պետական Դրամատան Եւ Կեդրոնական Դրամատան Նախագահները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Գրիգորի Սմիռնով 1896-1901
  2. Անթոն Կրիժիժանովսկի 1901-1905
  3. Նիքոլայ Սաննիկով 1905-1910
  4. Կոնստանդին Սիբանին 1910-1916
  5. Վլադիսլավ Մորավսկի 1916-1921
  6. Մարտին Սահակեան 1922-1924
  7. Գրիգոր Ջաղեթեան 1924-1930
  8. Գարսեւան Վարշամեան 1930-1931
  9. Յովհաննտս Դաւթեան 1931-1936
  10. Վարդան Մամիկոնեան 1936-1937
  11. Արկադի Մինասեան 1937-1939
  12. Սերգէյ Բատուրին 1939-1943
  13. Ռիզա Վելիբեկով 1943-1944
  14. Արտաշէս Սարգսեան 1944-1967
  15. Ստեփան Սաֆարեան 1967-1969
  16. Անդրէյ Պապովեան 1969-1972
  17. Վլադիմիր Աղասեան 1972-1986
  18. Իսահակ Իսահակեան 1986-1994
  19. Բագրատ Ասատրեան 1994-1998
  20. Տիգրան Սարգսեան 1998-2008
  21. Արթուր Ջաւադեան 2008-էն առ այսօր

Կեդրոնական Դրամատան Նպատակներ Ու Խնդիրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դրամավարկային քաղաքականութիւնը փողի առաջարկի կամ փողի գինի (տոկոսադրոյքի) կարգաւորման գործընթացն է։ Դրամավարկային քաղաքականութեան միջոցով կ'իրագործուին այնպիսի նպատակներ, որոնք ուղղուած են կայուն տնտեսական աճի եւ մակրոտնտեսական կայունութեան ապահովման։ Որպէս այդպիսի նպատակ, համաձայն ՀՀ Սահմանադրութեան 83.3–րդ յօդուածի եւ «ՀՀ կեդրոնական դրամատան մասին» ՀՀ օրէնքի 4-րդ յօդուածի, ՀՀ ԿԴ-ի համար սահմանուած է գիներու կայունութեան ապահովումը։ Այս նպատակը իրագործելու համար ԿԴ-ն՝ Կառավարության հետ համատեղ, կը սահմանէ գնաճի նպատակային թիրախը որ, համաձայն «ՀՀ Բիւճետային համակարգի մասին» ՀՀ օրէնքի, կ'ամրագրուի «Կառավարութեան միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագրում»։

Ինչպէս աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու կեդրոնական դրամատուները, ՀՀ կեդրոնական դրամատունը եւս նպատակ կը հետապնդէ ապահովել գիներու կայունութիւնը։ Գիներու կայունութիւնը մակրոտնտեսական կայունութեան կամ տնտեսական գործունէութեան համար կայուն պայմաններու ստեղծման հիմնական նախադրեալներէն է։ Գիներու կայունութեան ապահովմամբ ԿԴ-ն կը նպաստէ երկարաժամկէտ հատուածի բարձր տնտեսական աճին, հետեւաբար բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման։ Միջազգային փորձի հիման վրայ իրականացուած վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ բարձր եւ տատանողական գնաճը կը խոչընդոտէ տնտեսութեան զարգացման։ Մասնաւորապէս, բարձր եւ տատանողական գնաճի պայմաններուն, որ ի դէպ կ'ուղեկցուի նաեւ գիներու փոփոխման հետագայ անորոշութիւններու մեծացումով, կը կրճատուին իրական եկամուտներն ու խնայողութիւնները, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ վաճառականական ծրագիրներու ներդրումները։

