Օմրանի Լուսանկարը
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Օմրանի Լուսանկարը, այս լուսանկարը կը ցցնէ պզտիկ տղայ մը, լեցուն արիւնով որ կը դիտէ սաստած, մինչ կը գտնուի շտապ օգնութեան մէջ: Այս պզտիկի արտայայտութիւնը ցնցած է ոչ միային Սուրիան այլ ամբողջ աշխարհը: Մինչ քաղաքային պատերազմը կը շարունակուի յուսահատութիւնը ալ աւելի կը լեցուի մարդոց մէջ: Երեխան հինգ տարեկան է եւ անունը Օմրան Տաքնէշ է: Օմրանը մէկ տղան է հինգ պզտիկ տղաներէն որ վնասուեցան Չորեքշաբթի 17 Օգոստոս 2016-ին ոտային հարուածէն ետք Հալէպին դէմ: Փրկողները հազիւ կրցան զինք աւերակներուն մէջէն:
Օմրանը հիւանդանոց կը գտնուի հիմա եւ բժիշկները կը տեղեկացնեն, որ իր վիճակը անփոփոխ է: Երկու օր առաջ, գոնէ 19 մարդ, իրենց մէջ 3 երեխայ, սպանուեցան ռմբակոծումներու պատճարաւ որ եղան 2 թաղամասերու մէջ, որոնք անկանոն զօրքի տիրապետութեան տակ են: Այդ հարուածները որոնք եղան Շահուր եւ Դարիք ալ Պապ թաղամասերուն իբրեւ արդիւնք ունեցան շատ մարդոց վիրաւորումը նշեց Րամի Ապտէլ Րախման դիտարանին տնօրէնը: Հալէպը բաժանուած է անկանոն զօրքին թաղամասին եւ կառավարութեան պաշտպանողներու թաղամասին: Երկու կողմերն ալ վերջին ժամանակը օգնութիւն կը ստանան որպէսզի պատրաստ ըլլան մօտալուտ կռիւին, որուն նպատակն է նախկին տնտեսական Սուրիոյ մայրաքաղաքին ղեկավարումը: