Կարմիր Գիրք
Կարմիր գիրք, հազուագիւտ եւ ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող անասուններու, բոյսերու եւ սունկերու (լրացման եւ խմբագրման ենթակայ) ցուցակ մըն է։ Կարմիր գիրքերը կ'ըլլան տարբեր մակարդակներու՝ միջազգային, ազգային եւ տարածաշրջանային։
Բնութեան Պահպանութեան Միջազգային Միութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութիւնը (ԲՊՄՄ) 1948-ին միաւորած եւ գլխաւորած է աշխարհի երկիրներուն մեծ մասին պետական, գիտական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու բնութեան պահպանութեան նուիրուած աշխատանքները։ Անոր առաջին որոշումներէն է 1949-ին տեսակներու գոյատեւման մշտական յանձնաժողովին (անգլերէն՝ Species Survival Commission) կամ, ինչպէս ընդունուած է անուանել ռուսալեզու գրականութեան մէջ Հազուագիւտ տեսակներու յանձնաժողովին ստեղծումը։
Յանձնաժողովին հարցերէն էր անհետացման վտանգին տակ գտնուող բոյսերու եւ անասուններու հազուագիւտ տեսակներու վիճակին ուսումնասիրութիւնը, միջազգային եւ ազգամիջեան համաձայնագիրերու մշակումը եւ նախապատրաստումը, այդպիսի տեսակներու ցուցակներու կազմումը եւ անոնց պահպանման համապատասխան հրահանգներու մշակումը։
Յանձնաժողովը իր աշխատանքները սկսած է մշակելով հազուագիւտ տեսակներու պահպանման մօտեցման ընդհանուր սկզբունքներ, որոշած է այն տեսակները, որոնց իրօք կը սպառնար անհետացման կամ ոչնչացման վտանգը, մշակած անոնց դասակարգման համակարգը, հաւաքած այդպիսի տեսակներուն մասին կենսաբանական տեղեկութիւններ, որպէսզի յայտնաբերուին հիմնական սահմանափակող գործօնները։ Աշխատանքին սկիզբը չկար «հազուագիւտ տեսակ» հասկացութիւնը։ Յանձնաժողովը իր հիմնական նպատակը կը դարձնէ այս կամ այն պատճառով ոչնչացման վտանգի տակ գտնուող անասուններու համաշխարհային տեղեկագիրերու ստեղծումը։ Յանձնաժողովին նախագահ Փիթըր Սքոթ (Piter Scott) կ'առաջարկէ այդ ցանկը անուանել Կարմիր գիրք (անգլերէն՝ Red Data Book), քանի որ կարմիր գոյնը վտանգ կը խորհրդանշէ։
ԲՊՄՄ Կարմիր գիրքին հրատարակումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1963-ին լոյս կը տեսնէ ԲՊՄՄ Կարմիր գիրքին առաջին հրատարակութիւնը՝ փոքր տպաքանակով։ Անոր երկու հատորներուն մէջ տեղեկութիւններ կային կաթնասուններու 211 տեսակներու եւ ենթատեսակներու, ինչպէս նաեւ՝ թռչուններու 312 տեսակներու եւ ենթատեսակներու մասին։
1966 - 1971 թուականներուն լոյս կը տեսնեն երկրորդ հրատարակութեան երեք հատորները։ Անիկա ունէր երկթերթ հաստ օրացոյցի տեսք մը, որուն իւրաքանչիւր թերթ կրնար փոխարինուիլ նորով։ Գիրքը նախկինին պէս վաճառքի համար չէր նախատեսուած. անիկա կը բաժնուի բնապահպանական հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ գիտնականներու։ ԲՊՄՄ-ի Կարմիր գիրքին երկրորդ հրատարակութեան մէջ զգալիօրէն բազմացած է տեսակներու քանակը, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին հաւաքուած էին բաւական շատ լրացուցիչ տեղեկութիւններ։
Գիրքին առաջին հատորին մէջ տեղեկութիւններ կային կաթնասուններու 236 տեսակներու (292 ենթատեսակներու), երկրորդին մէջ՝ թռչուններու 287 տեսակներու (341 ենթատեսակներու), երրորդին մէջ՝ սողուններու 119 տեսակներու եւ ենթատեսակներու եւ երկակենցաղներու 34 տեսակներու ու ենթատեսակներու մասին։ ԲՊՄՄ-ի Կարմիր գիրքը աստիճանաբար կը կատարելագործուի եւ կը լրացուի։
Երրորդ հրատարակութեան մէջ, որուն հատորները կը սկսին լոյս տեսնել 1972-էն սկսեալ, ընդգրկուած են տեղեկութիւններ կաթնասուններու 528 տեսակներու ու ենթատեսակներու, թռչուններու 619 տեսակներու, սողուններու եւ երկակենցաղներու 153 տեսակներու ու ենթատեսակներու մասին։
Առաջին սիւնակը նուիրուած էր ներկայի վիճակին եւ կարգավիճակին բնութագրման, յաջորդը՝ աշխարհագրական տարածման, բնակավայրի նկարագրման, գործող եւ առաջադրուող պահպանման չափանիշներուն, կենդանաբանական այգիներուն մէջ պահուող անասուններու բնութագրման եւ տեղեկատուական աղբիւրներուն։
Գիրքը երբ կը սկսի վաճառուիլ, կը մեծնայ անոր տպաքանակը։ 1978-1980 թուականներուն լոյս տեսած վերջին չորրորդ «տիպային» հրատարակութիւնը կը ներառէ կաթնասուններու 226 տեսակներ ու 79 ենթատեսակներ, թռչուններու 181 տեսակներ եւ 77 ենթատեսակներ, սողուններու 77 տեսակներ եւ 21 ենթատեսակներ, երկակենցաղներու 35 տեսակներ եւ 5 ենթատեսակներ, ձուկերու 168 տեսակներ եւ 25 ենթատեսակներ, կաթնասուններու 7 տեսակներ եւ ենթատեսակներ, թռչուններու 4 եւ սողուններու 2 տեսակներ։ Տեսակներու թիւին կրճատումը վերջին հրատարակութեան մէջ արդիւնք է ոչ միայն լաւ պահպանութեան, այլեւ՝ վերջին տարիներուն ստացուած առաւել ստոյգ տեղեկութիւններու։ ԲՊՄՄ-ի Կարմիր գիրքին վրայ աշխատանքը կը շարունակուի։ Անիկա մշտական գործող փաստաթուղթ մըն է, քանի որ անասուններու գոյութեան պայմանները կը փոխուին եւ նորանոր տեսակներ կրնան յայտնուիլ աղէտալի վիճակի մէջ։ Անոր հետ միատեղ մարդուն գործադրած ջանքերը արդիւնաւէտ են, որոնց մասին կը վկայեն գիրքին կանաչ էջերը։