Քափոէյրա Երաժշտութիւն
Քափոէյրա երաժշտութիւն․ Երաժշտութիւնը Քափոէյրայի աւանդութեան անբաժանելի մաս մըն է։ Երաժշտութիւնը եւ արտայայտիչ երգերը ուժ եւ ներդաշնակութիւն կը հաղորդէ մարտախաղին։ Քափոէյրային երգերը կը պատմեն պրազիլիայի եւ քափոէյրայի պատմութիւնը ժամանակաշրջաններուն ընթացքին։
Երաժշտական գործիքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Berimbau» Berimbau-ն քափոէյրային մէկ մասն է։ Ան «ռոտա»ն (roda) կ՛առաջնորդէ եւ կեանք կու տայ քափոէյրիստներուն՝ քափոէյրա խաղացողները իրենց զիրենք այդպէս կ՛անուանեն։
«Pandeiro»
«Pandeiro»ն վաւերական ափրիկեան երաժշտական գործիք մըն է։ Ան կը համարուի տօնային, քանի ան կ՛արտադրէ ցած, միջին եւ բարձր հնչերանգներ։
«Atabaque»
«Atabaque»ը յայտնի ափրիկեան գործիք մըն է։ Փորթուկալացիները այս երաժշտական գործիքը գաղթօճախութեան շրջանին ափրիկէէն Պրազիլիա բերած են։ Ան օգտագործուած է տարբեր կրօնական արարողութիւններու եւ տօնակատարութիւններու ժամանակ։
«Agogo»
«Agogo»ն կ՛օգտագործուի պրազիլիայի կրօնական արարողութիւններուն ընթացքին։ Ծագումը Ափրիկէէն է եւ իր անունը կը նշանակէ «զանգ»։
«Reco-reco»
«Reco-reco»ն մետաղէ, կամ շամբէ, կամ ալ փայտէ շինուած է։ Շատ կարեւոր ափրիկեան եւ պրազիլիական գործիք մըն է։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Atabaque
-
Berimbau Samba de Roda
-
Pandeiro
-
Agogo
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Քափոէյրայի երաժշտութիւնը (անգլերէն)
- ↑ «Քափոէյրայի երաժշտութիւնը եւ երաժշտական գործիքները (անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-06-29-ին։ արտագրուած է՝ 2023-06-29
- ↑ Բրիդանիքա հանրագիտարան, քափոէյրա․ նկարագրութիւն, մարտարուեստ, պատմութիւն (անգլերէն)