1 Յունուար 2006-էն ՀՀ կեդրոնական դրամատունը, «ՀՀ կեդրոնական դրամատան մասին» ՀՀ օրէնքի սահմաններու փողի միաւորներու նպատակադրումէն պաշտօնապէս անցում կատարած է գնաճի նպատակադրման ռազմավարութեան։ Այս ռազմավարութեան համատեքստին որպէս դրամավարկային քաղաքականութեան միջանկեալ նպատակ գնաճի կանխատեսուած մակարդակն է, իսկ որպէս գործառնական նպատակ՝ կարճաժամկէտ տոկոսադրոյքը։ Ընդ որուն ՀՀ ԿԴ-ն դրամավարկային քաղաքականութեան ռազմավարութեան, միջանկեալ եւ գործառնական նպատակներու ընտրութեան հարցին լիովին անկախ է։ 2007-էն սկսած ՀՀ-ի մէջ որպէս գնաճի նպատակային թիրախ սահմանուած է 4%-ը՝ 1.5% տատանումներու թոյլատրելի միջակայքով։ Գնաճի նպատակային մակարդակը կը սահմանուի Կեդրոնական դրամատան կողմէ՝ Կառավարութեան հետ համատեղ։ Իր հիմնական խնդիրը իրագործելու նպատակով Կեդրոնական դրամատունը կը մշակէ, կը հաuտատէ եւ կ'իրականացնէ դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրները։ Եթէ Կեդրոնական դրամատան միւս խնդիրները կը հակասեն իր հիմնական խնդիրին, Կեդրոնական դրամատունը առաջնութիւն կու տայ հիմնական խնդիրին եւ կը ղեկավարուի ատոր իրագործման անհրաժեշտութեամբ։

Կեդրոնական դրամատան խնդիրներն են՝

  1. Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսական համակարգի կայունութեան եւ բնականոն գործունէութեան ապահովումը, ինչպէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դրամական համակարգի կայունութեան, իրացուելիութեան, վճարունակութեան եւ բնականոն գործունէութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ ապահովելը.
  2. Գործուն վճարահաշուարկային համակարգ ստեղծելն ու զարգացնելը.
  3. Հայաստանի Հանրապետութեան արժոյթի թողարկումը, դրամաշրջանառութեան կազմակերպումը եւ կարգաւորումը.
  4. Փողերու լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի կազմակերպումն ու կարգաւորումը.
  5. Արժէթուղթերու ներդրողներու պաշտպանութեան, շուկայի արժէթուղթերու արդար գնագոյացման համակարգի ձեւաւորման ու պահպանման, արժէթուղթերու արդար, թափանցիկ եւ վստահելի շուկայի կանոնակարգուած եւ բնականոն գործունէութեան եւ զարգացման համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը.
  6. Ֆինանսական համակարգի սպառողնեու իրաւունքներու եւ օրինական շահերու պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը։

Կեդրոնական դրամատունը եռամսեակը մէկ անգամ յաջորդ 12 ամիսներու համար կը հրապարակէ դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիր, որ կը կրէ ուղեցուցային բնոյթ։

Դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրները կը ներառեն՝

  1. Գնաճի կանխատեսումները,
  2. Դրամավարկային քաղաքականութեան ուղղութիւնները,
  3. Օրէնքով uահմանուած խնդիրներու իրականացման համար Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի uահմանած անհրաժեշտ այլ դրոյթներ։

Կեդրոնական Դրամատան Գործառոյթներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր խնդիրները իրագործելու նպատակով Կեդրոնական դրամատունը սոյն օրէնքով սահմանուած կարգով՝

