Ֆրանսերէնը Քանատայի Մէջ
Ֆրանսերէնը Քանատայի մէջ. Քանատայի երկու պետական լեզուներէն մէկը, որ համազօր է անգլերէնին: Ամբողջ Քանատայի մէջ ֆրանսերէն խօսող քանատացիներու թիւը կը հասնի 7.2 միլիոնի (20.6%, 2016-ի տուեալներով)[1]։ Քանատայի ֆրանսախօս քաղաքացիները ֆրանսերէն լեզուն կը սորվին այլ երկիրներու ֆրանսախօսներու նման։ Քանատայի ֆրանսախօսներու աւելի քան 90%-ը կ՛ապրի Քէպէք, Օնթարիօ եւ Նիւ Պրանսուիկ (Ակատիա) մարզերուն մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին քանատացիները յայտնուած են ժամանակակից Քանատայի մէջ 1534-ի արշաւներու հետեւանքով։ Ֆրանսացիները Քանատայի մէջ սկսած են բնակիլ 1642-էն սկսեալ։ 1759-ին, երբ Մեծն Բրիտանիա գրաւած էր Նոր Ֆրանսան, Քանատայի մէջ կ՛ապրէին մօտաւորապէս 60000 ֆրանսախօսներ։ Նոր Ֆրանսայի վրայ յարձակման ժամանակաշրջանին ֆրանսերէնը շատ հալածանքներու ենթարկուած է բրիտանական իշխանութիւններու կողմէ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Government of Canada, Statistics Canada։ «Census Profile, 2016 Census - Canada [Country] and Canada [Country]» (անգլերեն)։ www12.statcan.gc.ca։ արտագրուած է՝ 2018-08-27