Քրիս Ֆեներճեան
Քրիս Ֆեներճեան (1884, Պուլկարիա - 10 Մարտ 1925), ծանօթ է նաեւ Սիլվիօ Ռիչի, Քէօսէ Արիսթիտի, Քոչօ, Ալֆ Վոկան, Վահան կեղծանուններով։
Ծնած է 1884-ին, Պուլկարիա։
1921-ի ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։ Ֆեներճեանի շրջանը Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին տարիներու գործունէութեան ամէնէն փայլուն շրջանն է։
Անոր օրով տեղի ունեցած են ազգային իմաստով պատմական երկու փառաշուք հանդէսներ (հայկական ողիմպիականը եւ սկաուտական առաջին մեծ բանակումը Համահայկական այս մեծ ողիմպիականին աննախընթաց մրցումները եւ բարձրագոյն մրցանիշներ հաստատելու փաստերը բաւական են ըսելու, որ Քրիս Ֆեներճեանի Կեդրոնական Վարչութիւնը որքան մեծ գործունէութիւն ունեցած է 1921-1922 տարեշրջանին։
Ֆեներճեան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ. բոլորէն սիրուած ու յարգուած էր, նաեւ այն պատճառով, որ ինք Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալէ բացի, հայ ժողովուրդի յայտնի հերոսներէն մէկն էր, որ 1905-ին մասնակցած էր Սուլթան Համիտի մահափորձին։
Քրիս Ֆեներճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչն էր Հայաստանի Օգնութեան Մարմնին մէջ։
1922-ի քաղաքական ծանօթ դէպքերուն պատճառով եւ Թուրքիոյ մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան դադրեցումով, շատերու նման, ան եւս Պոլիսէն կ'անցնի Պուլկարիա եւ ապա վերջնականապէս կը հաստատուի Փարիզ, ուր երկարատեւ հիւանդութենէ ետք (հիւծախտ) կը մահանայ 10 Մարտ 1925-ին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Հերոսներ պարբերաթերթ։
- Հ․Մ․Ը․Մ-ի Յուշամատեան։