  1. Կ'իրականացնէ կառավարութեան դրամական սպասարկումը.
  2. Կը հանդիսանայ կառավարութեան ֆինանսական գործակալն ու խորհրդատուն.
  3. Կը լիցենզաւորէ դրամատուները, օրէնքով նախատեսուած պարագաներուն՝ նաեւ այլ անձանց, կը կարգաւորէ եւ կը վերահսկէ ատոնց գործունէութիւնը.
  4. Որպէս վերջին ատեանի վարկատու վարկեր կը տրամադրէ դրամատուներուն.
  5. Կը կարգաւորէ եւ կը վերահսկէ վճարահաշուարկային համակարգի, ինչպէս՝ վճարահաշուարկային ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու, որոնք դրամատուն չեն, գործունէութիւնը.
  6. Կը տիրապետէ, կ'օգտագործէ եւ կը տնօրինէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պահուստները.
  7. Կ'իրականացնէ դրամավարկային եւ ֆինանսական համակարգի վիճակագրութեան հաւաքագրումը, ամփոփումը եւ հրապարակումը.
  8. Կ'իրականացնէ փողերու լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման վերաբերեալ տեղեկութիւններու հաւաքագրումը, համակարգումն ու վերլուծութիւնը, տեղեկութիւններու փոխանակումը եւ տրամադրումը ներպետական իրաւասու մարմիններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պայմանագիրներով նախատեսուած պարագաներուն՝ նաեւ այլ պետութիւններու իրաւասու մարմիններուն։

Կեդրոնական դրամատան առաքելութիւնն է՝

  • Ըլլալ միջազգայնօրէն ճանչցուած՝ որպէս անկախ, զորութենական զարգացող, հեղինակաւոր, թափանցիկ, գիտելիքին միտուած, միջազգային ֆինանսական համակարգի զարգացման միտումները գնահատող արդիւնաւէտ կառոյց
  • Պահպանել տնտեսական միջավայրի փոփոխութիւններե արագ արձագանգելու եւ տնտեսական գործընթացներու վրայ արդիւնաւէտօրէն ազդելու տարրական կարողութիւնները
  • Մշտապէս աջակցիլ երկրի մակրոտնտեսական կայուն զարգացման՝ ըլլալով տնտեսական մարտահրաւէրներուն դիմակայելու գործի ՀՀ Կառավարութեան կարեւոր գործընկերը։

Կեդրոնական դրամատունը հիմնական նպատակը իրականացնելու համար կը ձգտի բարձր պահել իր՝ որպէս անկախ կառոյցի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հատուածներու գիներու եւ ֆինանսական կայունութեան երաշխաւորի հեղինակութիւնը՝ առաջնորդուելով տնտեսութեան կայուն զարգացման ապահովման եւ միջազգային շուկաները լրացնելու հեռանկարով, ձգտելով ունենալ ֆինանսական ծառայութիւններու ոլորտի տարածաշրջանային կարեւոր դերակատարում։

Կեդրոնական Դրամատունն Ու ՀՀ Տնտեսութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր խնդիրները իրականացնելու համար Կեդրոնական դրամատունը կը համագործակցի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններուն հետ։ Կեդրոնական դրամատան նախագահը կամ անոր տեղակալը պարբերաբար պարզաբանումներ կամ բացատրութիւններ կու տան Ազգային Ժողովին եւ անոր յանձնաժողովներուն՝ Կեդրոնական դրամատան քաղաքականութեան մասին։ Երկրի գլխաւոր դրամատունը կը մասնակցի կառավարութեան տնտեսական եւ ֆինանսական ծրագիրներու մշակման, ինչպտս նաեւ կ'աջակցի ատոնց իրականացման, եթէ ատիկա չի հակասեր Կեդրոնական դրամատան խնդիրներուն։ Դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրի մշակման ընթացքին Կեդրոնական դրամատունը կը խորհրդակցի կառավարութեան հետ։ Դրամատան նախագահը կարող է խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով մասնակցիլ կառավարութեան բաց նիստերուն եւ գրաւոր կարծիք ներկայացնել քննարկուող հարցերու վերաբերեալ։

Կեդրոնական դրամատունը իւրաքանչիւր տարի՝ մինչեւ 1 Մայիս, Ազգային ժողով կ'ուղարկէ եւ Ազգային ժողովի կանոնակարգ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով սահմանոգած կարգով ու ժամկէտով Ազգային ժողովի նիստին մէջ կը ներկայացնէ ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին հաստատուած դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրը։

