Քորքովատօ, Ռիօ տը Ժաներօ

Քորքովատօ, Ռիօ տը Ժաներօ, Պրազիլի խորհրդանիշը, այն գագաթը, որուն վրայ շինուած է Յիսուսի արձանը՝ աշխարհի կրօնական ամէնէն մեծ արձաններէն մէկը:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գագաթին բարձրութիւնը կը հասնի 710մ.-ի եւ շրջապատուած է Թիխուքայի անտառով: 1829-ին հոն շինուած է ճամբայ մը, իսկ 1884-ին հաստատուած է շոգեկառք մը` հասնելու համար մինչեւ գագաթ: 1931-ին շինուած է Յիսուս Փրկիչին արձանը: Յիսուսին արձանը ունի երեսունութ մեթր բարձրութիւն, իսկ անոր երկու բաց թեւերուն միջեւ լայնքը կը հասնի քսանութ մեթրի: 635 թոն ծանրութեամբ այս արձանը իսկապէս հրաշալիք մըն է, որուն շինութիւնը տեւած է աւելի քան ինը տարի (1922-1931)[1]. անոր մէջ կարելի է տեսնել ճարտարարուեստական կոթողի եւ արուեստի հրաշալիքը: Քանդակին մէջ ակներեւ է Քրիստոսի աչքերուն կարեկցանքի եւ գութի հաղորդակցութիւնը:

Արձանը ծովու մակերեւոյթէն 710մ. բարձրութեան վրայ կը գտնուի:

Այս արձանը յղացած է ֆրանսացի Փոլ Լանտովսքի, իսկ երկու ճարտարապետներ` պրազիլցի Հէյթոր տա Սիլվա Քոսթա եւ ֆրանսացի Ալպեր Քաքէ զայն իրագործած են: Արձանին շինութեան աշխատանքները ընթացած են Ֆրանսայի մէջ, որովհետեւ Պրազիլի մէջ այդ օրերուն հարկ եղած հնարաւորութիւնները չկային նման մեծ յուշարձան մը ստեղծելու համար։ Այժմ Քորքովատօն եւ Յիսուս Փրկիչին արձանը Ռիոյի ամէնէն շատ այցելուած վայրն է: 2007-ին արձանը կը նշանակուի արդի աշխարհի նոր եօթը հրաշալիքներէն մէկը[2]:

1965-ին արձանը անգամ մը եւս օծուած է Հռոմի Պօղոս Զ. պապին կողմէ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]