127 Ժամ
127 ԺԱՄ | |
---|---|
Բեմադրիչ | Տէնի Պոիլ |
Արտադրիչ | Քրիսթիան Քոլսըն, Տէնի Պոիլ եւ Ճոն Սմիթսըն |
Թատերագիր | Սայմըն Պէօֆոյ |
Հիմնուած | Between a Rock and a Hard Place |
Երաժշտութիւն | A. R. Rahman |
Արտադրող ընկերութիւններ |
Fox Searchlight Pictures եւ Pathé |
Տեւողութիւն | 94 վայրկեան |
Երկիր | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Լեզու | Անգլերէն |
Պիւտճէ | $ 18 մլն |
Շահոյթ | $ 60 մլն |
«127 Ժամ» (անգլերէն՝ 127 Hours)` Արոն Ռալսթընի «Քարի եւ զնտանի միջեւ» (անգլերէն՝ Between a Rock and a Hard Place) գիրքի հիման վրայ նկարահանուած ֆիլմ։ Նկարահանած են նախկինին «Միլիոնատէրը յԵտնախորշէն» ֆիլմի վրայ համատեղ աշխատած բեմադրիչ Տէնի Պոյիլն ու գրագէտ Սայմըն Պիւֆոյը։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ցուցադրութիւնը 2010 թուականի Նոյեմբեր 5-ին սկսած է։
Նիւթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆիլմին մէջ կը պատմուի 2003 թուականի Ապրիլ 25-ի Ուրբաթ օր տեղի ունեցած իրական դէպքի մասին, երբ լեռնագնաց եւ քանիոններ նուաճող Արոն Ռալսթընը (Ճէյմզ Ֆրանքօ) վճռած է այցելել Եութայ նահանգի Քանիոնլէնտ ազգային զբօսայգին։ Աւելի քան 300 քիլոկրամնոց քարի եւ ժայռի միջեւ անոր ձեռքը սեղմուած մնալու հետեւանքով, ան հոն գերուած կը մնայ համարեայ վեց օր[1]։ Մինչեւ իր երթալը, ան ոչ մէկուն ըսած էր, թէ ուր կ'երթայ։ Իր հետ առած փոքր քանակի ջուրն ու ուտելիքը սպառելէն ետք, ան կը հատէ իր դաստակը, այդ պատճառով ալ կը կարենայ դուրս ելլել քանիոնէն եւ գտնել նէտերլանտացի զբօսաշրջիկներ, որ կը կանչեն փրկարար ծառայութեան ուղղաթիռ։