Jump to content

Օվէրն

Օվէրնի դրօշակը

Օվէրն (ֆր.՝ Auvergne/Auvèrnhe/Auvèrnha), նախկին կառավարական շրջաններէն մէկն է Ֆրանսայի մէջ: 2016-ի 1 Յունուարէն սկսեալ դարձաւ Օվէրն-Ռոն-Ալփ (ֆր.՝ Auvergne-Rhône-Alpes):[1] Փաղկացած է 4 մասերէ՝ Ալիէ, Փույ-Տը-Տոմ, Քանթալ եւ Հոթ-Լուար:

Օվէրնի քարտէս

Կառավարական շրջանը Օվէրնի աւելի լայնատարած է քան պատմական Օվէրնի նահանգը, Օքսիթանիայի 7 գաւառներէն մէկը, եւ կը ներառէ գաւառներ եւ շրջաններ, որոնք պատմականօրէն Ովէրնի մաս չեն կազմած: Օվէրնի շրջանը կազմուած է հետեւեալ հինգ գաւառներէն՝

  • Օվէրնի բաժանում՝ Փույ-Տը-Տոմ, հիւսիս-արեւմուտքը Հոթ-Լուարի, Քանթալ եւ ծայրայեղ հարաւը Ալիէ շրջանի: Օվէրնի գաւառը բոլորովին կը գտնուի Օվէրնի շրջանին մէջ:
  • Պուրպոնէ շրջանի Ալիէի բաժանում: Պուրպոնէի փոքր շրջան մըն ալ կը գտնուի Սանթր Վալ Տը Լուարի շրջանին մէջ:
  • Վէլայ՝ միջին եւ հարաւ-արեւելեան շրջանը Հոթ Լուարի: Վէլայը ամբողջովին կը գտնուի Օվէրնի շրջանին մէջ:
  • Փոքր բաժին մը Կէվոտան շրջանի՝ ծայրայեղ հարաւ-արեւմտեան Հոթ Լուար: Կէվոտաը կը գտնուի Լանտոք-Ռոսիոն շրջանին մէջ:
  • Փոքր բաժին մը Վիվարէ շրջանի՝ ծայրայեղ հարաւ-արեւելեան Հոթ-Լուար: Վիվարէն կը գտնուի Ռոն-Ալփի շրջանին մէջ:
  • Փոքր բաժին մը Ֆորէ շրջանի՝ ծայրայեղ հարաւ-արեւելեան Հոթ-Լուար: Ֆորէն կը գտնուի Ռոն-Ալփի շրջանին մէջ:

Օվէրնը փոքր քանակով բնակչութիւն ունեցող շրջան մըն է, ընդհանրապէս մեծամասնօրէն տարիքոտ մարդոցմով բնակուած: Օվէրնը ամէնէ քիչ քանակով բնակչութիւն ունեցող շրջաններէն մէկն է ամբողջ Եւրոպայի մէջ:

Ընդհանրապէս բնակչութիւն ունեցող շրջաններն են (2013-ի թիւեր)՝ Քլէրմոն-Ֆէրանտ (141,463),[2] Մոնթլուսոն (37,839),[3] Օրիլաք (26,572),[4] եւ Վիշի (25,325):[5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]