Թովմաս Աճէմեան

Թովմաս Աճէմեան
Ծնած է 1899
Ծննդավայր Քիշնեւ, Բեսարաբյան գուբերնիա, Ռուսական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռումանիա
Մասնագիտութիւն գրագէտ, զինուորական

Թովմաս Աճէմեան (1899, Քիշնեւ, Բեսարաբյան գուբերնիա, Ռուսական Կայսրութիւն), սպայ, ռումանական բանակի, գրող։

Աճէմեան նախնական ուսումը առած է տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ, Տէր Ներսէս Արք. Խուտավերքեանի առաջնորդութեան օրով, յետոյ Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը աւարտելէ ետք 1914-ին, Օտեսայի թնդանօթաձիգ ռուսական վարժարանը կը մտնէ եւ 1915-ին, համաշխարհային պատերազմի երկրորդ տարին, Նոյեմբերի մէջ իբրեւ սպայ ռուսական բանակի, կը մասնակցի բոլոր կռիւներուն տարբեր ճակատներու վրայ, մինչեւ 1918: Կը ստանայ սպայի երկու աստիճանները եւ չորս ռազմական շքանշաններ: 13 տարի իբր թղթակից կ'աշխատակցի ռուսական թերթերուն, հայ պատմութեան ու մշակոյթի մասին զանազան յօդուածներ գրելով, մամուլի մէջ հասարակ թղթակիցէն մինչեւ դեր-խմբագիր ու պատասխանատու խմբագիր ըլլալով: 1927-ին ռումանական բանակի սպայ կ'անուանուի: 1922-1923 Քիշնեւի հայ որբերու կոմիտէի օգնութեան քարտուղար կ'ըլլայ, իսկ 1922-ին Քիշնեւի պատգամաւոր՝ ռումանահայ թեմականի, կը մասնակցի ժողովներուն:

Պ. Թ. Աճէմեան քանի մը տարի առաջ ռումանական լեզուով ու գիրերով Ն. Վ. Կաբոլոս Թգ.ի եւ իշխան Միհայ Վոյվոտի դէմքերը առանձին հրատարակեց, այնպէս որ ընթերցողը երբ վերոյիշեալներու կենսագրութիւնը կը կարդայ, միեւնոյն ատեն այդ կենսագրութեան տառերով գծուած դէմքը իր առջեւ կ'ունենայ: Ռումանական կառավարութիւնը գնահատեց Պ. Աճէմեանի այս գործը, նիւթապէս վարձատրեց եւ հրամայեց որ պաշտօնական վայրերու մէջ դրուին անոնք:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, էջ 113-114։