Jump to content

Քափոէյրա

մենամարտ, մարտարուեստ

Քափոէյրան պրազիլիական մարտարուեստ է։ Ան ծագած է գաղթօճախութեան շրջանին, ափրիկէէն բռնի բերուած ստրուկներէն, որոնք կ'ապրէին Պրազիլ։ Քափոէյրան երկու տեսակ է, «Տեղական» եւ «Անկոլա»։ Խաղը կ'ըլլայ ռոտայի մէջ (roda շրջան)։ Մասնակցողները կ'երգեն, իւրայատուկ երաժշտական գործիքներ կը նուագեն եւ շրջանակ կազմած անոր կեդրոնը Քափոէյրա կը խաղան։

26 Նոյեմբեր 2014-ին քափոէյրա կ'արձանագրուի որպէս Եունեսքոյի մշակութային անշօշափելի ժառանգութեան բացառիկ վիճակ։

Քափոէյրա, Սաո Փաոլօ, Պրազիլիա 2009

Երաժշտութիւնը Քափոէյրայի աւանդութենէն անբաժանելի մաս մըն է։

(Տե՛ս Քափոէյրա Երաժշտութիւն )

Երաժշտական գործիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երաժշտկան գործիքներն են՝ «Berimbau», «Pandeiro», «Atabaque», «Agogo», «Reco-reco»։

Մանրամասութիւններու համար, տե՛ս Քափոէյրա Երաժշտութիւն։

Mestre Bimba group, 2022

Պրազիլը Լատին Ամերիկայի առաջին երկիրն էր, որ նուաճեցին փորթուկալացիները 1530-ին։ Անոնք նաեւ ստրուկներ բերած էին Ափրիկէէն Պրազիլ։

Ստրուկները Պրազիլ բերելու համար օգտագործուած  են երեք նաւահանգիստներ՝ Բայա, Ռեսիֆէ եւ Ռիօ տէ Ժանեյրօ։ Այս վայրերուն մէջ հետազօտողները որոնած են քափոէյրայի ափրիկեան-պրազիլական մարտարուեստի ծագումը։ Քափոէյրան ստեղծուած է, որպէսզի մարդիկ անզէն ինքնապաշտպանուին։ Ասիկա որպէս գաղտնիք եղած է, քանի որ ան պարի կը նմանի։

Վարպետ Կոմբրա Մանսա քափոէյրայի բատերիան կ'առաջնորդէերաժշտական գործիքներ։ Berimbau, Pandeiro

Փորթուկալցիները սկսան որպէս ստրուկ օգտագործել տեղացի բնակիչները, այսինքն հնդիկները։ Հնդիկներուն մեծ մասը չուզեց փորթուկալացիներուն կանոններուն հետեւիլ, եւ հետեւաբար, փախաւ դէպի պրազիլի անմատչելի տեղերը։ Երբ ստրուկները հաւաքուեցան աւելի գաղտնի եւ թաքնուած վայրեր, անոնք ստեղծեցին խումբ մը, «գայլոմբուշ» անունով։ Գայլոմբուշը անկախ ապրող մարդոց հաւաքականութիւն մըն էր, որ մեծ դեր կատարած է քափոէյրայի ստեղծումին համար։ Անոնք անդադար դուրսէն յարձակումներու ենթակայ ըլլալով, քափոէյրան կը զօրանար։ Այս պատճառաւ քափոէյրան աստիճանաբար վերածուեցաւ վտանգաւոր կռիւի, այլեւս պարի չէր նմաներ։

Տեղական օրէնսդիր մարմիններն աշխատեցան մօտաւորապէս 400 տարի ջնջելու քափոէյրան, որ կը համարուէր փողոցային պայքար։ Քափոէյրիստները ստիպուեցան աւելի շատ լարախաղային շարժումներ դնել քափոէյրային մէջ։ Կամաց-կամաց պարզ կ'ըլլայ, որ քափոեյրան, գայլոմբուշէն ետք տարածուեցաւ բնակչութեան շրջանակներուն մէջ։

Քափոէյրայի նշանաւոր անձնաւորութիւններն են վարպետ Բիմբան (Մանուել Դուշ Ռեյշ Մաշադու) եւ վարպետ Պաշտինա (Վիսենտէ Ֆերեյրա)։

Քափոէյրա վարժութիւնը

Վարպետ Բիմբա ժամանակակից քափոէյրայի հիմնադիրն է։ Ծնած  է 1900-ին Սալվատորի Բայա քաղաքը։ Բիմբան ստեղծած է «Լուդա Ռեճիոնալ Բայանա», որ յայտնի է իբրեւ «Քաբոէյրա Ռեճիոնալ» (Տեղական Քափոէյրա)։ 1932-ին Բիմբան հիմնեց պատմութեան մէջ առաջին պաշտօնական քափոէյրա դպրոցը։ Ի վերջոյ, բոլոր տառապանքներէ անցնելէ ետք քափոէյրան պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Պրազիլի մէջ 1937-ին։

Վարպետ Պաշտինա ծնած է 1889-ին եւ մահացած 1982-ին։ Պաշտինա ստեղծեց «Անկոլա» քափոէյրան։ «Քափոէյրա Անկոլա»ին մէջ շարժումները  աւելի դանդաղ են։ Երբ  վարպետը 21 տարեկան դարձաւ, ան որոշեց որ արուեստի կերպով մօտենայ քափոէյրային։ Ան յայտնի է նաեւ իբրեւ փիլիսոփայ եւ նկարիչ։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]