Jump to content

Անտառային հրդեհներ

Անտառային հրդեհներ, անոնք կը յառաջանան` մարդուն պատճառով, անզգուշութիւն կամ արկածական ձեւով, փճացած ելեկտրական թելի մը, խորովածի մը կրակէն խուսափած կայծի մը, կամ չմարած ծխախոտի մնացորդի մը պատճառով[1]:

Կը պատահի, որ անձ մը կամաւոր կերպով հերդեհի մը պատճառ դառնայ: Հազուադէպօրէն հրդեհը կրնայ բնական պատճառներէ յառաջանալ, երբ կայծակը կ'իյնայ ծառի մը չոր կոճղին վրայ:

Հրդեհներուն յառաջխաղացքի կանխում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անտառային հրդեհներուն պարագային, հրշէջները կը միջամտեն ջուրով լեցուն իրենց փոխադրակառքերով, օդանաւերով եւ ուղղաթիռներով: Անոնք կրնան նաեւ հրդեհին ճամբուն վրայ գտնուող անտառին փոքրիկ մաս մը այրել` հրդեհին յառաջխաղացքը կանխելու համար[2]:

Այս հրդեհներուն աւելի լաւ տիրապետելու համար մասնագէտները կ'ուսումնասիրեն անոնց վարուելակերպը` ըստ օդերեւութաբանական պայմաններուն, շրջանին եւ բուսականութեան:

Անոնք ամբողջ տարուան ընթացքին պէտք եղած քայլերուն կը դիմեն` պահպանելու համար անտառները:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]