Jump to content

KFC

KFC

KFC (անգլ.՝ KFC, «Kentucky Fried Chicken» [թարգ․՝ Քենթուքեան տապկուած հաւ]), արագ սնունդի ամերիկեան համաշխարhային կազմակերպութիւն:

Մասնագիտացած է տապկուած հաւի միսով ուտեստներու եւ այլ ճաշատեսակներու մատուցման մէջ։ Անոր արձանագրած վաճառքներու հաշիւներուն պատճառով կը նկատուի աշխարհի երկրորդ հսկայ եւ ծանօթ կազմակերպութիւնը:

2013 թուականի Դեկտեմբեր ամսուան դրութեամբ ցանցն ունի 18,875[1] սնունդի կէտեր աշխարհի 118 երկիրներու մէջ: «Pizza Hut» եւ «Taco Bell» ցանցերուն հետ համատեղ կը հանդիսանայ «Yum! Brands»[2] ճաշարանային ընկերութեան ստորաբաժանումը:

KFC Երեւան, 2018

Հարլանդ Սանդերսը ծնած է 1890 թուականին Հենրիվիլէն դուրս ֆերմայի մէջ, Ինտիանա նահանգը (Կենտուկի նահանգին մօտ)։ Երբ Սանդարան հինգ տարեկան էր, անոր հայրը մահացաւ, ստիպուած մայրը աշխատանքի անցաւ պահածոյացման գործարանի մը մէջ։ Ան ձգեց Սանդերսը, որպէս աւագ որդի՝ հոգ տանելու իր երկու կրտսեր եղբայրներուն։ Երբ ան դարձաւ 7 տարեկան, իր մայրը իրեն սորվեցուց եփել։ 13 տարեկանին ընտանիքէն հեռանալէն յետոյ, Սանդերսը անցաւ տարբեր մասնագիտութիւններու, ունենալով տարբեր բնագաւառներու մէջ տարբեր յաջողութիւններ։ 1930 թուականին ստացած է պենզալցակայան ԱՄՆ֊ի 25֊րդ մայրուղիի վրայ, Շել (Shell) մակնիշի, որ կը գտնուէր հիւսիսային Քորպինէն դուրս, Քենթըքիի մէջ։ Անիկա փոքր քաղաք էր Աբալաչիան լեռներու եզրին։ Այստեղ ան ճամբորդներու համար կը պատրաստէր ուտելիքներ, որոնց բաղադրատոմսերը սորված էր մանուկ հասակին։ Կը պատրաստէր տապկուած հաւ եւ այլ ճաշատեսակներ, օրինակ սթեյք։ Չորս տարի իր սեփական սեղանին շուրջ աշխատելէն յետոյ, ճանապարհի միւս կողմը ձեռք բերաւ աւելի մեծ բենզալցակայան եւ սեղաններու քանակը դարձաւ վեց։ 1936 թ-ին իր ընկերութիւնը յաջողակ դարձաւ Սենդերսիի համար, քանի որ ստացաւ գեներալ-գնդապետ Քենթուկի պատուաւոր կոչումը` մարզպետ Ռուպի Լուֆունէն։ 1937 թ-ին ան ընդլայնած է իր ճաշարանը մինչեւ 142 նստատեղ եւ աւելացուցած է մոթել մը, որ ան գնած էր նոյն փողոցին մէջ, զայն անուանելով Sanders Court & Café:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ռեստորանների հաշվարկ»։ «Yum! Brands»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-02-02-ին։ արտագրուած է՝ ապրիլ 3, 2014 
  2. ««Yum! Brands». գլխավոր պաշտոնյաներ»։ «Yum! Brands»։ արտագրուած է՝ սեպտեմբեր 8, 2013 
  3. (հայերեն) KFC, 2024-11-29, https://hy.wikipedia.org/wiki/KFC, վերցված է 2025-05-23 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]