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչը կրնայ խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով մասնակցիլ Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի բաց նիստերուն եւ գրաւոր կարծիք ներկայացնել քննարկուող հարցերու վերաբերեալ։

ՀՀ ԿԴ Փոխյարաբերութիւնները ՀՀ Պետական Մարմիններու Հետ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՀ կեդրոնական դրամատան նորակառոյց շէնքը

Կեդրոնական դրամատունը կ'իրականացնէ կառավարութեան դրամական սպասարկումը։ Պետական բիւճէի նախագիծը կազմելու համար կառավարութիւնը կամ անոր լիազօրուած պետական կառավարման մարմինը կը խորհրդակցի Կեդրոնական դրամատան հետ՝ պետական բիւճէի նախագիծին առնչուող հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ նախատեսուող ներքին եւ արտաքին պետական փոխառութիւններու, ատոնց աղբիւրներու, ծաւալներու, ժամկէտներու եւ պայմաններու, ինչպէս նաեւ փոխառու միջոցներու օգտագործման ուղղութիւններու եւ նպատակներու վերաբերեալ։ Կեդրոնական դրամատունը պետական բիւճէի նախագիծի վերաբերեալ կառավարութեան պաշտօնական եզրակացութիւն կը ներկայացնէ։ Կեդրոնական դրամատան պաշտօնական եզրակացութիւնը պետական բիւճէի նախագիծին կից կը ներկայացուի Ազգային Ժողովի քննարկման՝ օրէնքներով սահմանուած կարգով։ Կեդրոնական դրամատունը կառավարութեան պաշտօնական եզրակացութիւն կը ներկայացնէ նաեւ պետական բիւճէի կատարման մասին տարեկան հաշուետուութեան վերաբերեալ։ Կեդրոնական դրամատան պաշտօնական եզրակացութիւնը պետական բիւճէի կատարման մասին տարեկան հաշուետուութեան կից կառավարութիւնը կը ներկայացնէ Ազգային ժողովի քննարկման՝ օրրնքով սահմանուած կարգով։

Կենտրոնական դրամատոնը, կառավարութեան ֆինանսական գործակալն է՝

  • Կառավարութեան լիազօրած մարմինի կողմէ թողարկուած պարտատոմսերու եւ այլ արժէթուղթերու բաշխման, գրանցման եւ փոխանցման, ինչպէս նաեւ արժէթուղթերու հիմնական գումարի, տոկոսներու կամ սահմանուած այլ վճարումներու իրականացման գծով կը հանդիսանայ կառավարութեան լիազօրած մարմինի թողարկած պարտատոմսերու կեդրոնական պահառու.
  • Պետական բիւճէի եւ ներքին ու արտաքին պետական պարտքի սպասարկման հետ կապուած գործառնութիւններու, ինչպէս նաեւ վճարային այլ գործառնութիւններու իրականացման գծով.
  • Կեդրոնական դրամատան խնդիրներուն չհակասող այլ գործառնութիւններու գծով։

Կեդրոնական դրամատունը կառավարութեան լիազօրած մարմինի հետ համաձայնուած կարգով կը տրամադրէ կառավարութեան դրամավարկային եւ օրէնքով իր իրաւասութեան վերապահուած այլ հարցերուն առնչուող տեղեկութիւններ, իսկ դրամատնային գաղտնիք կազմող տեղեկութիւնները կը տրամադրուին օրէնքով սահմանուած կարգով։ Կառավարութեան լիազօրած մարմինները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը Կեդրոնական դրամատան հետ համաձայնուած կարգով Կեդրոնական դրամատան կը տրամադրէ տեղեկութիւններ՝

