Դիակ
Դիակ, դի, բժշկական եւ իրաւաբանական կիրառութեամբ` մարդու մահացած մարմին[1][2]:
Մարմնի քայքայումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարդու մարմնի քայքայուածութեան աստիճանի ուսումնասիրութիւնը կ'օգնէ բացայայտել, թէ որքան ժամանակ է մարդը մահացած եղել։
Քայքայման աստիճանները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքնալուծութիւնը քայքայման աառաջին աստիճանն է, որու առաւել տարածուած անուանումը` ինքնամարսումն է։ Այս փուլի ընթացքին մարմնի բջիջները կը ոչնչանան սեփական մարսողական բնախմորներու (enzymes) ազդեցութեամբ։ Ատոր արդիւնքով կ'առաջանայ հեղուկ մը, որ կը կուտակուի մաշկի շերտերուն միջեւ, անոր պատճառով մաշկը կը սկսի առանձնանալ։ Այս փուլի ժամանակ շրջապատի ճանճերը կրնան ձուադրել մարմնի անցքերուն մէջ` աչքերուն, քթանցքներուն, բերանին, ականջներուն, բաց վէրքերուն մէջ եւ այլն։ Առաջացած թրթուրները կը սկսին սնիլ մարմնով։
Քայքայման երկրորդ աստիճանը մարմնի փքուիլն է։ Աղիքներու մանրէյաբոյսերը (bacteria) կը սկսին քայքայել մարմնի հիւսուածքները, առաջացած կազը կը կուտակուի բարակ աղիներուն մէջ, որ կ'առաջացնէ փքում։ Այս ընթացքը տեղի կ'ունենայ որովայնի խոռոչին մէջ, յաճախ` բերանին եւ սեռական օրկաններուն մէջ։ Լեզուն կրնայ կուլ տրուիլ, որ տեղի կ'ունենայ քայքայման երկրորդ շաբաթուան մէջ։
Վերջին եւ ամենաերկար փուլը փտումն է։ Փտման ընթացքին կը սկսին քայքայուիլ մարմնի մեծ օրկանները, հիւսուածքները կը հեղուկանին։ Մարսողական օրկանները, գլխուղեղը եւ թոքերը առաջինը կը քայքայուին։ Սովորական պայմաններուն մէջ, երեք շաբաթ անց օրկանները հնարաւոր չէ տարբերակել։ Մկաններով կրնան սնիլ մանրէյաբոսյերը կամ կենդանիները։ Սովորաբար քանի մը տարի անց, մարմնէն կը մնայ միայն կմախքը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Կաղապար:Գիրք:Աղայան
- ↑ New Oxford Dictionary of English, 1999. cadaver Medicine: or poetic/literary: a corpse.
|