Ֆորմալ կրթութիւն
Ֆորմալ կրթութիւն, կրթութեան տեսակ, որ սովորաբար համակարգուած ձեւով կը մատուցուի որակաւորուած ուսուցիչներու կողմէ դպրոցին մէջ, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան կամ համալսարանի մէջ։ OECD կազմակերպութեան կողմէ սահմանուած ուսուցման երեք ձեւերէն մեկն է։ Միւսներն են՝ ինֆորմալ կրթութիւն (անգլ.՝ informal learning), որ սովորաբար կ՛ընթանայ որպէս գործունէութեան մէկ այլ տեսակի բաղադրիչ, եւ ոչ ֆորմալ կրթութիւն (անգլ.՝ non-formal learning), որ կը ներառէ մնացած ամէն ինչ, օրինակ՝ մարզական հրահանգներ, որոնք կ՛ուսուցանուին առանց ֆորմալ ուսումնական ծրագիրներու[1]։
Ֆորմալ կրթութեան տեսութեան ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տրամաբանական վստահելիութեան տեսութեան հետազօտութիւնը առաջին անգամ տեղի ունեցած է «ֆորմալ կրթութեան տեսութիւն» անուան տակ Օշերսոնի ուղղութեան հիման վրայ (1986)։ Այս անուանումը որոշ չափով մոլորութեան մէջ կը դնէ, քանի որ այն կ՛առաջարկէ ուսումնասիրել, թէ ինչպէս ուսանողները կը սորվին։ Հաշուի առնելով այդ հանգամանքը՝ Քեվիլ Քելլին այս մօտեցումը վերանուանեցաւ հաշուողական հմտաբանութիւն (1991, 1996), որ կ՛արտացոլէ հաշուարկային տեսութեան մէջ անոր ունեցած պատմական հիմքերը, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ խուսափիլ սխալ մեկնաբանութիւններէ։
Համակարգչային մասնագէտները փորձարարական տարբեր նպատակներով կ՛առաջարկեն եւ կը տրամադրեն ծրագիրներ։ Այս տեսանկիւնէն սորվիլը վստահելի հմտաբանութիւն է` ուղղուած փորձարարական տարբեր հարցերու պատասխանները գտնելուն։ Այդպիսով՝ ուսուցման տեսութիւնը մակաբերական խնդիրներու ու անոնց համախումբերու եւ լուծումներու ֆորմալ ուսումնասիրութիւնն է, ինչպէս գաղափարական, այնպէս ալ Turing-հաշուելի գործօններու պարագային։
1960-ականներու (Գոլտ, 1967) ֆորմալ ուսուցման տեսութիւնը կիրառուեցաւ լեզուի իւրացման տեսութիւններուն համար, որոնցմով երեխային կը խնդրէին իւրացնել իր մայրենի լեզուի քերականութիւնը։ Այլ կերպ՝ լեզուները կը ձեւաւորուին որպէս recursive անհաշուելի գործակից (կամ գործակիցներ), իսկ երեխան կը դիտուի իբրեւ պաշտօնակատար, որ կը պահանջէ հանգեցնել ճշգրիտ ցուցիչին տրուած մեծութեան բոլոր հնարաւոր արժէքներու պարագային։ Գրեթէ նոյն ժամանակ Ռեյչերբանչի ուսանող Հիլարի Փաթնամը (Putnam 1963) կիրառեց ուսուցման տեսութիւնը՝ քննադատելու Կարնափի հաստատման տեսութիւնը։ Փաթնամն կ՛ուզէր ցոյց տալ հաստատման հաւանականութեան տեսութեան՝ Կարնափի հիմնաւորման չափանիշները։ Կայ վարկած մը, ըստ որու՝ Կարնափի լուծումի algorithm-ը չի կրնար ուսումնասիրել նոյնիսկ վարկածի իւրաքանչիւր հնարաւոր օրինակը։ Խնդիրի հետագայ մաթեմատիկական մշակմամբ զբաղուած են Պլամն ու Պլամը (Blum and Blum 1975) եւ Անկուլինը (Angluin 1980)։
Տրամաբանական վստահելիութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆորմալ կրթութեան տեսութիւնը կ՛առաջարկէ վստահելիութեան յստակ սահմանուած հասկացութիւններ այն մեթոտներուն համար, որոնք պարտադիր պայման չեն հանդիսանար գիտելիքի համար։ Չնայած այդ աւանդական իմաստով Epistemiological առարկութիւն չէ, բայց այս տեսութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ գիտելիքի ուսումնասիրութեան հարցին մէջ[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Recognition of Non-formal and Informal Learning - Home»։ OECD
- ↑ Pilar Albertín, Antonia Dorado, Irene Mates, Intervenció-investigació en violències de gènere, Documenta Universitaria, 2015. ISBN 9788499842806
Տես նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Abrandt, Madeleine. 1997. Learning physiotherapy: the impact of formal education and professional experience. Lincopiae: University Press. ISBN 9178719321.
- Kelly, Kevin T. 1996. The logic of reliable inquiry. Novi Eboraci: Oxford University Press. ISBN 0195091957.
- Osherson, Daniel N., Michael Stob, et Scott Weinstein. 1986. Systems that learn: an introduction to learning theory for cognitive and computer scientists. Cantabrigiae Massachusettae: MIT Press. ISBN 0262150301.
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- http://mot.ruc.dk/flt.htm Archived 2016-03-05 at the Wayback Machine.