  • Պետական բիւճէի կատարման, ատոր ընթացիկ ծաւալներու եւ եկամուտներու վերաբերեալ.
  • Պետական փոխառութիւններու մասին, ինչպէս՝ ատոնց աղբիւրներու, ծաւալի, տոկոսադրոյքի, մարման ժամկէտներու, այլ պայմաններու, փոխառու միջոցներու օգտագործման ուղղութիւններու եւ նպատակներու վերաբերեալ
  • Վճարային հաշուեկշռի, ֆինանսական եւ տնտեսական այլ հարցերու վերաբերեալ։

Կեդրոնական դրամատան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կամ այլ պետական մարմիններուն ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն վարկաւորելը կամ այլ կերպ ֆինանսաւորելը կ'արգիլուի՝ բացառությամբ օրէնքով նախատեսուած պարագաներու։

Միջազգային Համագործակցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ երկրի կեդրոնական դրամատունը լրացուած են համաշխարհային հանրութեան։ ՀՀ կեդրոնական դրամատունը երկկողմ համագործակցութիւն ունի այնպիսի կառոյցներու հետ, որպիսիք են

Կեդրոնական դրամատունը, իր իրաւասութեան շրջանակին մէջ, կը համագործակցի միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու հետ, կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու մէջ, տարբեր երկիրներու կեդրոնական եւ այլ դրամատուներու հետ յարաբերութիւններու մէջ։

Միջազգային համագործակցութեան շնորհիւ ՀՀ կեդրոնական դրամատունը սկսած է ստացած վարկերու միջոցով իրականացնել համակարգային վերափոխումներու, վճարային հաշուեկշռի սպասարկման, մասնաւոր վաճառականութեան ֆինանսաւորման, տարրական եւ վերականգնողական վարկերու եւ համանման այլ ծրագիրներ։ Միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու հետ տարուող աշխատանքի դրական արդիւնքները նոր հեռանկարներ կը բանան տնտեսական տարբեր ինստիտուտներու եւ աշխարհի մեծ դրամատուներուն հետ համատեղ նախագիծերու իրականացման համար։

ՀՀ ԿԴ Դիլիջան Ուսումնահետազօտական Կեդրոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիլիջան Ուսումնահետազօտական Կեդրոն
Ձմեռնային այգի
Խոհանոց

«Դիլիջան ուսումնահետազօտական կեդրոնը» ժամանակակից արհեստական եւ արհեստագիտական լուծումներով հագեցուած համալիր է։ Այստեղ ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմաններ՝ տնտեսագիտութեան եւ ֆինանսներու բնագաւառի բազմակողմանի ուսումնահետազօտական աշխատանքներու իրականացման համար։ Կեդրոնին մէջ տեղի կ'ունենան տնտեսագիտութեան եւ ֆինանսներու բնագաւառներուն առնչուող կրթական, տարածաշրջանային եւ միջազգային ուսումնական ծրագիրեր (սեմինարներ)։

Դիլիջան Ուսումնահետազօտական Կեդրոն_2

Կեդրոնին մէջ կատարուած հետազօտական եւ վերլուծական աշխատանքները քննարկելու եւ ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ ֆինանսական ոլորտին մէջ կեդրոնական դրամատան կուտակած գիտելիքն ու փորձը կիսելու նպատակով կեդրոնին մէջ կը կազմակերպուին միջազգային գիտաժողովներ, տարածաշրջանային սեմինարներ եւ ուսումնական ծրագիրներ։ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կեդրոնին մէջ կ'իրականացնէ տնտեսագիտութեան մագիստրոսի կոչում տուող կրթական ծրագիրը, որուն մասնակցելու հնարաւորութիւն ունին տնտեսագիտութեան ոլորտին մէջ հետազօտութիւններ ընելու կարողութիւն եւ ներուժ ունեցող երիտասարդները։

