Jump to content

Լոնտոնի համաձայնութիւն

Լոնտոնի համաձայնութիւնԿիպրոսին անկախացման գործընթացի ընթացքին Լոնտոնի (Անգլիա) մէջ ստորագրուած համաձայնագիր Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ 19 Փետրուար 1959։

Կիպրոսի Արք․ Մաքարիոս․ Կիպրոսին յոյները կը ներկայացնէ Լոնտոնի ժողովին

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

5 Փետրուար 1959-ին Ձիւրիխի մէջ կը սկսին Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններ Կիպրոսին համար եւ 11 Փետրուար 1959-ին կը ստորագրուի համաձայնութիւնը։

17 Փետրուար 1959-ին, Լոնտոնի մէջ վեհաժողովը կը սկսի։ Բացումը կը կատարէ Անգլիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Շելուին Լոյտ եւ կը յայտարարէ թէ կ՛ընդունի Ձիւրիխի համաձայնութիւնը, որպէս յենարան Կիպրոսի հարցին լուծման։ Կիպրոսի ղեկավար Արքեպիսկոպոս Մաքարիոս կը յայտնէ թէ խիղճի հարցեր ունի համաձայնութեան վերաբերեալ եւ սրահէն կը մեկնի։ Սակայն վերջնականապէս կը գերազանցուին բոլոր տարակարծութիւնները եւ համաձայնութիւնը մեծամասնութեամբ կ՛ընդունուի։

Ձիւրիխի եւ Լոնտոնի համաձայնութիւններով, Անգլիոյ ռազմական խարիսխներ կ՛ունենայ Կիպրոսին մէջ։

Սակայն, 1963-ին Ձիւրիխի եւ Լոնտոնի համաձայնութիւնները կը փլուզին։ Այդ համաձայնութիւններն են որ Թուքիա որպէս պատրուակ կ՛օգտագործէ եւ եւ 20 Յուլիս 1974-ին Կիպրոս կը ներխուժէ։

[1] [2] [3] [4]

Բրիտանական Կիպրոս

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]