Deep Purple (Տիփ փէօրփլ)՝ 1968 թուականին ԱնգլիոյՀերդֆորտ քաղաքին մէջ հիմնուած ռոք խումբ մըն է: Խումբը հարտ ռոքի եւ հեւի ռոքի հիմնադիրներէն մէկը համարուելով հանդերձ, ժամանակի ընթացքին իր երաժշտական ոճը տարբերուած է: Սկիզբը յառաջդիմական ռոք խումբ մը ըլլալով հիմնուած է Տիփ փէօրփլը՝ 1970-էն սկսեալ աւելի ծանր ոճի մը անցաւ: 1970-ականներուն անգլիական հարտ ռոքին եւ հեվի մէդալ գնացքը որոշող խումբերէն մեկն է: Խումբի հիմնադիր կիթա-ահար Ռիչի Պլեքմոր, այժմ՝ խումբին մաս չի կազմեր: Խումբը իր անունը Բիդր Տէօ Ռոսէш յօրինած նոյն անունը ունեցող երգէն կ'առնէ: Այս անունը առնելու պատճառը Ռիչի Պլեքմորին հօրենական մեծմօրը այս երգը շատ սիրելն ու իրեն այս անունը առաջարկելն է: Խումբը 1960-ականներուն սկիզբէն ի վեր ազդած է ռոք երաժշտութեան վրայ[1]: