Jump to content

Թիթանիք

Թիթանիքը աղէտէն չորս օր առաջ

Թիթանիք, կամ Թայթանիք (անգլերէն՝ Titanic), անգլիական անդրատլանտեան շոգենաւ, «Օլիմփիք» (Olympic-class ocean liners) դասի երկրորդ նաւը։ Կառուցուեր է Պելֆասթի մէջ «Հարլենտ ընդ Վուլֆ» նաւաշինարանում 1909-1912 թուականներուն «Ուայթ Սթար Լայն» նաւարկային ընկերութեան պատուէրով։ Շահագործումը սկսելու պահուն կը հանդիսանար աշխարհի ամէնամեծ նաւը. անոր ջրատարողութիւնը կը գերազանցէր «Օլիմփիք» երկուորեակ-նաւին 243 թոնով եւ կը կազմէր 52.310 թ.։ 1912 թուականի Ապրիլ 14-ի լոյս 15-ի գիշերը առաջին ուղեւորութեան ժամանակ բախելով սառցալերան՝ խորտակուեցաւ հիւսիսային Ատլանտեանի մէջ։

«Թիթանիք»-ի՝ կառուցուածքով նմանատիպ եռածաւալ շոգեմեքենայի գործելու սկզբունքը

«Թիթանիք»ի ուժային սարքաւորումը կազմուած էր երկու խումբ քառագլան եռածաւալ (steam engine) շոգեմեքենաներէ, որոնք տեղակայուած էին նաւամբարի տասնմէկերորդ հատուածի մասի վրայ եւ տասներկրորդ հատուածի մասի վրայ գտնուող ցած ճնշման շոգեջրանիւէն։ 12 մեթր բարձրութիւն ունեցող շոգեմեքենաները կը դարձնէին երկու եզրային պտուտակները[1], իսկ (turbine) ջրանիւը՝ մէջտեղինը։

Շոգեմեքենաներու եւ ջրանիւի, քեղիկոնի (turbine) միաժամանակեայ գործածումը ընթացքի յարաբերական բարձր արագութեան ժամանակ կը պաշտպանէր ուժեղ ցնցումներէն։ Առաջին անգամ «Ուայթ Սթար Լայն»ը նման համակարգ կիրառեր է «Լաուրենտիք» նաւի վրայ 1908 թուականին[2]: Ատոր հետ մէկտեղ «Թիթանիք»ը յագեցած էր 100 (volt) վոլտ (հայերէնով կը գրենք վոլտ) լարման հոսանք արտադրող չորս օժանդակ ելեկտրածին գործիքներով կամ արտակազմիչներով, այսինքն՝ (generators), որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր 400 հազար ուաթ հզօրութիւն։ Ելեկտրաէներկիայի այս չորս գլխաւոր աղբիւրներու կողքին շոգետախտակամածի հատուածի մասի վերեւը տեղադրուած էին եւս երկու ելեկտրածին գործիքներ կամ արտակազմիչներ այսինքն՝ (generators) իւրաքանչիւրը 30 հազար ուաթ հզօրութեամբ[3]: «Թիթանիք»ի ուժային սարքաւորումներու բոլոր տարրերը իրենց ծաւալներու եւ զանգուածներու (օրինակ՝ մխոցային շարժիչը կը կշռէր 720 թոն) պատճառով ամրացուած էին պողպատեայ սալերու[4]:

Ջրանիւի, քեղիկոնի (turbine), շոգեմեքենաներու, ելեկտրածին գործիքներու կամ արտակազմիչներու այսինքն՝ (generators) եւ օժանդակ (mechanism) մեքենականութիւններու համար գոլորշի կ'արտադրեն 48,5 թոն ծաւալով 24 երկհոսք կաթսաներ եւ հինգ միահոսք կաթսաներ[5]: Իւրաքանչյուր կաթսայի տրամագիծը կը կազմէր 4,79 մեթր, երկհոսք կաթսաներու երկարութիւնը կը հասնէր 6,08 մեթրի, միահոսքերինը՝ 3.57 մեթրի։ Իւրաքանչիւր երկծաւալ կաթսայ ունէր վեցական հնոց, իսկ միածաւալը՝ երեքական։ Ատոնք կ'աշխատէին բնական ձգողութեամբ, իսկ կրակակալներու տակ օդ մղող օդափոխիչները կը բարձրացնէին անոր արդիւնաւէտութիւնը[3]: Կաթսայանոցները կը զբաղեցնէին նաւամբարի հինգերորդէն մինչեւ տասներորդ հատուածամասերը։ Ուժային սարքաւորումներու համակարգը գործարկելու համար մէկ օրուան մէջ կը պահանջուէր գրեթէ 610 թոն ածուխ[6]: «Թիթանիք»ի կաթսայանոցներուն մէջ իւրաքանչիւր հերթափոխին կ'աշխատէին աւելի քան 100 հնոցապաններ, որոնք ածուխը կը մատակարարէին ձեռքով եւ կը սպասարկէին 159 հնոցներ։

«Օլիմպիք»ի թիավարման պտուտակները, որոնք նոյնական են «Թիթանիք»ի շարժիչներու պտուտակներուն

