Թովմաս Չարշաֆճեան
Թովմաս Չարշաֆճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1872 |
Ծննդավայր | Տիգրանակերտ |
Մահացած է | 1 Յունուար 1954 |
Մահուան վայր | Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Ուսումնավայր |
Պէրպէրեան Վարժարան Ռոպերթ Գոլէճ |
Մասնագիտութիւն | Խմբագիր |
Աշխատավայր | Հայրենիք |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր |
Թովմաս Չարշաֆճեան (1872, Տիարպեքիր, Թուրքիա - 1 Յունուար 1954, Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ խմբագիր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1872-ին։ Յաճախած է տեղւոյն վարժարանը, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, Րոպըրթս Քոլէճը առանց աւարտելու անցած է Լոնտոն հետեւելու բժշկութեան։ Նիւթական դժուար կացութեան պատճառով կը լքէ ուսումը։ 1895-ին կը Ամերիկա մեկնի, ուր մեծ թիւով գաղթած Արեւմտահայերու զանգուած մը կ՚ապրէր։
Ամերիկա հասնելէն ետք ան փնտռած է թերթ մը, որուն կարենար աշխատակցիլ[1]: Ամերիկայի հայ լրագրութեան հայրը եղած է Հայկակ Էկինեան, որ յաջորդաբար սկսած է հրատարակել զանազան թերթեր՝ «Արեգակ», «Սուրհանդակ», «Ազատութիւն»[2]: Էկինեանի թերթը եղած է նաեւ «Տիգրիս»ը[3], որուն կապուած է նաեւ Չարշաֆճեան։ Չարշաֆճեան եւ ուրիշներ շատ սուր կարիքը կը զգան «Հայրենիք»ի նման թերթի մը։
Չարշաֆճեան «Հայրենիք»ը խմբագրած է 1899 Մայիս 1-էն մինչեւ 1900-ի Մարտ 30-ը։
Վերջին 10-15 տարիներուն «Հայրենիք»ի առաջին խմբագիր Չարշաֆճեանը հիւանդ կեանք մը կ՛ապրի ու 1 Յունուար 1954-ին իր մահկանացուն կը կնքէ՝ Ֆրեզնոյի մէջ։