Օսկան Զօրեան
Օսկան Զօրեան | |
---|---|
Ծնած է | 1867 |
Ծննդավայր | Սվազ |
Մահացած է | 7 Յուն. 1927 |
Կրօնք | Քրիստոնեա |
Օսկան Զօրեան, ծնած 1867-ին Սվազ։ Պոլսոյ մէջ Ռէժիի կարեւոր պաշտօնեայ։ Պանքայի դէպքին փոխադրուած Եգիպտոս, ուրկէ 1900-ին նախկին պաշտօնով կը ղրկուի Պէյրութ եւ ուր կը մնայ մինչեւ 1915: Ա. Ընդհ. Պատերազմին, պետական ապահովութեան համար երբ Միջէրկրականի ափերէն հայ պաշտօնեաները կը փոխադրուին ներքին դաւառներ, Զօրաեան եւս կը ղրկուի Դամասկոս։ Հոն գտնուած շրջանին իր բարձր դիրքը կ՛օգտագործէ եւ թանկագին ծառայութիւններ կը մատուցանէ հայ գաղթականներուն, առանց նկատի ունենալու իրեն սպառնացող վտանքը։ Իր կողակցին՝ Տիկ. Եփրուհիին հետ խանդավառօրէն գործի կը լծուի, միակ նպատակ ունենալով օգտակար ըլլալ հայ ժողովուրդին։ Մեռաւ 7 Յուն. 1927-ին եւ թաղուեցաւ Դամասկոսի Ազգ. Գերեզմանատունը։ Իր միակ զաւակն է ատամնաբոյժ Տօքթ. Ալէքսան Զօրաեան, շրջանաւարտ Փարիզի Էքօլ Տանթերէն, այժմ հաստատուած Պէյրութ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր Ա, Պէյրութ, էջ էջ427։