101955 Պէնու

Պէնու աստեղնեակն, որ OSIRIS-REx-ը պատկերած է
(3 Դեկտեմբեր 2018)

101955 Պէնու (անգլերէն՝ Bennu նախնական նշանակումը՝ 1999 RQ36) Ապոլոնի խումբի ածխածնային (C տեսակի) աստեղնեակ մըն է: Գտած է Լինքըլնի Երկրամերձ Աստեղնեակներու Որոնման (LINEAR) նախագիծով 11 Սեպտեմբեր 1999-ին: Ասիկա վտանգաւորութիւն ունեցող աստեղնեակ մըն է: 101955 Պէնուն ունի մօտաւորապէս 492 մ տրամագիծ եւ Արեքիպոյի աստղադիտարանին կողմէ հանգամանօրէն դիտարկուած է:

Պէնուի ուսումնասիրութեան համար OSIRIS-REx տիեզերասարքն արձակուած է, Երկիր պիտի վերադառնայ 2023-ին՝ յետագայ վերլուծութիւններու համար[1][2]: Անիկա պիտի բերէ Պէնուի մակերեւոյթի եւ ուղեծիրի մանրամասները եւ պիտի հաշուէ անոր զանգուածը:[3]

Բնութագրական Տուեալներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սա աստեղնեակն ունի մօտաոր գնդաձեւութիւն: Մակերեւոյթը բաւականին հարթ է, հարաւային կիսագունդին ունի նշանակալի մեծութեան քարաբեկոր մը: Վերջին ուսումնասիրութիւնները ցուցնած են, որ աստեղնեակի տրամագիծը 484 մ է: Խտութիւնը ρ =1260±70 քկ/մ3, ինչը ջուրի խտութիւնէն փոքր-ինչ աւել է: Զանգուածը կը գնահատուի 7.8±0.9×1010 քկ:

2018 թուականի Դեկտեմբեր 11-ին ՆԱՍԱ-ն յայտարարութիւն[4] տարածած է Պէնուի վրայ ջուր գտնելու մասին:

Երկիրին Բախուելու Հաւանականութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջինը 500 մ եւ աւելի տրամագիծով աստեղնեակը մը բախումը Երկիր մոլորակին հնարաւոր է շուրջ 130 000 տարին մեկ: Ներկայիս ճշգրիտ հաշուարկներով Պէնուի բախումը 0.037% հաւանականութիւնով պիտի տեղի ունենայ 2175 եւ 2196 թուականներու միջեւ[5]:

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]