Թունաւոր Բոյսեր

Աւստրալիա 1907, 700 եղջերաւոր անասուններ գիշերով սատկած են թունաւոր բոյսերու պատճառով:

Թունաւոր Բոյսեր, Բոյսեր, որոնք թոյներ կ'արտադրեն, կը կոչուին «թունաւոր բոյսեր»: Այն բոյսերը, որոնք շփման իբրեւ հետեւանք գրգռում կը յառաջացնեն, նոյնպէս կը բնութագրուին իբրեւ «թունաւոր»:[1]

Ենթակայութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դուրսը աշխատող ոեւէ մարդ ենթակայ է թունաւոր բոյսերու ազդեցութեան, ինչպիսիք են՝ թունաւոր բաղեղը (poison ivy), թունաւոր կաղնին (poison oak) եւ թունաւոր աղտորը (poison sumac): Մորթի հետ շփում ունենալով` այս բոյսերու հիւթին իւղը (ուրուշիոլ, urushiol) կրնայ գերզգայնութեան հակազդեցութիւն յառաջացնել: Թունաւոր այս բոյսերը այրելէ ետք ծուխ կը յառաջանայ, զոր ներշնչելու պարագային կրնայ թոքերու գրգռում պատճառել:

Մարդիկ թոյնին կրնան ենթարկուիլ հետեւեալ ձեւերով.

  • Ուղղակի շփում բոյսին հետ,
  • Անուղղակի շփում (գործիքներ, անասուններ կամ հագուստ, որոնց վրայ ուրուշիոլ կայ),
  • Այրուող բոյսերէ ուրուշիոլի մասնիկներու ներշնչում:

Մորթի հետ շփման ախտանիշները.

  • Կարմիր ցան (rash)` ենթարկուելէ ետք, քանի մը օրուան ընթացքին,
  • Ուռուցք,
  • Քերուըտուք,
  • Բշտիկներ, բիծեր եւ պալարներ:
Շտապ օգնութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եթէ անհատը ենթարկուի թունաւոր բոյսի,

  • Անմիջապէս լուալ մաշկը ալքոլով, թունաւոր բոյսերու մաքրիչով կամ իւղազերծող օճառով (օրինակ` աման լուալու օճառով) եւ արատահոս ջուրով (որպէսզի լուացքի լուծոյթները չչորնան մաշկի վրայ եւ հետագային չտարածեն ուրուշիոլը):
  • Եղունգներու տակը մաքրել խոզանակով:
  • Մորթին վրայ դնել թաց քոմփրեսներ, քալամինի քսուկ կամ հիտրոքորթիզոնային քսուք` քերուըտուքն ու բշտիկներու յառաջացումը նուազեցնելու համար:
  • Վարսակի (oat) ալիւրով լոգանքները կրնան թեթեւցնել քերուըտուքը:
  • Հակահիսթամինները կրնան թեթեւցնել քերուըտուքը:
  • Ծանր պարագաներու կամ եթէ ցանը դէմքի կամ սեռական օրկաններու վրայ է, հադկ է դիմել մասնագիտական բժշկական օգնութեան:
  • Եթէ ծանր գերզգայնութեան հակազդեցութիւն տեղի ունենայ, օրինակ` ուռուցք կամ շնչառութեան դժուարութիւն, հարկ է դիմել հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք:
Պաշտպանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Երկար թեւեր եւ ներքնազգեստներ, երկարաճիտ կօշիկներ եւ ձեռնոցներ:
  • Հագուստները առանձին մաքրիչներով տաք ջուրի մէջ լուալ:
  • Օգտագործել մորթի արգիլող քսուքներ (barrier cream), ինչպիսին է bentoquatam պարունակող լոսիոնը. անոնք կրնան որոշակի պաշտպանութիւն տալ:
  • Չայրել բոյսերը կամ տախտակներու կոյտերը, որոնք կրնան պարունակել թունաւոր բաղեղ, կաղնի կամ աղտոր[2]:
Այրող բոյսերու ծուխէն պաշտպանութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այրող բոյսերու ծուխը ներշնչելը կրնայ լուրջ շնչառական հարցեր յառաջացնել:

Երբ այրող թունաւոր բոյսերու ազդեցութիւնը անխուսափելի է, գործատուները պէտք է աշխատողներուն ապահովեն R-95, P-95 դիմակներ (վայրի բնութեան հրշէջները պաշտպանութեան աւելի բարձր մակարդակ պէտք ունին (SCBA, CABA) ):

Այս դիմակները կը պաշտպանեն այրող թունաւոր բոյսերու ազդեցութենէն, բայց չեն պաշտպաներ ծուխին մէջ գտնուող այրման բոլոր արտադրանքներէն, օրինակ` ածխածինի մոնօքսիտը (Carbon Monoxide):

Շնչառական դիմակները պէտք է ճիշդ եւ միշտ կրել զանոնք թոյներու ենթարկման վտանգի պարագային:

Որպէսզի դիմակը արդիւնաւէտ ըլլայ, պէտք է ամուր փակած ըլլայ զայն օգտագործողին դէմքին[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Outsmarting Poison Ivy and Other Poisonous Plants»։ U.S. Food and Drug Administration: Consumer Updates։ 9 June 2021։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 June 2009-ին 
  2. Պաշտպանութիւն
  3. Թունաւոր Բոյսեր