Կեդրոնի ստորին հարկը ամբողջութեամբ նախագծուած է որպէս ակադեմիական հաստատութիւն՝ իր մէջ ներառելով բարձրակարգ կացարան (campus)՝ նախատեսուած հետբուհական կրթական ծրագիրի մասնակից ուսանողներու եւ դասախօսական կազմի համար։ Համալիրին մէջ նախատեսուած են կրթական գործընթացը իրականացնելու համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները՝ ինչպէս ուսանողներու եւ դասախօսներու կացարաններ, այնպէս ալ արդի պահանջներուն բաւարարող կահաւորուած լսարաններ։

Քննարկումներու դահլիճ 1
Սեմինարներու դահլիճ

Կեդրոնին մէջ տարածքներ հատկացուած են առեւտրային դրամատուների, ԱրՔա հարկային կեդրոնի, ԱՔՌԱ-վարկային եւ ԱՊՊԱ-բիւրօներու համար՝ վերջիններուս կողմէ այնտեղ ռեզերվային սերվերներով պահուստային տուեալներու շտեմարաններու ստեղծման հնարաւորութեամբ։

Կեդրոնի տարածքին կը գործէ նաեւ տարածքային դրամարկղային կեդրոն, որուն միջոցով կը սպասարկուին տարածաշրջանի ֆինանսական կազմակերպութիւնները։

Համալիրը հանդէս կու գայ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ տարածաշրջանի, Արեւելեան Եւրոպայի կեդրոնական (ազգային) եւ առեւտրային դրամատուներու, ֆինանսական հատուածի այլ մասնակիցներու, միջազգային հեղինակաւոր այլ ֆինանսական կառոյցներու եւ գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներու գործնական հանդիպումներու եւ հետազօտութիւններու միջավայր, ուր կը կազմակերպուին տարածաշրջանային տարբեր խորհրդակցութիւններ, սեմինար-քննարկումներ ֆինանսական համակարգին առնչուող խնդիրներու վերաբերեալ՝ Հայաստանի նկատմամբ ֆինանսական ոլորտի մասնակիցներու հետաքրքրութիւնը մեծցնելու նկատառումով։

ՀՀ կեդրոնական դրամատան կողմէ վերակառուցուած է նաեւ Դիլիջանի նախկին քաղաքային գրադարանի շէնքը։ Անիկա վերածուած է ժամանակակից «Գիտելիք յանուն զարգացման» կեդրոնի։

Կեդրոնին մէջ կը գործեն՝

  • ՀՀ կեդրոնական դրամատան այցելուներու կեդրոն, ուր այցելուները կրնան ծանօթանալ ՀՀ կեդրոնական դրամատան եւ հայկական դրամի պատմութեան, առեւտրային դրամատուներու գործառոյթներուն եւ գործունէութեան (առաջին յարկ),
  • արհեստապէս հագեցուած եւ արդի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով կառավարուող ժամանակակից քաղաքային գրադարան՝ համացանց անվճար մուտք գործելու հնարաւորութեամբ (երկրորդ յարկ),
  • Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն, որ ստեղծուած է Երեւանի Թումօ կեդրոնի հետ համատեղ եւ կը ներառէ այն արհեստի եւ արհեստագիտական լուծումները, որոնք կիրառուած են երեւանեան կեդրոնին մէջ, (երրորդ յարկ)
  • օտար լեզուներու, ինչպէս նաեւ համակարգչային ծրագիրներու բազմակողմանի ուսուցման խմբակներ (չորրորդ յարկ),
  • գործնական հանդիպումներ, սեմինարներ, դասընթացներ վարելու համար նախատեսուած դահլիճ (չորրորդ յարկ)։

Այցելուներու Կեդրոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՀ կեդրոնական դրամատան այցելուներու կեդրոն

