Օննիկ Ուղուրլեան
Օննիկ Ուղուրլեան | |
---|---|
Ծնած է | 1926 |
Ծննդավայր | Թրիփոլի, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | լիբանանահայ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Երաժիշտ |
Օննիկ Ուղուրլեան, ծնած է 1926-ին: Թրիփոլի, Լիբանան:
Հալէպ անցնելով Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ ստացած է իր նախակրթութիւնը։ 1946-ին անցած Կիպրոս ուսումը շարունակելու Մելքոնեան հաստատութեան մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք երկու տարի որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին մէջ։
Մելքոնեանի մէջ է որ Օննիկ ցուցաբերած է երաժշտական իր կարողութիւնը ջութակ նուագելով եւ երգեր յօրինելով։
1950-ին որպէս Կիւլպէնկեան սան Փարիզ կը ղրկուի։ Հոս հինգ տարի կը հետեւի «Էքոլ Նորմալ տը Միւզիք»ի հարմոնիի, քօնթրբուանի դասընթացքներուն աշակերտելով Տիկ. Արթիւր Ոննիեթի եւ Ժորժ Տանըլոյի: Երեք «լիսանսներ» ստանալէ ետք միաժամանակ հետեւած է «Էքոլ Սետար Ֆրանք»ի երաժշտութեան եւ սիմֆոնիկ ղեկավարութեան դասընթացքներուն: 1955-ին կը ստանայ քոմփոզիթորի վկայական:
Իսկ «Զարթօնք» կը գրէ հետեւեալը Օննիկ Ուղուրլեանի մասին:
«Փայլուն յաջողութեամբ վերջացուցած է «Էքոլ Նորմալ տը Միւզիք»ի հարմոնիի եւ քոնթր փուանի քննութիւնները եւ ստացած է համապատասխան զոյգ վկայականներ մասնաւոր յիշատակութեան արժանանալով։
Ուղուրլեան Մելքոնեան կրթական Հաստատութեան 1946-ի շրջանաւարտներէն է եւ զաւակը Հայկ Ուղուրլեանի[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 182։