Ջուրի գոլորշին կաթսաներէն երկու գլխաւոր 53 սմ. տրամագիծով շոգեխողովակներով կ'անցնէր շոգեզտիչներ, ուր անոնցմէ կը զատուէին կարծր մասնիկներն ու կաթիլային խոնաւութիւնը[7]: Շոգեմեքենայի առաջին՝ 1,3 մեթր տրամագիծով գլան գոլորշին 201°С ջերմաստիճանով կը հասնէր 151 տ/մ² ճնշման տակ։ Գոլորշին գլանի մէջ ընդարձակուելէն եւ վերեւ ու ներքեւ տեղաշարժուելէն յետոյ «կը թուլանար»՝ գլանէն դուրս գալով 55 տ/մ² ճնշմամբ եւ 161°С ջերմաստիճանով։ Այնուհետեւ կ'ուղղուէր 2,13 մեթր տրամագիծով միջին ճնշման գլան։ Այստեղ գործընթացը կը կրկնուէր եւ գոլորշին 17տ/մ² ճնշմամբ կ'անցնէր երկու ցած ճնշման 2,43 մ. տրամագիծով գլաններ։ Պտոյտներու 75-ի հասնող յաճախականութեամբ մէկ մեքենան կ'օգտագործէր մինչեւ 2,8 տ/ր գոլորշի[1]: Շոգեմեքենաներէն դուրս գալու պահուն գոլորշին ունէր 6,33տ/մ² ճնշում եւ 87°С ջերմաստիճան[8]: Այդ վիճակով ան մուտք կը գործէր ցած ճնշման շոգեջրանիւին (turbine), որուն գլանային միջաշաւիղի թաւալանիւի (rotor) տրամագիծը կը կազմէր 3,7 մ., իսկ զանգուածը՝ մօտաւորապէս 131 տ.։ «Թիթանիք»ի շոգեջրանիւը (turbine) օժտուած էր 16 հազար ձի հզօրութեամբ եւ ընթացքի ժամանակ կը կատարէր միջինը 165-190 պտ/վայրկեան։ Շոգեջրանիւի (turbine) մշակուած շոգին կը մտնէր նաւակողերու երկու շոգեխտարարներու մէջ։ Այդտեղ գոլորշին կ'անցնէր խողովակներու կողքով, որոնցմով պտոյտ կը կատարէր ծովային պաղ ջուրը։ Այդպիսով, պաղ խողովակներու վերեւը սառելով կը խտանար եւ քաղցրահամ ջուրը կաթիլներով կը հոսէր խտացուցիչի հիմնամաս, ուրկէ ալ ջրհանի կամ օդահաններու (pump) օգնութեամբ, խողովակաշարերու համակարգով, ջրահաւաք հեղուկամբարներով եւ զտիչներով, զայն մաքրելով իւղերէն, հրաթեփէն եւ կարծր մասնիկներէն, ետ կ'երթար կաթսաներ[9] նախապէս մակերեսային ջեռուցիչի մէջ տաքցած խողովակներէն, որոնք մշակուած գոլորշին բաց կը ձգեն ելեկտրածին գործիքները կամ արտակազմիչները, այսինքն՝ (generators) [10]: Այս երկու հիմնական բաշխիչներու հետ մէկտեղ գոլորշին կը մղուէր նաեւ դէպի օժանդակ մեքենականութիւններ, այդ թուով՝ ջրհաններ ու ելեկտրածին գործիքներ[3]:

Իւրաքանչիւր շարժիչ կը միանար թիապտուտակի մէկ սռնակի (shaft)։ Շարժիչի չորս ծնկաւոր սռնակներէն իւրաքանչիւրը կը կշռէր 118 թոն[7]: Կեդրոնական քառաթեւ պտուտակի տրամագիծը կը կազմէր 5,2 մ., իսկ երկու եզրային եռաթեւերինը՝ 7,2 մ.։ Լրիւ ընթացքի ժամանակ կեդրոնական պտուտակը կը պտտէր 180 պտ/ր-ում, իսկ արտաքինները՝ 80 պտ/ր-ուն[5]: Պտուտակներու թեւերը պատրաստուած էին պղինձի եւ մանգանի համաձուլուածքէն։ Նաւի ողջ ուժային սարքաւորման համակարգը օժտուած էր 55 հազար ձիաուժ հզօրութեամբ[11]:

Մի շարք փրկամակոյկներ «Թիթանիքի» վերին տախտակամածի քթային հատուածին։ Առջեւի կարգին № 8 փրկամակոյկն է, յետին՝ № 2:

