Ֆրանսերէնը Զուիցերիոյ Մէջ
Ֆրանսերէնը Զուիցերիոյ մէջ տարածուած է տեղական պատուա բարբառի եւ գրական ֆրանսերէնի տեսքով: Օյլ բարբառախումբին պատկանող բարբառները եւ պրովանսաֆրանսերէնը Զուիցերիոյ մէջ արդէն սահմանափակ կիրառութիւն ունին, թէեւ Ռոմանտիայի (ֆրանսական Զուիցերիա) տարեց բնակիչները կը շարունակեն պահպանել տեղական բարբառները, իսկ նոր սերունդը հետաքրքրութիւն ունի պատուայի նկատմամբ[1]: Պատուան կը կիրառուի եկեղեցական արարողութիւններուն մէջ եւ կը շարունակէ մնալ հեռաւոր գիւղերու ու փոքր քաղաքներու տարեց բնակիչներու խօսակցական լեզուն:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամանակակից Զուիցերիոյ մէջ Ռոմանտիական շատ շրջաններ, բացառութեամբ Ֆրիպուրի (1481), ընդգրկուած են բաւական ուշ (մօտաւորապէս 19-րդ դարու սկիզբ)։ Այդ պատճառով ալ այս տարածքները կրած են տարբեր ժամանակաշրջաններու քաղաքական եւ մշակութային տարաբնոյթ ազդեցութիւնները, ինչպէս` ռեֆորմացիա, Պեռնի ընդարձակում, ֆրանսական յեղափոխութիւն: Ֆրանսախօս սահմանակից տարածքները (յատկապէս օք եւ օյլ բարբառները օգտագործողները) մեծ ազդեցութիւն թողած են տարածքին կեանքին վրայ։ Սակայն, 19-րդ դարէն սկսեալ իրավիճակը փոխուած է. Ռոմանտիոյ մէջ արգիլուած էին ֆրանկոպրովանսերէնի քարոզումն ու ուսուցումը եւ աւելի նորաձեւ դարձած՝ գրական ֆրանսերէնի կիրառումը: Այդպիսով, 1990-ին ֆրանսախօս զուիցերացիներու միայն 2%-ը կրնար խօսիլ պատուա լեզուով:
Ժամանակակից կարգավիճակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընդհանուր առմամբ, ֆրանսերէնը եւ գրական ֆրանսերէնը կը համընկնին` ի տարբերութիւն գերմանական գրական լեզուին եւ անոր զուիցերական տարբերակին, որ կը կիրառէ Զուիցերիոյ գերմանախօս հատուածը: Ֆրանսացիներու ու Զուիցերացիներու ֆրանսախօս շրջաններու Զուիցերացիներու մէջ գրեթէ լիարժէք փոխհասկացուածութիւն առկայ է, սակայն վերջիններուս լեզուին մէջ կը նկատուին պատուայէն ու գերմաներէնէն եկող հնաբանութիւններ: Օրինակ՝ աւելի շատ կ՛օգտագործուին vattre et mouttre`père et mère-ի փոխարէն, poutzer՝ nettoyer-ի փոխարէն, speck՝ lard-ի փոխարէն, witz` blague-ի փոխարէն եւ այլն:
Այսպիսով, ներկայիս կ՛առանձնանան ֆրանսախօս զուիցերացիներու երեք շերտ` պատուա լեզուն օգտագործողներ, ֆրանսերէնի զուիցերական տարբերակը օգտագործողներ եւ ֆրանսերէն օգտագործողներ: Վերջինը կը կոչուի français fédéral եւ կը կիրառուի պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ` օգտագործելով գրական ֆրանսերէնի քերականութիւնը, բառապաշարը եւ շարահիւսութիւնը: Dictionnaire suisse romand-ը կը բնորոշէ français fédéral լեզուն իբրեւ վարչական լեզու, որով միայն կը գրեն եւ որ ապրող-խօսուող չէ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ««Patois» wird wieder Schulfach»։ Schweizer Fernsehen։ 8. November 2011[permanent dead link]