Այցելուներու կեդրոնը տեղակայուած է ՀՀ Կեդրոնական դրամատան պատմական մասնաշէնքին մէջ։ Անիկա առաջին անգամ իր այցելուներուն համար դռները բացած է 2011-ի աշնան, իսկ այցելուներու առաջին խումբը այցելած է նոյն թուականի 20 Սեպտեմբեր-ին։ Կեդրոնական դրամատան Այցելուներու կեդրոնը կը զբաղեցնէ 2 յարկ՝ 500 քառ.մ. ընդհանուր մակերես, ուր կ'այցելէ տարեկան մօտ 10 000 այցելու։

Այցելուներու կեդրոնի ստեղծման նպատակը տարաբնոյթ կրթական գործիքներու՝ կայուն, բներգական եւ ինտերակտիւ ցուցադրութիւններու միջոցով ՀՀ Կեդրոնական դրամատան գործունէութեան եւ դերի վերաբերեալ հանրային իրազեկուածութեան բարձրացումն է։

Կեդրոնի հիմնական թիրախը բարձր դասարաններու աշակերտներն են, ինչպէս նաեւ ուսանողները, որոնց այցելութիւնները կը կազմակերպուին օրական երկու անգամ, 20-25 հոգինոց խումբերով։ Կեդրոն կարող են այցելել նաեւ քաղաքացիներ, որոնք հետաքրքրուած են դրամանիշերի պատմութեամբ, Կեդրոնական դրամատան գործունէութեամբ, դրամավարկային քաղաքականութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, կեդրոնին մէջ տեղի կ'ունենան հանրակրթական դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ, շարադրական դասախօսութիւններ, այցելութիւններ յատուկ խումբերու համար։

Ցուցադրանքին մէջ ներկայացուած են 24 կայուն վահանակներ, 2 ինտերակտիւ գօտիներ՝ դրամանիշերու ստուգման տարրալուծարան, բանկոմատ, 2 մուլտիմեդիային խաղեր, ազգային դրամի պատմութեան մասին տեսաֆիլմ, Կեդրոնական դրամատան պատմութեան եւ գործունէութեան մասին 2 տեսաֆիլմ, գիներու կայունութիւնը եւ ֆինանսական համակարգի գործունէութիւնը բացատրող մուլտֆիլմեր, ինչպէս նաեւ բներգական տեսահոլովակներ։ Արտադասարանայինները կ'իրականացուին հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն, իսկ ցուցադրանքը երկլեզու է՝ հայերէն եւ անգլերէն։

Այցելուներու կեդրոնի ընդհանուր կառուցուածքը հետեւալն է.

  1. Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւն
  2. Հայաստանի Հանրապետութեան արժոյթ
  3. Դրամանիշերու/թղթադրամներու ստեղծման գործընթաց
  4. Դրամի պաշտպանական յատկանիշներ
  5. Կեղծարարութիւնը յանցանք է
  6. Վճարահաշուարկային համակարգեր եւ վճարային քարտեր
  7. Դրամավարկային քաղաքականութիւն
  8. Միջազգային պահուստներու կառավարում
  9. Ֆինանսական համակարգ եւ վերահսկողութիւն. աջակից կառոյցներ՝ Ֆինանսական համակարգի հաշտարար, ԱՔՌԱ վարկային բիւրօ, Ֆինանսական դիտարկումներու կեդրոն, Աւանդներու հատուցումը երաշխաւորող հիմնադրամ
  10. Բաց գրադարան
  11. Խաղասրահ
  12. Շարժապատկերի սրահ
  13. Վաճառասրահ
Այցելուներու կեդրոն

Կեդրոնական դրամատան գրադարանը բաց է հանրութեան համար իւրաքանչիւր աշխատանքային օր ժամը 10։00-17։00։ Նախատեսուած է ոչ միայն Կեդրոնական դրամատան աշխատակիցներուն, այլեւ տնտեսագիտական բուհերու ուսանողներուն եւ դասախօսներուն համար։

Գրադարանին մէջ առկայ են մասնագիտական մօտ 3000 անուն գիրքեր։ Յառաջիկային նախատեսուած է գրադարանի անդամակցութիւնը ելեկտրոնային գրադարաններուն։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]