«Թիթանիք»ի վրայ կար 20 փրկամակոյկ՝ նաւահեծաններով կախուած 16 վեցթիանի փայտեայ մակոյկ եւ 4 փայտեայ յատակով եւ առագաստաւոր չորս թիակով ծալովի մակոյկ։ 16-էն 14 մակոյկներու վրայ կարող էին տեղաւորուիլ 65 մարդ։ Նաւապետի կամրջակէն առաջին մակոյկներուն ամրացուած էին շրջուած երեսի վրայ «հերթապահ» մակոյկներ՝ 40 մարդ տարողութեամբ։ Ատոնք նախատեսուած էին արտակարգ դէպքերու համար (օրինակ՝ երբ ջուրի մէջ մարդ յայտնուէր)։ Ծալովի փրկամակոյկներու իւրաքանչիւրը հաշուարկուած էին 47 մարդու համար։ Մակոյկներու ընդհանուր տարողութիւնը 1178 մարդ էր այն պարագային, երբ շոգենաւը նախատեսուած էր 2556 ուղեւորի եւ անձնակազմի 908 անդամի համար[12]: Այդ ժամանակուան անգլիական ծովագնացութեան օրէնսգրքի համաձայն, նաւուն վրայ մակոյկներու քանակը կը համապատասխանէր ոչ թէ նաւուն վրայ մարդկանց քանակին, այլ նաւու զանգուածին։ Այդ օրէնսգիրքը կազմուեր էր 1894 թուականին եւ կը սահմանէր, որ բոլոր աւելի քան 10 թոն զանգուած ունեցող (այդ ժամանակ ամէնախոշոր) նաւերու վրայ պէտք է ըլլայ նաւահեծաններէն կախուած 16-էն ոչ պակաս փրկամակոյկ։ Յետագային կառուցուեցան 10.000 թոն քանի մը անգամ գերազանցող զանգուած ունեցող նաւեր, սակայն ատոնց փրկամակոյկներով յագեցուածութեան՝ առեւտուրի նախարարութեան պահանջները մնացին նոյնը։

Փրկամակոյկները պատրաստուեր էին նոյն «Հարլենտ էնտ Վուլֆ» նաւաշինարանի մէջ, «Թիթանիքի» կառուցման ժամանակ։ Փայտէ մակոյկներու իրանը պատրաստուած էին սոճու տախտակներէն, ողնացռուկները՝ կաղնիէ, իսկ ողնափայտն ու ղեկի լողաթեւերը՝ ծփիէն: 65 տեղնոց մակոյկի երկարութիւնը 9,5 մեթր էր, լայնութիւնը՝ 2,7 մեթր։ «Հերթապահ» մակոյկները ունէին 7,5 մեթր երկարութիւն[13]: Ծալովի մակոյկները կազմուած էին ամբողջական տախտակէ յատակով եւ առագաստային նաւակողերով, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային կը քանդուէին։

Ոչ շարժական չորսական փրկամակոյկներ տեղակայուած էին վերին (նաւակային) տախտակամածի առաջնային եւ նաւախելի այսինքն՝ նաւի ետեւի մասի հատուածներուն մէջ։ Ատոնք թուագրուած էին առաջնամասէն նաւախելի այսինքն՝ նաւի ետեւի մասի ուղղութեամբ, ձախ կողմի վրայ զոյգերը, աջ կողմի վրայ՝ կենտերը: Բոլոր ոչ շարժական փրկամակոյկները իրանով ամրակցուած էին նաւահեծաններուն եւ բացառութեամբ «հերթապահ» մակոյկներու, կը պահուէին կպրլաթով կամ մոմլաթով (tarpaulin) ծածկուած փայտէ կառոյցի հատուածներուն մէջ[14]: Ծալուող փրկամակոյկները նշուած էին լատինական A, B, C եւ D տառերով[14]: Երկու ծալովի փրկամակոյկ կը պահուէին կամրջակի կողքի նաւահեծաններուն մօտ, «հերթապահ» մակոյկներու կողքին, միւս երկուքը՝ սպայական նաւախուցերու տանիքներուն վրայ։ Վերջինները շատ դժուար էր իջեցնել եւ նախապատրաստել ջուր իջեցնելուն, քանի որ ատոնք ծանր էին եւ ձեռքով կը տեղաշարժուէին[15]:

«Թիթանիքի» վրայ նաւահեծանները տեղադրեր էր շուէտական «The Welin Davit and Engineering» ընկերութիւնը. այդ ժամանակ ատոնք մակոյկները ջուր իջեցնելու ամէնէն առաջաւոր սարքաւորումներն էին[16]: Առաջին փրկամակոյկը իջեցնելէն յետոյ ատոնք կրնային հակերես դարձնել (այսինք՝ հակառակ երեսը դարձնել) նաւակային տախտակամածի կողմը եւ այնտեղէն վերցնել միւս մակոյկները[17]: «Թիթանիք»ի սկզբնական նախագիծով նախատեսուած էր 48 փրկամակոյկի տեղաւորումը նաւուն վրայ, սակայն նաւի սեփականատէրերը պնդեցին, որ ատոնց թիւը կրճատուի մինչեւ 20[16]:

Հայազգի ուղևորներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Թիթանիք»ի մէջ եղած են 6 հայ, որոնցմէ փրկուած են երկուքը.

  • Օրսէն Սիրայանեան
  • Նշան Գրիգորեան, փրկուած է
  • Սարգիս Մարտիրոսեան
  • Դաւիթ Վարդանեան, փրկուած է
  • Յարութիւն (Օրթին) Զաքարեան
  • Մ. Տեր Զաքարեան

Ընթերցանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետազօտութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]