Թունաւոր Բոյսեր
Թունաւոր Բոյսեր, Բոյսեր, որոնք թոյներ կ'արտադրեն, կը կոչուին «թունաւոր բոյսեր»: Այն բոյսերը, որոնք շփման իբրեւ հետեւանք գրգռում կը յառաջացնեն, նոյնպէս կը բնութագրուին իբրեւ «թունաւոր»:[1]
Ենթակայութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դուրսը աշխատող ոեւէ մարդ ենթակայ է թունաւոր բոյսերու ազդեցութեան, ինչպիսիք են՝ թունաւոր բաղեղը (poison ivy), թունաւոր կաղնին (poison oak) եւ թունաւոր աղտորը (poison sumac): Մորթի հետ շփում ունենալով` այս բոյսերու հիւթին իւղը (ուրուշիոլ, urushiol) կրնայ գերզգայնութեան հակազդեցութիւն յառաջացնել: Թունաւոր այս բոյսերը այրելէ ետք ծուխ կը յառաջանայ, զոր ներշնչելու պարագային կրնայ թոքերու գրգռում պատճառել:
Մարդիկ թոյնին կրնան ենթարկուիլ հետեւեալ ձեւերով.
- Ուղղակի շփում բոյսին հետ,
- Անուղղակի շփում (գործիքներ, անասուններ կամ հագուստ, որոնց վրայ ուրուշիոլ կայ),
- Այրուող բոյսերէ ուրուշիոլի մասնիկներու ներշնչում:
Մորթի հետ շփման ախտանիշները.
- Կարմիր ցան (rash)` ենթարկուելէ ետք, քանի մը օրուան ընթացքին,
- Ուռուցք,
- Քերուըտուք,
- Բշտիկներ, բիծեր եւ պալարներ:
Շտապ օգնութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եթէ անհատը ենթարկուի թունաւոր բոյսի,
- Անմիջապէս լուալ մաշկը ալքոլով, թունաւոր բոյսերու մաքրիչով կամ իւղազերծող օճառով (օրինակ` աման լուալու օճառով) եւ արատահոս ջուրով (որպէսզի լուացքի լուծոյթները չչորնան մաշկի վրայ եւ հետագային չտարածեն ուրուշիոլը):
- Եղունգներու տակը մաքրել խոզանակով:
- Մորթին վրայ դնել թաց քոմփրեսներ, քալամինի քսուկ կամ հիտրոքորթիզոնային քսուք` քերուըտուքն ու բշտիկներու յառաջացումը նուազեցնելու համար:
- Վարսակի (oat) ալիւրով լոգանքները կրնան թեթեւցնել քերուըտուքը:
- Հակահիսթամինները կրնան թեթեւցնել քերուըտուքը:
- Ծանր պարագաներու կամ եթէ ցանը դէմքի կամ սեռական օրկաններու վրայ է, հադկ է դիմել մասնագիտական բժշկական օգնութեան:
- Եթէ ծանր գերզգայնութեան հակազդեցութիւն տեղի ունենայ, օրինակ` ուռուցք կամ շնչառութեան դժուարութիւն, հարկ է դիմել հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք:
Պաշտպանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Երկար թեւեր եւ ներքնազգեստներ, երկարաճիտ կօշիկներ եւ ձեռնոցներ:
- Հագուստները առանձին մաքրիչներով տաք ջուրի մէջ լուալ:
- Օգտագործել մորթի արգիլող քսուքներ (barrier cream), ինչպիսին է bentoquatam պարունակող լոսիոնը. անոնք կրնան որոշակի պաշտպանութիւն տալ:
- Չայրել բոյսերը կամ տախտակներու կոյտերը, որոնք կրնան պարունակել թունաւոր բաղեղ, կաղնի կամ աղտոր[2]:
Այրող բոյսերու ծուխէն պաշտպանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այրող բոյսերու ծուխը ներշնչելը կրնայ լուրջ շնչառական հարցեր յառաջացնել:
Երբ այրող թունաւոր բոյսերու ազդեցութիւնը անխուսափելի է, գործատուները պէտք է աշխատողներուն ապահովեն R-95, P-95 դիմակներ (վայրի բնութեան հրշէջները պաշտպանութեան աւելի բարձր մակարդակ պէտք ունին (SCBA, CABA) ):
Այս դիմակները կը պաշտպանեն այրող թունաւոր բոյսերու ազդեցութենէն, բայց չեն պաշտպաներ ծուխին մէջ գտնուող այրման բոլոր արտադրանքներէն, օրինակ` ածխածինի մոնօքսիտը (Carbon Monoxide):
Շնչառական դիմակները պէտք է ճիշդ եւ միշտ կրել զանոնք թոյներու ենթարկման վտանգի պարագային:
Որպէսզի դիմակը արդիւնաւէտ ըլլայ, պէտք է ամուր փակած ըլլայ զայն օգտագործողին դէմքին[3]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Outsmarting Poison Ivy and Other Poisonous Plants»։ U.S. Food and Drug Administration: Consumer Updates։ 9 June 2021։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 June 2009-ին
- ↑ Պաշտպանութիւն
- ↑ Թունաւոր Բոյսեր