Jump to content

Ըրվինկ Թալպըրկ

Irving Thalberg (1929)

Իրվինկ Կրէնթ Թալպըրկ (անգլ.՝ Irving Grant Thalberg 30 Մայիս, 1899 – 14 Սեպտեմբեր, 1936) Ամերիկացի ֆիլմի արտադրիչ մըն էր վաղ ֆիլմի օրերուն: Ան կոչուած էր «Հրաշալի Տղան» (անգլ.՝ "The Boy Wonder") իր երիտասարդ տարիքին համար, ինչպէս նաեւ իր կարողութեան զատելու լաւ թատերագիրներ, դերասաններ, ֆիլմի պատրաստութեան կազմ մը եւ պատրաստելու հասութաբեր ֆիլմեր, ինչպէս Grand Hotel, China Seas, Camille, Mutiny on the Bounty, եւ The Good Earth: Անոր ֆիլմերը միշտ կը համեմատէին համաշխարհային ֆիլմի պահանջքներու, ցուցադրելով «երանելի պատկեր մը Ամերիկեան կեանքի որ կը դառնար անձնական ազատութեան ու ռամկավարութեան շուրջ», կ'ըսէ կենսագրագիր Ռոլընտ Ֆլամինի:[1]Կաղապար:Rp

Ծնած է Պրուքլին, Նիւ Եորք: Փոքր տարիքէ ան կը տարապէր սրտի հիւանդութենէ մը որուն պատճառաւ բժիշկները կը կարծէին, թէ ան պիտի մահանայ երբ 30 տարեկան դառնայ: Երկրորդական դպրոց աւարտելէ ետք ան աշխատեցաւ խանութպանի մը քով արտուայ ընթացքին, եւ առաւ տպագրութեան/լեզուական դասեր գիշերուան ընթացքին: Ժամանակ մը ետք, ան գործ գտաւ հաշուապահութեան Universal Studios ընկերութեան Նիւ Եորքի գրասենեակին մէջ, որմէ ետք ստանցնեց սթուտիոյի մը վարելը ընկերութեան Լոս Անճելըսի բաժամունքին մէջ: Այդ գործի 3 տարուայ ժամանակայատուածին ընթացքին առիթը կ'ունենայ շուրջ 100 ֆիլմի պատրաստութիւններու ականատես դառնալ:

Լոս Անճելըսի մէջ ան կը համագործակցի Լուի Պ. Մէյըրի հետ եւ միասին կը հիմնեն Metro-Goldwyn-Mayer (MGM) ընկերութիւն: Ան կը դառնայ արտադրական գլուխ պատասխանատուն 1925-ին երբ ան միայն 26 տարեկան էր, օգնելով MGM դառնայ ամէնէն յաջող ֆիլմի ընկերութիւնը Հոլիուուտի մէջ: Իր 12 տարիներու ընթացքին ընֆերութեան մէջ մինչեւ իր վաղ մահը 37 տարեկանին, ան օգնած է արտադրելու շուրջ 400 ֆիլմ: Առաւելաբար, ան ծանօթացուց նոր ժանր մը ֆիլմերու որ ահն էր, ինչպէս «Production Code»: 1920ական եւ 1930ական թուականներուն ան նաեւ առաջին անձը եղաւ ծանօթացնելու գրական քլասիք գիրքերու ֆիլմի տարբերակները պատրաստելով:

Թալպըրկ «ստեղծեց» մեծ թիւով դերասաններ եւ անոնց պաստարային մակարդակը բարելաւեց տարիներու ընթացքին: Անոնցմէ են՝ Լոն Չէյնի, Ռամոն Նովարո, Ճոն Կիլպըրթ, Ճոն Քրոֆըրտ, Քլարք Կէյպըլ, Ճին Հարլո, Ուալըս Պիրի, Լուիզ Ռէյնըր, Կրէթա Կարպո, Լայնըլ Պէրիմոր, եւ Նորմա Շիրըր (ով իր առաջին կինը դարձաւ): Ան կարողութիւնը ունէր մակարդակը եւ ընդհանրական յաջողութիւնը միացնելու ու արուեստական լաւ գործը համապատասխանելու ժողովուրդի ֆիլմի պահանջքին: Անոր մահէն ետք, արտադրիչներ կ'ըսէին, թէ անոր գործերը այժմէական ֆիլմի պատմութեան մէջ ամէնէ լաւերէն են: ԱՄՆ-ի նախագահ Թիոտոր Ռուզվըլթ ըսած է, «Արուեստի աշխարհը ախքատացաւ Իրվինկ Թալպըրկի մահուամբ: Իր բարձրորակ իտէալները եւ երեւակայութիւնը պատճառն էին իր ֆիլմի արտադրութիւններուն»: Irving G. Thalberg Memorial Award մրցանակը, երբեմն կը տրուի Ֆիլմի Ակադեմիային (Academy of Motion Picture Arts and Sciences) կողմէ 1937էն ի վեր արտադրիչներու որոնք արժանի են:[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Flamini
  2. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Hoberman