Քուալա
| Քոալա | ||||||||||
|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
| Գիտական դասակարգութիւն | ||||||||||
|
||||||||||
| Լատիներէն անուանում | ||||||||||
| Phascolarctos cinereus
Goldfuss, 1817
|
||||||||||
| Հատուկ պահպանութիւն | ||||||||||
| Արեալ | ||||||||||
|
|

Քուալա (լատ.՝ Phascolarctos cinereus), մագլցող պարկաւորներու ընտանիքի կաթնասուն կենդանի։ Մարմինի երկարութիւնը 60-82 սմ․ է, կշիռը՝ 5-16 քլ․։ Կը սնուի նվենիի տերեւներով։ Մորթը մոխրագոյն է, խիտ, փափուկ եւ արժէքաւոր։ Աւստրալիոյ ամէնայատնի կենդանիներէն մէկն է։ Թէեւ իր տեսքով կը նմանի արջին, սակայն կը պատկանի այն դասակարգին, ուր քանկուրուները արձանագրուած են։
Քուալա անունը յառաջ կու գայ gula բառէն, որ օգտագործուած է հին լեզուի մը մէջ (այժմ անհետացած լեզու մը, որ կը խօսուէր Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի տարածքին ապրող բնիկներէն)։
Քուալան անհետացումի վտանգի տակ է եւ վերջին տասնամեակին ծրագրուած ջանքեր կ'ըլլան, որպէսզի քուալաները փրկուին։
Կենսաբանական Նկարագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քուալաները երկար ականջներով եւ ոտքերով ամրակազմ կենդանիներ են։ Անոնց առջեւի երկու մատները աւելի զարգացած են։ Երկար եւ սուր ճանկերով մատները անոնց կ'օգնեն ծառերուն վրայ դիւրին բարձրանալ եւ շարժիլ։ Քուալայի մորթը շատ խիտ է եւ փափուկ, մոխրագոյն շագանակագոյն երանգներով։ Որովայնը եւ ականջներուն աճող երկար մազերը սպիտակ են։
Կենսակերպը եւ վերարտադրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Էգ քուալան կը վարէ միայնակ կեանք եւ կը բնակի որոշ տարածքի մէջ, ուրկէ հազուադէպ կը հեռանայ։ Արուները որոշ տեղ չեն ապրիր, սակայն իրար վրայ կը յարձակին երբ հանդիպին։ Միայն բազմացումի շրջանին է որ կը հաւաքուին եւ խումբեր կը կազմեն․ իւրաքանչիւր խումբ կը բաղկանայ մէկ չափահաս արուէ եւ քանի մը էգէ։
Կը զուգաւորուին ծառերուն վրայ։ 30-35 օրուան յղութենէ ետք կը ծնի միայն մէկ ձագ, որ ծնած ժամանակ կ'ունենայ 15-18 մմ․ երկարութիւն եւ կը կշռէ մօտաւորապէս 5.5 կրամ։ Ձագը մօր պարկին մէջ կը մնայ վեց ամիս, իսկ յետոյ վեց ամիս եւս մօր մազերէն բռնուելով կը ճամբորդէ անոր շալակին։
Քուալաները կը բազմանան տարուան մէջ 1-2 անգամ։ Էգերու սեռական հասունութիւնը 2-3 տարեկանին է, իսկ արուներունը՝ 3-4։ Կ'ապրին սովորաբար 12-13 (մինչեւ 20) տարի։
Տարածում եւ բնակավայր[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քուալաներու տարածման շրջանը կ'ընդգրկէ մօտաւորապէս 1,000,000 քառ. քիլոմեթր տարածք եւ 30 բնապահպանական գօտիներ (ecoregions): Անոնք կը գտնուին թէ՛ արեւադարձային եւ թէ՛ բարեխառն միջավայրերու մէջ՝ խիտ անտառներէն մինչեւ աւելի բացառուտ անտառային տարածքներ: Կիսաչոր կլիմայական պայմաններու մէջ անոնք կը նախընտրեն գետափնեայ բնակավայրերը, ուր մօտակայ առուներն ու գետակները ապաստան կը հայթայթեն երաշտի եւ չափազանց տաք օրերուն:
Անոնց տարածման գօտին կը ձգուի Աւստրալիոյ ցամաքամասին արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան հատուածներով, ներառեալ Քուինզլենտ, Նիւ Սաութ Ուէյլզ, Վիքթորիա եւ Հարաւային Աւստրալիա նահանգները: Քուալաները ներմուծուած են նաեւ քանի մը մօտակայ կղզիներ: Մակնեթիք կղզիի բնակչութիւնը կը ներկայացնէ անոնց տարածման հիւսիսային սահմանը:
Բրածոյ վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ ուշ փլէյսթոցէնի ժամանակաշրջանին քուալաներու տարածման գօտին կը հասնէր մինչեւ Արեւմտեան Աւստրալիոյ հարաւ-արեւմուտքը: Հաւանական է, որ այդ շրջաններուն մէջ անոնք բնաջնջուած են շրջակայ միջավայրի փոփոխութիւններու եւ բնիկներու որսորդութեան պատճառով: 1938-ին քուալաները ներմուծուած են Արեւմտեան Աւստրալիոյ Եանչեփ շրջանը, սակայն մինչեւ 2022 թուականը այդ բնակչութիւնը նուազած է՝ հասնելով ընդամէնը 4 առանձնեակի:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (անգլերեն) Koala, 2026-03-08, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Koala&oldid=1342278606, վերցված է 2026-03-12
- ↑ Աւստրալիոյ կենսաբանական կեանքին ապագան(անգլերէն)
- ↑ Քուալաները պիտի անհետանան եւ շատ ուշ է, որպէսզի փրկուին
