Jump to content

Օզոնի Խաւը

Օզոնի խաւը մթնոլորտին մէջ գետնէն 20-50 քմ բարձր գտնուող խաւն է: Այս խաւը կազմուած է կազով մը` օզոնը[1]:

Անհրաժեշտութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օզոնի խաւը շատ կարեւոր դեր ունի, որովհետեւ բոլոր կենդանի էակները կը պահպանէ առողջութեան համար վնասակար արեւուն վտանգաւոր ճառագայթներէն` անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն: Ան կը կեցնէ այդ ճառագայթները եւ արգելք կ'ըլլայ, որ անոնք հասնին մինչեւ երկրագունդ: Առանց օզոնի խաւին` այս ճառագայթները մարդուն մորթը կ'այրեն եւ ծանր հիւանդութիւններ կը յառաջացնեն[2]:

Օզոնի խաւը կը պահպանէ նաեւ մոլորակը: Եթէ ան անհետանայ, բոյսերը նուազ լաւ կը բուսնին, եւ երկրագունդին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ:

Օզոնի խաւին ծակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1985-ին մասնագէտները կը նշմարեն, որ ան կամաց կամաց կ'անհետանար Անթարքթիքի երկնքին մէջ, հարաւային բեւեռին վրայ: Այս երեւոյթը կը կոչուի «օզոնի խաւին ծակը»: Ան կը յառաջանայ քլորոֆլուօքարպիւր կոչուած (CFC) կազերուն պատճառով: Այս կազերը կը գործածուէին սառնարաններուն, օդափոխիչներու եւ կարգ մը սրսկիչներու շինութեան մէջ: Երբ այս կազերը կ'արձակուին մթնոլորտին մէջ, անոնք կ'աւելցնեն քլոր կազին քանակը: Այս կազը կը փճացնէ օզոնը: Իսկ երբ օզոնի խաւը կը բարակնայ, շատ աւելի մեծ քանակով վնասակար անդրմանիշակագոյն ճառագայթներ կը հասնին երկրագունդ[3]:

Մոնրէալի փրոթոգոլը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

197 երկիր կ'որոշէ համաձայնագիր մը ստորագրել CFC կազերու գործածութիւնը արգիլելու համար: Այս համաձայնագիրը ճանչցուած է իբրեւ Մոնրէալի փրոթոգոլը, որ կը ստորագրուի 16 սեպտեմբեր 1987-ին:

Երեք տարի ետք այս կազին արտադրութիւնը կը դադրի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Անիկա կը փոխարինուի ուրիշ կազերով: Սակայն CFC կազերը ամբողջովին չեն անհետանար: Անոնք շատ երկար կեանք ունին, 50-100 տարի, եւ բազմաթիւ մարդիկ տակաւին կը շարունակեն գործածել գործիքներ, որոնք կը պարունակեն այդ կազը, ինչպէս` կարգ մը սառնարաններ:

Օզոնի ծակի անհետացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ նոր ուսումնասիրութեան մը, 2000 թուականներէն ի վեր օզոնի խաւի ծակին չափը կը պզտիկնայ:

1991-ին ան 26 միլիոն մեթր քառակուսի էր: Այժմ ան միայն 19 միլիոն մեթր քառակուսի է, այսինքն` Միացեալ Նահանգներու երկուքուկէս անգամը: Անիկա հասած է իր ամէնէն փոքր չափին` 1988-էն ի վեր:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]